Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգները

Դեկտեմբեր 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ ինք այս շաբաթ Ապահովութեան խորհուրդը յորդորած է ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտէն, եւ վերստին կոչ ուղղած` մարդասիրական նկատառումներով զինադադար հաստատելու:

«Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար Ապահովութեան խորհուրդը ձախողեցաւ այդ մէկը կատարելու, սակայն ատիկա հարցի կարեւորութիւնը չի նուազեցներ», նշեց Կութիերես` աւելցնելով. «Կը խոստանամ չյանձնուիլ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ աւելի ուշ Տոհայի 21-րդ համախմբումի բացման նիստին ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ քաղաքայիններու ազդու պաշտպանութիւն գոյութիւն չունի, եւ զոհերուն թիւը աննախադէպ է»:

Ան նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի ազդեցութիւնն ու հաւաստիութիւնը ականահարուեցաւ, որովհետեւ անկարող եղաւ Կազայի մէջ զինադադարի որոշումը որդեգրել` շեշտելով. «Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի հաստատման կոչէս պիտի չհրաժարիմ»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին` «Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի, գերիներու ազատ արձակման եւ օժանդակութիւններու յաւելման նպատակով միջնորդական ջանքերուն համար»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վեթոյի կիրարկումը, որ ականահարեց Իսրայէլին Կազայի դէմ պատերազմը դադրեցնել ստիպող որոշումի հրապարակման միջազգային ջանքերը»:

Ապպաս վեթոյի օգտագործումը նկատեց «թշնամական եւ անբարոյական» վարմունք` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը մարդասիրական բոլոր արժեչափերու եւ սկզբունքներու ոտնահարում կը ներկայացնէ:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն ձեռամբ պաղեստինցի մանուկներու, կիներու եւ տարեցներու արեան հեղման համար` շեշտելով. «Պաղեստինի պետութիւնը այդ առնչութեամբ դիրքորոշում պիտի ունենայ»:

«Ամերիկեան քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգները մեղսակից կը դարձնէ ցեղասպանութեան, ցեղային զտման ոճիրին եւ իսրայէլեան բռնագրաւման ուժերուն Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ գործած պատերազմական ոճիրներուն»:

«Որոշումը, որուն միջոցով ամերիկեան վարչակազմը մարտահրաւէր կարդաց միջազգային ընտանիքին, իսրայէլեան բռնագրաւումին յաւելեալ կանաչ լոյս պիտի տայ Կազայի մէջ մեր ժողովուրդին դէմ իր յարձակումը շարունակելու, եւ երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներու ճակտին ամօթի խարան մը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Արաբական-իսլամական արտակարգ վեհաժողովէն լիազօրուած եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլա իշխանի նախագահութեամբ նախարարական յանձնախումբը Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանին, Յորդանանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատին, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին, Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութիւններուն եւ Իսրայէլին անմիջական զինադադարի հաստատման մղելու համար պէտք եղած քայլը որդեգրելու:

Պատուիրակութիւնը իր վրդովումը արտայայտեց շաբաթ երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումին դէմ ամերիկեան վեթոյի կիրարկման նկատմամբ:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ երեկոյեան 2-րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծ որդեգրելէ, երբ Միացեալ Նահանգներ այդ որոշումին դէմ օգտագործեցին իրենց վեթոյի իրաւունքը, իսկ Բրիտանիա մնաց ձեռնպահ, մինչ մնացեալ բոլոր անդամները թեր քուէարկեցին:

Ըստ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալին, «նախագիծը իրականութենէ կտրուած է եւ գետնի վրայ որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ»` յայտարարելով. «Կը զօրակցինք մարդասիրական զինադադարներուն` ազատ արձակելու համար գերիները եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնելու համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան յայտարարեց. «Քանի տակաւին Ամերիկան կ՛աջակցի սիոնական վարչակարգի ոճիրներուն, շրջանին մէջ կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս գալու կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ
Անկարելի Է Կազայի Մէջ Արդար Խաղաղութիւն Հաստատել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ անկարելի է Կազայի մէջ արդար խաղաղութիւն հաստատել:

«Միայն Միացեալ Նահանգները թեր քուէարկած են զնադադարէն հրաժարելուն, կարելի՞ է նման արդարութիւն: Արդար աշխարհ կարելի է, սակայն ոչ Ամերիկայի հետ, Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի կողքին են», շաբաթ օր ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Հուսիներ.«Սիոնականներուն Որեւէ Բան Մատակարարելու Համար
Նաւարկող Նաւ Մեր Կրակոցներուն Թիրախը Պիտի Ըլլայ»

Սանաայի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումի վերահսկողութեան տակ գտնուող եմէնեան կառավարութեան մէջ տեղեկատուութեան նախարար Տայֆալլա Շամի յայտնեց. «Պատրաստ ենք մեր դէմ որեւէ զինուորական քայլ դիմակայելու»:

Ան «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Սիոնականներուն որեւէ բան մատակարարելու համար նաւարկող որեւէ նաւ մեր կրակոցներուն թիրախը պիտի դառնայ»:

«Մենք մեր կարելին օգտագործեցինք Կազայի մէջ մեր եղբայրներուն վրայ յարձակումը դիմակայելու համար», ըսաւ ան:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը գնահատեց հուսիներու որոշումը եւ զայն «քաջարի եւ յանդուգն» որակեց:

Նախորդը

Նեթանիահու 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Փութինի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?