Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ «Համահայկական Երիտասարդական Դիմադրութիւն» Շարժման Առցանց Հաւաքը

January 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 16 յունուար 2022-ին տեղի ունեցաւ «Համահայկական երիտասարդական դիմադրութիւն» շարժումի առցանց ընդհանուր հաւաքը, որուն մասնակցեցան 20 երկիրներէ շարժումին միացած 70-է աւելի երիտասարդական կազմակերպութիւններ` շուրջ 115 ներկայացուցիչներով: Վերջիններս տարբեր ոլորտներու մէջ գործող (քաղաքական, եկեղեցական, կրթամշակութային, բարեսիրական, մարզական, ուսանողական..) եւ տարբեր հայեացքներ ունեցող կազմակերպութիւններ են, որոնք համախմբուած են շարժումի տեսլականին, նպատակներուն եւ օրակարգին շուրջ:

Հանդիպումին բանախօսն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանը: Ան կարեւոր նկատելով արտաքին թշնամիին հանդէպ վրէժի ոգիով առաջնորդուիլը եւ ազգային արժանապատուութեան վերականգնումը` հրամայական նկատեց պատերազմի վախէն ձերբազատիլը, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան գաղափարականացումը, որուն շնորհիւ պիտի յառաջանայ համատարած ժողովրդական պոռթկումը:

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Արշակ Մեսրոպեան ներկայացուց դիմադրութեան շարժման պայքարի 5 հիմնական ուղղութիւններն ու յառաջիկայ աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին:

Յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում: Շեշտը դրուեցաւ աշխատանքները Արցախի եւ Սիւնիքի  մէջ կեդրոնացնելու եւ սփիւռքեան համայնքներու երիտասարդութիւնը դիմադրութեան գաղափարին շուրջ կազմակերպելու վրայ:

Հայ երիտասարդութիւնը չի հանդուրժեր եւ չի համակերպիր այսօրուան իրականութեան հետ: Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան ցանցը օրէ օր կ՛ընդլայնի եւ իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը պիտի կեդրոնացնէ ներկայ իրավիճակը ճշդելու ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Լորտերու Պալատին Մէջ Անդրադառնալով Արցախի Հարցին` «Ազրպէյճան Կը Խախտէ 2020 Թուականի Զինադադարի Պայմանները» Կ՛ըսէ Քոքս

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Կան Հիմքեր Կասկածելու, Որ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Թափանցիկ Չէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.