Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.»-ին Կը Բացայայտէ ՀՅԴ-ի Ընտրական Ուղղուածութիւնը

Յունուար 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՊՐԻԷԼ ՄԸՐԱՏ

ՀՅԴ-ն ի՞նչ աշխատանքի մէջ է: Հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին` մեկնելով իր դաշինքներէն, որոնք ցուցանիշներ կը նկատուին անոր մասնակցած ընտրաշրջաններուն մէջ արձանագրուելիք արդիւնքներուն: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս շրջանին լուռ է, նոյնիսկ եթէ անոր մեքենաները կը գործեն ծառայողական եւ քաղաքական մակարդակներով:

1890-ին հիմնուած կուսակցութիւնը կը նկատուի լիբանանահայութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը, սակայն ժողովրդային եւ քաղաքական այս ծանրութիւնը միշտ ալ չի թարգմանուիր իբրեւ ներկայացուցչական կշիռ` խորհրդարանին մէջ:

Այս իրականութեան պատճառը հիմնականին մէջ ընտրաշրջաններու բաժանումն է, որ հայկական քուէն լուծած է ոչ հայկական քուէներուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ իբրեւ օրինակ կարելի է նշել 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները, երբ Հարիրիի ընտրացանկերուն մէջ ներառուեցան Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններուն թեկնածուները, որոնք խորհրդարանին մէջ պարտադրուեցան` սիւննիական քուէներուն մեծամասնութեամբ:

2005-էն սկսեալ ՀՅԴ-ն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընտրեց իբրեւ հիմնական դաշնակից, որուն հիմամբ ալ մաս կազմեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, նախագահութեամբ` զօր. Միշել Աունի, որուն նախագահութիւնը տեւեց մինչեւ 2018: Իսկ վերջին ընտրութիւններէն ետք, ՀՅԴ-ն մաս կազմեց Հզօր Լիբանան համախմբումին, նախագահութեամբ` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ՀՅԴ-ի դիրքաւորման եւ նոր դաշնակիցներ ունենալու հաւանականութեան մասին հարցադրումները արդէն իսկ սկսած են պարտադրել իրենք զիրենք:

Այս մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին կը յայտնէ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընտրական դաշինքներ գոյացնելու իմաստով բաց է քաղաքական բոլոր ուժերուն հանդէպ եւ կը սերտէ ընտրական դաշինքներ կազմելու բոլոր հաւանականութիւնները:

Ան կը շեշտէ, թէ ընտրական դաշինքները կը տարբերին քաղաքական դաշինքներէն` աւելցնելով, որ ընտրական դաշինքներուն նպատակն է կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններ հասցնել խորհրդարան, «ինչ որ իւրաքանչիւր կուսակցութեան եւ պլոքի իրաւունքն է», կ՛ըսէ ան:

Հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ընտրամեքենայի պատասխանատուները կը սերտեն բոլոր կարելիութիւններն ու հաւանականութիւնները, քուէներու համեմատութիւններն ու վարկանշային քուէները:

Իսկ այն հարցումին, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ե՞րբ պիտի որոշէ իր դաշնակիցները, Յ. Բագրատունի կը բաւարարուի պատասխանելով. «Տակաւին ժամանակ կայ»:

Ճիշդ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայկական կուսակցութիւններուն մէջ միակն էր, որ կրցաւ իր թեկնածուները յաջողցնել, սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները փաստեցին, թէ ոչ հայկական կուսակցութիւնները եւս անոր մրցակից դարձած են ընտրական խաղին մէջ` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի մէջ Ժան Թալուզեանն ու Փոլա Եագուպեանը, իսկ Զահլէի մէջ Էտի Տեմիրճեանը յաղթանակ արձանագրեցին:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը Հիւսիսային Մեթնի մէջ, իսկ Յակոբ Թերզեանն ու Ալեքսանտր Մաթոսեանը Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ յաղթանակ արձանագրեցին:

Արդեօք ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր երեսփոխանները պիտի պահէ՞, թէ՞ կ՛ուղղուի զանոնք փոխելու:

Յ. Բագրատունի կը հաստատէ, որ տակաւին ոչ մէկ որոշում տրուած է այս իմաստով. ո՛չ որոշուած է զանոնք պահել, եւ ո՛չ ալ փոխել` նոր թեկնածուներով: Սակայն յստակ է, որ ՀՅԴ-ն երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Պէյրութի, Զահլէի եւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ, ինչպէս նաեւ կը սերտէ քուէարկողներ ունեցած շրջաններուն պարզած իրավիճակը:

Հակառակ քաղաքական կարգ մը այլ ուժերու եւ կուսակցութիւններու, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէ անտեսած արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան իրաւունքը, այլ` յաջողած է տարբեր շրջաններու մէջ մղել, որ 3000 լիբանանահայեր արձանագրուին ընտրութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ աշխատանքը կը շարունակուի` քաջալերելու բոլորը, որպէսզի մասնակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ուրեմն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ներքին քննարկումները կը շարունակէ, եւ մինչեւ վերջնական սպիտակ մուխը բարձրանալը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ հաղորդակցութիւններու, քննարկումներու, հանդիպումներու եւ այցելութիւններու բոյն մը:

Շարժում մըն է, որ ՀՅԴ-ի համար սիրելի է, եւ անոնք գիտեն լաւ կերպով եւ լաւագոյն միջոցներով խաղալ այդ խաղը:

Նախորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

Յաջորդը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Այս Տարի Պիտի Սկսին Իգտիր-Նախիջեւան Կազատար Խողովակի Շինարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?