ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները եօթը քաղաքներու մէջ (Հրազդան, Աբովեան, Գիւմրի, Սպիտակ, Վանաձոր, Արտաշատ, Կապան) հանդիպումներ ունեցած են մեր ընկերներու եւ համակիրներուն հետ: Այս մասին գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Խօսած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, անվտանգութեան խնդիրներուն եւ ներքաղաքական հարցերուն մասին:
«Քննարկած ենք մեր ընելիքները, մասնաւորապէս, դիմադրութեան ձեւաւորման աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուելիք ծրագիրները:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին կը ծրագրենք հանդիպումներ կազմակերպել բոլոր քաղաքներուն մէջ:
«Համազգային դիմադրութեան ձեւաւորումը այլընտրանք չունի», գրած է Սաղաթէլեան: