Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կութիերես ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան 99-րդ Կէտին Հիմամբ Կազայի Հարցով Նամակ Մը Յղեց Ապահովութեան Խորհուրդին

Դեկտեմբեր 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է նախագիծ մը, որուն նպատակը Կազայի մէջ «մարդասիրական նկատառումներով» զինադադարի հաստատումն է:

Ներկայացուցչութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կոչ ուղղած են Կազայի մէջ մարդասիրական նկատառումներով զինադադար հաստատելու եւ չորեքշաբթի օր Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցին նախագիծ մը»:

«Կազայի մէջ կացութիւնը աղէտալի է եւ հասած անդառնալի կէտի, եւ մենք չենք կրնար աւելի սպասել», նշեց ներկայացուցչութիւնը` աւելցնելով. «(Ապահովութեան) խորհուրդը պէտք է վճռական կերպով գործէ մարդասիրական նկատառումներով զինադադար պահանջելու համար»:

ՄԱԿ-ի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցչութիւնը նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ապահովութեան խորհուրդին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կեանքի կը կոչէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 99-րդ յօդուածը, որ ընդհանուր քարտուղարին կ՛արտօնէ խորհուրդը զգուշացնել որեւէ հարցէ, որ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատէ:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ներկայացուցած նախագիծը կը վայելէ արաբական խմբակի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան աջակցութիւնը, եւ բարոյական ու մարդասիրական հրամայական կը նկատուի: Այդ օրինագիծին ճամբով բոլոր պետութիւնները կը յորդորենք աջակցելու ընդհանուր քարտուղար Կութիերեսի կոչին», նշեց ներկայացուցչութիւնը:

Կութիերես 2017-ին ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛օգտագործէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան թիւ 99 յօդուածը, որ ընդհանուր քարտուղարին իրաւասութիւն կու տայ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու որեւէ հարց, որ իր կարծիքով` «միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան» կը սպառնայ:

Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր երկու ամիսէ ի վեր Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ նիստ մը գումարէ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն, հակազդելով Կութիերեսի քայլին, յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին նստաշրջանը «համաշխարհային խաղաղութեան սպառնալիք» կը ներկայացնէ, եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան թիւ 99 յօդուածը կեանքի կոչելու անոր կոչը «Համաս կազմակերպութեան աջակցութիւն է»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային օրինականութեան կառոյցներու առաքելութեան համահունչ «խիստ անհրաժեշտ քայլ մը»:

Նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին դէմ «յարձակումն ու սադրանք»-ը, եւ զայն նկատեց ընդհանուր քարտուղարը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային օրէնքին եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքին հիմամբ իր դերը եւ առաքելութիւնը կատարելէ ետ կանգնեցնելու նպատակով «քաղաքական ահաբեկչութիւն»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պետութիւններուն ու միջազգային ղեկավարներուն կոչ ուղղեց զօրակցելու Կութիերեսի նախաձեռնութեան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւրոպացի անդամներուն եւ մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք` աջակցելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կազայի վերաբերեալ կոչին»:

«Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է անմիջապէս գործէ` կանխարգիլելու համար Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան ամբողջական քայքայումը», նշեց Պորել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 50 պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողքին կոչ ուղղեց` Կազայի մէջ միջազգային օրէնքը յարգելու եւ «մարդասիրական նոր, անմիջական եւ մնայուն զինադադար» հաստատելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Քոլոնա ըսած է. «Մինչ Կազայի քաղաքային բնակիչները համաճարակներու եւ սովի վտանգը կը դիմագրաւեն եւ անկարող են բժշկական խնամք ստանալ, ինչպէս նաեւ տեղահանման հետեւանքները կը կրեն, կացութեան ծայրայեղ վտանգաւորութիւնը կը պահանջէ ապահովել ջուրի, վառելանիւթի, դեղորայքի, սննդեղէնի եւ հիմնական ապրանքներու հասանելիութեան կարելիութիւնը»:

Քոլոնայի կարծիքով` ատիկա կը պահանջէ կարգ մը սահմանափակումները վերցնել եւ նոր սահմանային անցքեր բանալ, ինչպէս նաեւ գործադրել նոր զինադադար մը, «որ պէտք է մնայուն զինադադարի առաջնորդէ»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի հետ քննարկեցին Կազայի մէջ անոր զինուորական գործողութիւններուն ժամանակացոյցը»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալիվըն ըսած է. «Անոնց հետ խօսեցանք ժամանակացոյցին մասին: Չեմ ուզեր այդ մասին հիմա մանրամասնել, որովհետեւ Իսրայէլ իսկապէս ներկայացուց, մասնաւորաբար, իր ցամաքային գործողութեան դիրքը, եւ չեմ ուզեր ըլլալ այն անձը, որ ժամանակացոյցերը կը հրապարակէ»:

«Միայն պիտի ըսեմ, որ անոնց հետ խօսեցանք, թէ ի՛նչ կը մտածեն տեւողութեան մասին, եւ ատիկա որքանո՛վ համահունչ է այս հարցը լուծելու համար երկարատեւ ռազմավարութեան մը, որ պարզապէս զինուորական միջոցներու կիրարկումէն անդին է», աւելցուց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ընդդիմանան անվտանգութեան որեւէ գօտիի ստեղծման, եթէ ատիկա Կազայի սահմաններէն ներս է: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ դէմ է պատերազմէն ետք Կազայի տարածքի կրճատման եւ պիտի մերժէ Կազայի մէջ անվտանգութեան որեւէ գօտիի ստեղծումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ կը հասկնայ, որ Կազայի մէջ զինուորական մեծ գործողութիւններու աւարտէն ետք անցումային ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, եւ նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է Կազայի մէջ յետպատերազմեան կացութեան որեւէ կտրուկ լուծում մը ճշդելու, եւ չի կրնար անմիջապէս ճշդել պատերազմական մեծ գործողութիւններու աւարտէն ետք անցումային ժամանակաշրջանի տեւողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ կը քննարկէ պատերազմէն ետք Կազայի կացութիւնը` ընդգծելով, որ պաղեստինցիներուն անվտանգութիւնը չերաշխաւորող կացութիւն մը պիտի չընդունի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներ ծագած են եւ ահաբեկչական յարձակումներ տեղի ունեցած, սակայն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 7 հոկտեմբերին, դժբախտաբար կը շարունակուի: Չկան յոյսի ցուցանիշեր, թէ անիկա մօտիկ ապագային վերջ կը գտնէ»:

«Միացեալ Նահանգներ ներկայ կացութիւնը հրահրեցին, եւ ինքնագլուխութեան քաղաքականութեան անզուսպ կիրարկումը աննախադէպ աղէտի յանգեցուց, եւ ինչպէս վերլուծաբաններն ու քաղաքական փորձագէտները համակարծիք են, յոյս չկայ, որ ատիկա մօտիկ ապագային կ՛աւարտի», ըսաւ Զախարովա:

Միւս կողմէ, պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն պահանջեցին փոխան պատերազմի ընդլայնման վտանգին դիմելու, հուսիներուն հակադարձելը ամերիկեան բանակին ձգելու»:

Ապտոլլահեան. «Յառաջիկայ Օրերը
Իսրայէլի Համար Շատ Ահաւոր Պիտի Ըլլան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Համաս մինչեւ հիմա ուժեղ կերպով հակադարձեց իսրայէլեան գոյացութեան յարձակումին»:

Ան յայտնեց, որ իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումը` նշելով. «Այս կշռոյթով յառաջիկայ օրերը իսրայէլեան գոյացութեան համար շատ ահաւոր պիտի ըլլան»:

Երկու նախարարները դատապարտած են Իսրայէլի` Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ կիներու եւ մանուկներու դէմ գործադրած ոճիրները, եւ կոչ ուղղած են` միջազգային ընտանիքին կողմէ անմիջական քայլերու որդեգրման ճամբով անմիջապէս դադրեցնելու «պատերազմական ոճիրները, ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքի աղաղակող խախտումները: Անոնք շեշտած են, որ պէտք է պաղեստինցի ժողովուրդին լայն տարողութեան մարդասիրական օժանդակութիւններ ղրկել:

Իրանի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները զօրակցութիւն յայտնեցին Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ջանքերուն` իրենց հետաքրքրութիւնը յայտնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Կազայի եւ Այսրյորդանանի զարգացումներուն վերաբերեալ առաջարկուած նախագիծով` իբրեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ խնդիրի քաղաքական լուծման ուղղութեամբ քայլ:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Մենք Չենք Կրնար Արտօնել, Որ Փութինը Յաղթէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?