Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քիամրան Ալիեւ:
«Բոլոր քննչական գործողութիւնները կը կատարուին Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային հռչակագիրներուն համապատասխան: Ազրպէյճանի ժողովուրդը ամբողջութեամբ պիտի տեղեկացուի այս հետաքննութեան ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն մասին: Մենք ատիկա պիտի ապահովենք: Նախաքննութիւնը աւարտելէ ետք գործը պիտի ուղարկուի դատարան», ըսած է ան:
Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող ազրպէյճանցի երկու զինուորներու վերադարձը պիտի ապահովուի»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիմամբ համաձայնութիւն գոյացած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու:
«Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում», Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորներ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր կարգին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ՛արձակէ ազրպէյճանցի երկու զինուորներ:


