Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Պաղեստինեան Իշխանութեան Հետ Պատերազմի Հաւանականութեան Կը Պատրաստուինք»

December 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է. «Պաղեստինեան իշխանութեան հետ պատերազմի հաւանականութեան կը պատրաստուինք»:

«Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Համասի միջեւ Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ գործակցութեան պարագային որջերու շրջման բեմագրութիւնը սեղանի վրայ է», նշեց Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը նախքան այդ յայտնած էր. «Կազան պատերազմէն ետք իսրայէլեան զինուորական վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ»:

«Պատերազմէն ետք Կազայի մէջ քաղաքային վարչութիւն պիտի յառաջացնենք, եւ անիկա Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեամբ պիտի վերականգնուի», նշած էր Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը մէկ օր առաջ Քնեսեթի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ժողովի ընթացքին յայտարարած էր. «Համաս շարժումին ու Պաղեստինեան իշխանութեան տարբերութիւնը այն է, որ Համասը կ՛ուզէ մեզ հիմա ոչնչացնել, իսկ իշխանութիւնը կ՛ուզէ այդ ոչնչացումը փուլային ձեւով կատարել: Պատերազմին յաջորդող օրը Իսրայէլ Կազայի մէջ անվտանգութեան միակ պատասխանատուն պիտի ըլլայ»:

Անոր համաձայն, Կազայի մէջ Իսրայէլի յետպատերազմեան ծրագիրը պիտի ներառէ շրջանին եւ անոր մերձակայքին միջեւ անվտանգութեան գօտի մը, իսկ Կազայի վերակառուցումը պիտի ֆինանսաւորուի Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Նեթանիահուի` Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ հռետորաբանութեան մագլցումին լոյսին տակ հետզհետէ աւելի համոզուած է, որ ան իր նախընտրական քարոզչութեան սկսած է:

«Ասիկա կառավարութեան մակարդակի գործելաոճ չէ: Անիկա հիմնականին մէջ կը հնչէ վարչապետին կողմէ, եւ շատ հետաքրքրական է», ըսած է պաշտօնատարներէն մէկը` շեշտելով. «Նեթանիահուի դրդապատճառներուն փոխան անվտանգութեան շահերուն քաղաքական շահերուն առնչուիլը (Իսրայէլի) վարչապետին նկատմամբ Ուաշինկթընի մէջ հետզհետէ աճող հիասթափութիւնը կը բացայայտէ»:

«Նոյնպիսի մէջբերումներով խօսքեր նախապէս եւս այս ամսուան ընթացքին լոյս տեսած են եբրայական լրատուամիջոցներու մէջ, ինչ որ կ՛ամրապնդէ Ուաշինկթընի մէջ այն կարծիքը, թէ Նեթանիահու ընտրապայքար կը մղէ»:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ «Պաղեստինեան դատին Յորդանանի հաշուոյն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ»` նշելով. «Յորդանանը ինքնավստահ է եւ ուժեղ իր ժողովուրդի զգօնութեամբ, բանակի եւ անվտանգութեան մարմիններու հզօրութեամբ»:

Ապտալլա Բ. թագաւորը միացեալ սպայակոյտի պետերու եւ անվտանգութեան մարմիններու շարք մը հանգստեան կոչուած տնօրէններու հետ Հուսէյնիէ պալատին մէջ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Յորդանան «Այսրյորդանանի եւ Կազայի միջեւ անջատում կատարելու որեւէ փորձ կը մերժէ»:

«Կազայի մէջ պատերազմին անմիջապէս վերջ տալու Յորդանանի դիրքորոշումը հաստատ է», նշեց թագաւորը` յայտնելով. «Պէտք է աշխուժացնել արաբական ջանքերը եւ զանոնք միաւորել` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ճնշում բանեցնելու համար»:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց` ականջ չտալու «այն ձայներուն, որոնք կը փորձեն Յորդանանը հեռացնել իր եղբայրներուն ծառայելէն ու զանոնք պաշտպանելէն»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտարարեց. «Որոշեցինք Ռաֆահի անցակէտին ճամբով մուտք գործող օժանդակութիւնները խուզարկելու մեր կարողութիւնը բարելաւող քայլեր որդեգրել»: Ան նաեւ ընդգծեց. «Կազա մարդասիրական օժանդակութեան Ռաֆահի անցակէտէն բացի որեւէ այլ անցակէտով մուտքը պիտի չարտօնենք»:

«Կազայի մէջ զինեալներուն ընտրանքը անձնատուր ըլլալը կամ մահն է», նշեց ան` աւելցնելով. «Կազայի բնակչութեան տառապանքին պատճառը Համասն է»:

«Հըզպալլան դիտաւորեալ կերպով սահմանին վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէ», պնդեց ան, եւ շեշտեց. «Եթէ Հըզպալլան որոշէ մեր դէմ պատերազմ շղթայազերծել, Պէյրութը Կազայի ճակատագիրին պիտի ենթարկուի»:

«Մեր ո՛չ հիւսիսային, ո՛չ ալ հարաւային սահմաններուն վրայ ահաբեկչական բանակի մը գոյութիւնը պիտի ընդունինք», նշեց իսրայէլեան բանակի բանբերը:

«Կազան կարելի է դրախտի վերածել, պայմանով, որ ահաբեկչական վերահսկողութեան տակ չմնայ, ինչպէս նաեւ պատերազմին կարելի է այսօր իսկ վերջ տալ, եթէ Համաս զէնքերը վար դնէ», ըսաւ Հակարի:

Նախորդը

Քարիւղով Բեռնաւորուած Եւ Իսրայէլ Ուղղուող Նաւ Մը Հուսիներուն Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.