Իսրայէլեան բանակը երէկ աւելի բուռն կերպով շարունակեց հարուածել հարաւային Լիբանանը: Իսրայէլեան բանակը իր օդուժով եւ հրետանիով ռմբակոծեց Մանսուրի, Մաժտալզուն, Հաունին, Մըրուահին, Ռամիա, Մարուն Ռաս, Շիհին, Ռաշայա Ֆըխխար, Տհայրա, Քֆարշուպա, Հուլա, Մարքապա, Ատայսէ, Խիամ, Այթարուն, Պլիտա, Քֆարհամամ, Ֆարտիս, Հըպպարիէ, Լապպունէ, Մհայպիպ եւ Ռըպ Թլեթին շրջանները` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ, ինչպէս նաեւ ահ ու սարսափի մատնելով հարաւային Լիբանանի բնակիչները:
Կէսօրին «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Պաալպեքի վերեւ:
Երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին իսրայէլեան բանակը թիրախ դարձուց Այն Իպըլի լիբանանեան բանակի բուժարանը, ուր արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց հիւանդանոց` ստուգելու համար իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուած զինուորներուն առողջական վիճակը եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց անոնց` բարձր գնահատելով անոնց խիզախութիւնն ու զոհողութիւնը` իրենց ծառայութեան ընթացքին:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մալիքիէ զինուորական դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ, ինչպէս նաեւ սպաննելով երկու իսրայէլացի զինուորներ:
Կէսօրուան ժամը 12:00-ին Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծած են Մըսքաֆաամի իսրայէլեան դիրքը:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան զէնքերով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Խըրպեթ Մաայեր դիրքը, ինչպէս նաեւ «Պուրքան» տիպի հրթիռ արձակեցին Ռահեպ դիրքին վրայ:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ, Ռատար եւ Ապատ զինուորական կեդրոնները` պատճառելով հսկայական վնասներ:
Նշենք, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին միացաւ Հըզպալլայի մարտիկ Ահմետ Հիւսէյն Ալի Ահմետը:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ ողջունեց թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը` հաստատելով, որ այս բանաձեւին գործադրութեան առումով 2006-էն ի վեր Իսրայէլի կողմէ արձանագրուած են աւելի քան 30 հազար խախտումներ:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները պէտք է վերջ գտնեն, իսրայէլեան ուժերը ցամաքային սահմանագիծին վրայ վիճելի շրջաններէն նահանջեն, ինչպէս նաեւ Սուրիան ռմբակոծելու համար լիբանանեան օդային տարածքները չօգտագործուին:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուելիք օժանդակութիւնները հիմնական են` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու համար:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ օժանդակելու լիբանանեան կառավարական հաստատութիւններուն:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ իրեն այցելող դիւանագէտներն ու քաղաքական գործիչները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու մասին ոչինչ ըսած են:
Ան հաստատեց, որ երանի Իսրայէլ գործադրէ այդ բանաձեւը եւ նահանջէ Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն, Ղաժար գիւղաքաղաքէն, սահմանագիծին վրայ 13 վիճելի կէտերէն, այնպէս ինչպէս նշուած է «Պի 1» որոշումով:
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի վրայ յարձակում սանձազերծելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի շեշտեց, որ ինք իր ուժին քաջածանօթ է` աւելցնելով, որ Ամալ շարժումի տղաքը պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի պաշտպանեն հայրենիքը:
Նշենք նաեւ, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Տուպայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի հետ:
Հոքշթայն հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը ներկայիս սեղանի վրայ առկայ օրակարգի կէտ մը չէ:
Պու Սաապ նշեց, որ Հոքշթայնի հետ ունեցած է երկարատեւ հանդիպում մը, որուն լոյսին տակ համաձայնութիւն գոյացած է, որ սահմանային կայունութիւնը երաշխաւորող որեւէ լուծման նախաքայլը զինադուլն է:
Այս բոլորին զուգահեռ տիրական կը մնայ նաեւ այն իրողութիւնը, որ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու չմնալու Իսրայէլի պահուածքին պատճառով է, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ կը մնայ եւ հարաւային Լիթանիէն չի նահանջեր:


