Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Միրզոյեանն ու Քուլեպան միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային հարցերու շուրջ:
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը:
Քուլեպա «Էքս»-ի վրայ հանդիպումին մասին գրառում կատարած է` նշելով, որ Միրզոյեանի հետ քննարկած է Ուքրանիա-Հայաստան երկխօսութեան յառաջխաղացքը` ի շահ երկու ժողովուրդներուն:
«Ուքրանիան հանդէս կու գայ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքի հիման վրայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովէն մինչեւ Կասպից ծով շրջանային առեւտուրի եւ մշակութային նախագիծերու զարգացման օգտին», գրած է Քուլեպան` նաեւ գրառման կից հանդիպումէն տեսանիւթ հրապարակելով:


