Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մասնագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչները Կը Շարունակեն Արցախի Օրակարգով Առցանց Խորհրդակցութիւնները

Դեկտեմբեր 9, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը կայացաւ:

Վեհափառ հայրապետին հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը:

Օրակարգի առաջին կէտով վեհափառ հայրապետը զեկուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահին եւ քոնկրեսականներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին: Ան շեշտեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին անոնց ներկայացուցած է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, այդ վերադարձը իրականացնելու համար անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու ապահովման եւ ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան սկզբունքներուն հարցերը:

Այնուհետեւ, նիստի երկրորդ մասը յատկացուեցաւ Հայաստանի մէջ գտնուող Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող անձնաւորութեանց տարած խորհրդակցութիւններուն:

Օրակարգի երկու կէտերուն յաջորդեցին աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկումներ, որոնք ներառած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժնի վարիչին յայտարարութիւնները, Պաքու կատարած այցելութիւնը, Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ յանկարծակի որոշուած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնները:

Արցախի մէջ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գերիներու փոխանակման եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած նախկին նախագահներու եւ պետական գործիչներու ազատ արձակման իրաւական եւ քաղաքական միջոցներու մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները համալրեցին օրակարգը:

Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նման բարձրորակ եւ օգտաշատ քննարկումներու կայացման նկատմամբ` շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է համահայկական օրակարգի կէտերու մշակումը եւ այս պարագային Արցախի նոր իրավիճակի լոյսին տակ հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական եւ տեղեկատուական մարզերու մէջ համակարգուած աշխատանք տանիլը:

Առցանց նիստի մասնակիցները շեշտեցին, որ այս հարթակին վրայ նման քննարկումներ շարունակելը կենսական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու ուղենիշներ ճշդելու առումով:

Մասնագիտական հարթակի յաջորդ առցանց նիստը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2023-ին:

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 136

Յաջորդը

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?