Գլխաւոր լուրեր

«3+3» Ձեւաչափով Թեհրանի Հանդիպումին  9 Կէտէ Բաղկացած Միացեալ  Յայտարարութիւն Որդեգրուած Է

«3+3» Ձեւաչափով Թեհրանի Հանդիպումին 9 Կէտէ Բաղկացած Միացեալ Յայտարարութիւն Որդեգրուած Է

Թեհրանի մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումի աւարտին Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները որդեգրած են 9 կէտերէ բաղկացած միացեալ յայտարարութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «1.- Հաշուի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը` ընդգծուած է վէճերու խաղաղ կարգաւորման,...

Իրանը Յայտարարած Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Վէճերը Լուծելու  Պատրաստակամութեան Մասին

Իրանը Յայտարարած Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Վէճերը Լուծելու Պատրաստակամութեան Մասին

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Հանդիպումին ան յայտարարած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` լուծելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վէճերը, կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Միրզոյեանն ու Ռայիսին քննարկած են շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Իրանի նախագահը նշած է, որ երկու դրացի եւ բարեկամ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային  Իշխանութիւններուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւններուն Հետ

Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում «Սփիւռքի տարուան» շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2023-ին, ընթացք առաւ լիբանանահայ թեմական եւ համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներուն շարքը` «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» խորագրեալ: Արդարեւ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ պիտի հանդիպի Ազգային իշխանութեան, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականութեան, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց...

Իսրայէլեան Ուժերը Անօդաչու Թռչող Սարքերով  Կը Ռմբակոծեն Հարաւային Լիբանանը

Իսրայէլեան Ուժերը Անօդաչու Թռչող Սարքերով Կը Ռմբակոծեն Հարաւային Լիբանանը

Հարաւի Մէջ Միքաթի Կը Հաստատէ Լիբանանի Յանձնառութիւնը Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան   Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն շարունակած սպանդներուն եւ պատերազմական ոճիրներուն կողքին Հարաւային Լիբանանը կը մնայ թիրախ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին միջազգային օրէնքով արգիլուած ֆոսֆորային ռումբեր: Հարաւային սահմանագիծին գնդակոծումը երէկ շարունակուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կը ռմբակոծեն այն շրջանները, ուրկէ իրենց զինուորական կեդրոնները, հրասայլերը, զրահապատներն ու զինուորական...

Հըզպալլան Մաքրոնի` Իսրայէլի Մէջ Ունեցած  Հանդիպումներուն Ընթացքին Առաջնային Տեղ Գրաւեց

Հըզպալլան Մաքրոնի` Իսրայէլի Մէջ Ունեցած Հանդիպումներուն Ընթացքին Առաջնային Տեղ Գրաւեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ այցելեց Թել Աւիւ, ուր յայտարարեց «Ֆրանսայի աջակցութիւնը Իսրայէլին», եւ շեշտեց. «7 հոկտեմբերին իսրայէլեան հողերուն վրայ Համաս շարժումին գործադրած արիւնալի յարձակումէն ետք սուգը կը միաւորէ երկու երկիրները»: Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ իր յայտարարութեան մէջ աւելցուց. «Մեր քաղաքացիներէն 30-ը սպաննուեցան, եւ տակաւին ինը ուրիշներ անհետ կորսուածներուն կամ պատանդներուն մէջ են: Թել Աւիւի մէջ անոնց ընտանիքներուն յայտնեցի ազգի...

Ակնարկ.  3+3-1

Ակնարկ. 3+3-1

Արցախեան վերջին միօրեայ պատերազմէն ետք կարելի է արձանագրել, որ եռակողմ յայտարարութիւնը չեղեալ նկատուած է: Եռակողմի ամբողջ հանգոյցը 9-րդ կէտն է, այլ խօսքով` տարածաշրջանի ապաշրջափակումը: Եռակողմը հրադադարի յայտարարութեան սահմաններէն շատ հեռու գացած է եւ անցած տնտեսաքաղաքական նոր յարաբերութիւններու, առանց անուանապէս յիշելու, ըստ էութեան սակայն ներգրաւելով տարածաշրջանային ուժեր` Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն, Ռուսիայէն եւ Ազրպէյճանէն: Մէջբերենք 9-րդ կէտը. կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ...

«3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Յաջորդ Հանդիպումը Տեղի  Պիտի Ունենայ 2024-ին Թուրքիոյ Մէջ

«3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու Յաջորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 2024-ին Թուրքիոյ Մէջ

«3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ 2024 թուականի առաջին կիսուն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը: «Այդ ամէնը պիտի համակարգեն մեր թուրք գործընկերները, որոնք պիտի հիւրընկալեն նախարարներու երկրորդ հանդիպումը, որ նախատեսուած է յաջորդ տարուան մօտաւորապէս առաջին կիսամեակին», ըսած է ան լրագրողներուն:  

Հայաստանն Ու Ֆրանսան Պաշտպանութեան  Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան  Փաստաթուղթեր Ստորագրեցին

Հայաստանն Ու Ֆրանսան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Փաստաթուղթեր Ստորագրեցին

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը այցելած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած իր ֆրանսացի գործընկերոջ` Սեպասթիեն Լըքորնիւի հետ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Ըստ հաղորդագրութեան, ամփոփուած են 2022 թուականի սեպտեմբերին եւ այս տարուան յունիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն հիմամբ ձեռք...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը  Կը Շարունակէ Ենթակայ Մնալ Բախումներու

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Ենթակայ Մնալ Բախումներու

Լիբանանի Մէջ 20 Հազար Բնակիչ Ներքին Տեղահանութեան Մատնուած Է Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին: Գնդակոծութիւնը մերթ «աշխուժ» թափ կը ստանայ եւ մերթ աւելի «մեղմ» թափ` ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրելով անակնկալներ: Երէկուան անակնկալը այն էր, որ յետմիջօրէին Դիմադրութեան մարտիկները հարաւային Լիբանանէն անօդաչու թռչող սարք մը ուղարկեցին Իսրայէլ: Անօդաչու թռչող սարքը հասաւ Աքքայի վերեւ, ուրկէ վար...

Ընդառաջելով Ուաշինկթընի Խնդրանքին`  Իսրայէլ Կազայի Մէջ Ցամաքային Գործողութիւնը  Յետաձգած Է Մինչեւ Յաւելեալ Ամերիկեան  Ուժերու Շրջան Ժամանումը

Ընդառաջելով Ուաշինկթընի Խնդրանքին` Իսրայէլ Կազայի Մէջ Ցամաքային Գործողութիւնը Յետաձգած Է Մինչեւ Յաւելեալ Ամերիկեան Ուժերու Շրջան Ժամանումը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն մտադիր է այսօր Իսրայէլ այցելել: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատին մէջ իր աղբիւրին: Մէկ օր առաջ յայտնի դարձած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին, Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռիւթէի եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի հետ: Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երէկ այցելեց Իսրայէլ: Ան շաբաթ օր Գահիրէի...

Յառաջիկային Իրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով  Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Մակարդակով Հանդիպո՞ւմ

Այսօր Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում

Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները 23 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ կրնան հանդիպիլ «3+3» ձեւաչափի ծիրին մէջ` քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի խնդիրները եւ փորձելու ընդլայնել շրջանային համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, տարանցիկ, ուժանիւթային եւ այլ հարցերու շուրջ: Այս մասին յայտնեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ Մոսկուան կը հաստատէ արտաքին գործոց նախարար...

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

Հաղորդագրութիւն` ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

Հայ օգնութեան միութեան Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններէն 11-էն 41 պատգամաւորներ, 10 պատգամաւորներ` 10 մեկուսիներէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը` 11 անդամներ, 11 հիւրեր` Արցախէն եւ շրջաններէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)` Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմ: Պատգամաւորական ժողովը...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Արցախը Մնայուն Ներկայութիւն` ՀՄԸՄ-ի Աշխատանքներուն Մէջ

2-7 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց. Ա.- Պահպանել Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Խորհրդանիշները ՀՄԸՄ ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է: Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը ան պահպանած է 70 տարի, երբ Հայաստան կորսնցուցած է իր...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները  Կ՛ընդարձակուին. Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդել  Լիբանանը, Եթէ Հըզպալլա Որոշէ  Պատերազմին Մաս Կազմել

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կ՛ընդարձակուին. Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդել Լիբանանը, Եթէ Հըզպալլա Որոշէ Պատերազմին Մաս Կազմել

Անցեալ շաբաթավերջին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին Լիբանանի բացակայութիւնը խիստ զգալի էր: Ճիշդ է, որ Լիբանան Եգիպտոսի մտերիմ երկիր կը նկատուի, եւ Եգիպտոս ուղղակիօրէն ու հետեւողական առնչութիւն ունի լիբանանեան տագնապներուն լուծման, սակայն այդ բացակայութիւնը ունեցաւ իր արձագանգները եւ մնաց անբացատրելի, հակառակ այն իրողութեան, որ վեհաժողովէն կարելի չեղաւ եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակել` արաբական եւ արեւմտեան կողմերուն տարակարծութիւններուն պատճառով: Անկախ վեհաժողովէն, Իսրայէլի...

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Պատերազմի Մագլցման Կարելիութիւն Կը Տեսնէ»

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Պատերազմի Մագլցման Կարելիութիւն Կը Տեսնէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս յայտնեց, որ Համաս իր մօտ գտնուող յաւելեալ գերիներ ազատ կ՛արձակէ: Ան նշեց «վերջին շրջանին Կազայի մէջ ջուրի մատակարարումներու վերականգնումը, եւ Ամերիկան մտահոգ է ոչ ըմպելի ջուրի սպառման հետեւանքով հիւանդութիւններու տարածումով»: Պլինքըն «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ին յայտնեց. «Ամերիկան Իրանի գործակատարներու արարքներուն պատճառով Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի մագլցումի կարելիութիւն կը տեսնէ. Ուաշինկթըն մագլցում չ՛ուզեր»: Յորդանանի Ապտալլա Բ....

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան, արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով: Նիստերուն կը մասնակցին` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ. Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շամմասեան, Խաչիկ...

Շահրամանեան. «Ոչ Մէկ Փաստաթուղթ Կրնայ  Լուծարել Ժողովուրդին Կողմէ  Ստեղծուած Հանրապետութիւնը»

Շահրամանեան. «Ոչ Մէկ Փաստաթուղթ Կրնայ Լուծարել Ժողովուրդին Կողմէ Ստեղծուած Հանրապետութիւնը»

Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ արցախցիներու ճնշման ներքեւ երէկ իր լռութիւնը խախտեց Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագիրը ստորագրած նախագահը` Սամուէլ Շահրամանեան, որ նշեց, որ ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ լուծարել ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը: Յայտնենք, որ խումբ մը արցախցիներ իբրեւ բողոք ներխուժած էին ներկայացուցչութիւն: «Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած չէ, ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը, ես ասոր պատասխանը պիտի...

Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ  Որդեգրած Է Արցախի Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ  Գործուած Ցեղային Զտումը Դատապարտող Բանաձեւը

Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Արցախի Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Գործուած Ցեղային Զտումը Դատապարտող Բանաձեւը

19 հոկտեմբերին Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղային զտումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին հաղորդած է Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: «Ազգային խորհուրդի նիստին պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցէր Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Պապիկեանը: «Բազմաթիւ երեսփոխաններ Ազրպէյճանը դատապարտող խօսքեր արտասանեցին` Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութեան կոչ ուղղելով սատարելու Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին:...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Նախաձեռնութեամբ Մարդասիրական Աջակցութիւն`  Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնութեամբ Մարդասիրական Աջակցութիւն` Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Արցախեան հայրենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100.000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն: Այս յանձնախումբի անդամներն են Անուշաւան արք. Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին), մեթր Ժիրայր Հապիպեանը (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու...

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ  Ռմբակոծումները Աշխուժ Թափով Ընթացան

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ռմբակոծումները Աշխուժ Թափով Ընթացան

Գերմանիա Եւ Ֆրանսա Կը Յորդորեն Լիբանանը Պատերազմին Մէջ Չներքաշուելու Մինչ տարբեր երկիրներն ու պետութիւնները կը շարունակեն իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն տուն կանչել եւ այլ քաղաքացիները յորդորել` Լիբանան չայցելելու, լիբանանցի ժողովուրդին մէջ խուճապի մատնուելու համեմատութիւնը կը բարձրանայ, եւ մարդիկ աւելի եւս կ՛ընկճուին, այլ խօսքով` մտահոգութեան թափը կը բարձրանայ եւ անհանգիստ մթնոլորտը կը պարտադրէ ինքզինք: Բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ կեանքը բնականոն կերպով...

Page 206 of 796 1 … 205 206 207 … 796

Արխիւներ