Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Օթթաուային Կատարած Յղումը Հելսինքիին

December 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած համաձայնութեամբ գերիներու ազատ արձակումի վերաբերող միացեալ յայտարարութիւնը կը շարունակեն ողջունել պետութիւնները: Միջազգային օրինաչափ երեւոյթ կարելի է սեպել նման ողջունաշարք մը, յատկապէս երբ հակամարտող կողմեր համաձայնութեան կու գան որոշ կէտերու շուրջ:

Այս շարքէն կ՛առանձնանայ Քանատան, որուն արտաքին գործոց նախարարութեան այս առիթով կատարած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ ներառած է: Այսպէս. արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է. Քանատան կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային քաղաքական լուծման` հիմնուած Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ, եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման հետագայ գործնական միջոցառումները: Քանատան կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ  կայունութեան աջակցելուն»:

Անմիջապէս նկատենք, որ երբ կը ձեւակերպուի այնպէս, որ աջակցութիւնը կ՛ուղղուի արցախեան հակամարտութեան բանակցային քաղաքական լուծման, շեշտակիօրէն կը նշանակէ, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, որուն համար բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին:

Պաշտօնական Օթթաուան աւելի խորքային իմաստ տուած է իր առաջին հաստատումին, երբ յստակօրէն յղում կատարած է հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն, որոնցմէ 8-րդը կը վերաբերի ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Անմիջապէս մտաբերենք Պաքուի մղած պայքարը ԵԱՀԿ-ը հեղինակազրկելու` զայն ուղղակի ամբաստանելով դիւանագիտական ամլութեան եւ հակամարտութեան ձգձգման յանցանքով, եւ մնայունօրէն յիշեցնելով, որ ան ժամանակավրէպ կառոյց է:

Հակամարտութեան բանակցութիւնները հելսինքեան սկզբունքներուն հիման վրայ շարունակելու քանատական առաջադրանքը տրամագծօրէն կը հակադրուի Պաքուի մօտեցումին եւ կը շրջէ անոր կիրարկած մարտավարական խաղերը այս հարցին ուղղութեամբ:

Օթթաուան այս ձեւով ուղերձ կ՛ուղղէ նաեւ հայկական կողմին արծարծ պահելու ինքնորոշման իրաւունքը եւ չհրաժարելու անկէ: Ուղերձի ընկալումը խիստ անհրաժեշտ է` թէ՛ բանակցային նոր ռազմավարութիւն մշակելու, թէ՛ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջադրանքները բանաձեւելու, ըստ այնմ նաեւ բազմակողմ դիւանագիտութիւնը աշխատցնելու տեսակէտէն:

Իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու իրերայաջորդականութիւնը ունին իրենց քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ միտումներու ընդգծումները: Այս առումով պէտք է կարեւոր նկատել Երեւանի մէջ քանատական դեսպանութեան բացումը եւ արտաքին գործոց նախարարին կատարած այցելութիւնը Երեւան:

7 դեկտեմբերին կայացած Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբ-Քանատայի արտաքին գործոց նախարար հանդիպումին լրատուութիւնը թէեւ փակագիծեր չի բանար, այդուհանդերձ պարզ կը դառնայ, որ նման առաջադրանք արծարծուած է այդ հանդիպումին: Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ հերթական հանդիպումներ կայացած էին նոյն ձեւաչափով Քանատայի դեսպանութեան բացումի որոշումին նախորդող:

Համապատասխան լրատուութիւնը կ՛արձանագրէր, որ զրուցակիցները առիթը ունեցան նախարարին հետ քննարկելու քանատահայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, միաժամանակ արծարծեցին Արցախի ու արցախահայութեան այժմու կացութիւնը եւ Երեւանի քանատական դեսպանատան հիմնադրումէն ետք Քանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:

Այս իրադրութիւնները կը յուշեն, որ լուսարձակներէ հեռու արդիւնաւէտ աշխատած է  Հայ դատի յանձնախումբ-Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն դերերու համակարգումը: Բոլորին յիշեցնելով Ազգային ժողովին մէջ իշխանութիւններու կողմէ անպաշտօն խօսափողներու կողմէ հնչած չպետութիւն կամ հակապետութիւն տեսութեան սնանկութիւնը եւ Հայ դատի համակարգի անշրջանցելիութիւնը:

Արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն Հելսինքիի վերաիմաստաւորումի քանատական կոչը  հրամայական է: Անոր անտեսումը կամ շրջանցումը չպետական կամ հակապետական մօտեցում է պարզապէս:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հանրաքուէի Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.