Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Կազմը Քաղաքապետին Գլխաւորութեամբ Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

December 9, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի կազմը: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, քաղաքապետական խորհուրդը կը բաղկանայ 21 անձերէ` մեծամասնութիւնը Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացնող:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, յանուն քաղաքապետարանին, վեհափառ հայրապետին յանձնեց Լիբանանի մայրին ներկայացնող յուշանուէր մը: Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան: Նախ եւ առաջ ան ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ քաղաքապետութեան նախաձեռնած ժողովրդային տուներու ծրագիրին կաթողիկոսութեան կողմէ 4,5 միլիոն տոլարի մասնակցութիւն բերելով` վերակենդանացուցած էր ծրագիրը, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ: Գրիգորեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու զարգացման նպաստող շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրագործումը շուտով պիտի սկսի` օժանդակութեամբ կարգ մը պետութիւններու ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու: Ապա, խօսք առաւ փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանը: Ան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ ընդգծեց քաղաքապետութեան նախաձեռնած յիշեալ ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը:

Արտասանուած խօսքերէն ետք, վեհափառ հայրապետը հայրապետական ու հայրական սիրով ողջունեց ներկաները: Ան վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը Պուրճ Համուտի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, քաղաքապետութեան կազմին եւ պաշտօնէութեան, իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ, թէ այսօր չկայ հայ մը, որ լսած չէ Պուրճ Համուտի մասին: «Պուրճ Համուտը հոմանիշ է հայութեան ներկայութեան. հոմանիշ է համայնքներու համակեցութեան, ինչպէս նաեւ հետզհետէ զարգացող շուկայի: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատուկ խնամք տարուի շրջանին նկատմամբ, ամէն իմաստով: Ուրախ եմ, որ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման աշխատանքին լծուած է քաղաքապետութիւնը: Շրջանին մէջ ապահովութիւնը, կարգապահութիւնը, մաքրութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտութիւն են», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Նախորդը

60-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն` «Բագին» Գրական Պարբերաթերթի

Յաջորդը

Էրտողան. «Ֆրանսան Կը Վնասէ Հայաստանին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.