Անցեալ շաբաթավերջին հարաւային սահմանագիծն ու սահմանամերձ լիբանանեան գիւղաքաղաքները բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, իսկ իսրայէլեան օդուժը կէսօրին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Արեւմտեան Պեքաայի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ` ճեղքելով ձայնի պատը:
Դիմադրութիւնը իր կարգին բազմապատկեց իսրայէլեան բանակին դէմ կատարած իր զինուորական գործողութիւնները:
Երէկ առաւօտեան ժամը 10:10-ին, իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի Եարուն եւ Քաունին շրջանները ենթարկեց ռմբակոծումի, ինչպէս նաեւ մնայուն թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Միւս կողմէ, երեկոյեան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց թիւ 26/2023 հրամանագիրը, որուն հիմամբ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական դպրոցները, համալսարաններն ու արհեստից դպրոցները այսօր` երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2023-ին փակ պիտի մնան:
Միքաթի այս որոշումը կայացուց` ընդառաջելով Կազայի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան համաշխարհային կոչին:
Միւս կողմէ, իր կարգին Դրամատուներու միութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ այսօր Լիբանանի բոլոր դրամատուներուն դռնեը կը մնան փակ` առ ի զօրակցութիւն պաղեստինցի ժողովուրդին:
Առաւօտեան ժամը 10:35-ին, իսրայէլեան հրետանին հրետակոծեց Այթա Շաապ, Եարուն, Այթարուն, Քաունին եւ Մհայպիպ գիւղաքաղաքները:
Կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Շքիֆը, Համամեսի բարձունքները, Հըլթան, Խիամը եւ Քֆարքիլան:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Պայատն ու Մէյս Էլ Ժապալը, ինչպէս նաեւ Քֆարշուպան, Եարունը, Մարուն Ռասը, Հապպարիէն, Խիամն ու Այթարունը:
Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ առաւօտեան ժամը 10:00-ին համապատասխան զէնքերով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Ժալ Օլամ զինուորական դիրքը:
Հըզպալլայի մարտիկները անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում մը գործեցին եւ ռմբակոծեցին իսրայէլեան Եաարա զօրանոցը եւ մեծ թիւով զինուորներ թիրախ դարձուցին:
Յետմիջօրէին Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Զըպտինի եւ Ռուէյսեթ Ալամի իսրայէլեան զինուորական դիրքերը:
Աւելի ուշ Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին Ռամթայի, Ապատի, Հաունին բերդի եւ Պըրքեթ Ռիշայի մէջ գտնուող իսրայէլեան զինուորական խմբաւորումները` պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Շաբաթ օր եւս Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները ստացան բուռն բնոյթ, անոնց ընթացքին թշնամի Իսրայէլ հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի բնակելի վայրերը, ինչպէս, Այթա Շաապ, Ատայսէ, Քֆարշուպա, Ուազզանի, Մերժահիուն, Թէյր Հարֆա, Պլիտա, Ֆարտիս, Քֆարհամամ, Համուլ, Ռաս Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Պանի Հայյան եւ Մհայպիպ շրջանները:
Իսրայէլեան ռմբակոծումները արձանագրեցին նիւթական հսկայական վնասներ` քանդելով բնակարաններ եւ վաճառատուներ:
Իսրայէլեան ուժեր շաբաթ օր ռմբակոծեցին նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու դիրքը: Այս ծիրին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը հետաքննութիւն բացած են Մթըլլէի հանդիպակաց Իպըլ Քամըհ շրջանին մէջ իրենց դիրքերէն մէկուն իսրայէլեան ռմբակոծումի թիրախ դառնալուն գծով:
Թինընթի յայտնեց, որ Խիամի եւ Ուազզանիի հովիտներուն միջեւ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ին պատկանող սպանական կեդրոնի հսկողութեան աշտարակը վնասուած է, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Դիմադրութիւնը իր կարգին թիրախահար, հակահրասայլային եւ երբեմն նաեւ համապատասխան հրթիռներով շարունակեց ռմբակոծումի թիրախ դարձնել իսրայէլեան զինուորական դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Այս շրջագիծին մէջ, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մըսքաֆաամի, Պրանեթի, Ժալ Օլամի, Ռուէյսեթ Ալամի, Պըրքեթ Ռիշայի, Աւիւիմի, Համրայի, Մթըլլէի, ծովային Նաքուրայի, Պաղտատիի, Սըմմեքայի եւ Ռամիայի դիրքերը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Ալի Տաքտուք, Ալի Իտրիս Սալման, Հիւսէյն Իսամ Թահա եւ Հասան Քամալ Սրուր միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


