Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն Հայաստանի Եւ
Ազրպէյճանի Ղեկավարներու Միացեալ Յայտարարութիւնը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակած է` ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի միացեալ յայտարարութիւնը, որուն համաձայն Ազրպէյճան ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորներ, իսկ Հայաստանը` 2 ազրպէյճանցի զինուորներ:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւնը 2 ազրպէյճանցի եւ 32 հայ կալանաւորներու ազատ արձակման մասին:
«Այս յանձնառութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց է խաղաղութեան համաձայնագիրի աւարտի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներու լոյսին տակ:
«Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւն ու Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը` Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին համար աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի հիմեր ստեղծելու միացեալ ջանքերուն համար», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ուժեղ կերպով աջակցիլ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի միացեալ յայտարարութիւնը հրապարակուած էր 7 դեկտեմբերի երեկոյեան, իսկ աւելի ուշ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած էին նաեւ ազատ արձակուած հայ զինուորներուն անունները:
Անգարա. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ
Խաղաղութեան Համաձայնագիրի
Շուտափոյթ Ստորագրում Կը Մաղթենք»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի եւ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակի միացեալ յայտարարութիւնը:
«Մենք կ՛ողջունենք երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած որոշ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու որոշումը, որ յայտարարուած է Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի եւ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կ՛աջակցինք վստահութեան ամրապնդման ուղղուած լրացուցիչ քայլերու շուրջ քննարկումները շարունակելու որոշումին: Կը մաղթենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրումը, որ պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հոլովոյթին մէջ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը»:
Միշել Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ
Ձերբակալուած Զինուորներու Փոխանակումը
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակումը եւ «զգալի յառաջընթացը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ»: Ան այս մասին գրած է «Էքս»-ի վրայ:
«Ուրախ ենք ողջունելու ձերբակալուածներու ազատ արձակումը եւ քաղաքական երկխօսութեան աննախադէպ բաց ըլլալը:
«Երկկողմանի երկխօսութեան հաստատումն ու խորացումը Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ Պրիւքսելի մէջ ընթացող հոլովոյթի առանցքային նպատակն էր: Այսօրուան յառաջընթացը կարեւոր քայլ է:
«Այժմ ես ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեմ կարելի եղածին չափ շուտ աւարտին հասցնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը», գրած է ան:
Պորել. «Խաղաղութեան Հասնելու
Պատմական Կարելիութիւն Կայ»
Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կալանաւորներու փոխադարձ ազատ արձակման եւ վստահութեան ամրապնդման այլ քայլերու մասին միացեալ յայտարարութիւնը, որ կարեւոր քաղաքական քայլ է: Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Մենք համաձայն ենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ, եւ յանձնառու ենք աջակցելու այդ ջանքերուն», գրած է ան:
Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար.
«Դրական Քայլ` Ճիշդ Ուղղութեամբ»
«Սկսելով պաշտօնական այցելութիւնս Ազրպէյճան` կ՛ողջունեմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ այսօր կատարուած միացեալ յայտարարութիւնը»: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ:
Ան այդ յայտարարութիւնը որակած է դրական քայլ` ճիշդ ուղղութեամբ:
«Եւրոպական խորհուրդը կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ աջակցելու երկու կողմերուն` կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», գրած է Պուրիչ:
Մոսկուա Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ
Ազրպէյճանի Համաձայնութիւնը
Ռուսիան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման եւ զինուորներու ազատ արձակման մտադրութեան վերաբերեալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի վերջին քայլերը կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման եւ կարելիութիւն կը ստեղծեն կողմերու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ–ը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ
Ազրպէյճանի Միացեալ Յայտարարութիւնը Եւ Վճռականօրէն
Կ՛աջակցի Անոնց Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»
Կ՛ողջունեմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը` կալանաւորներու փոխադարձ ազատ արձակման, վստահութեան ամրապնդման այլ քայլերու եւ երկար սպասուած խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու յստակ պարտաւորութեան մասին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա:
«ՕԹԱՆ-ը վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այս ջանքերուն», գրած է Քոլոմինա:
Գերմանիան Կը Շնորհաւորէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը
Գերմանիան կը շնորհաւորէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խիզախ քայլեր ձեռնարկելու եւ վստահութիւն կառուցելու համար: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Շթեֆեն Հեպեսթրէյթ:
«Մենք պատրաստ ենք աջակցելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հետագայ հոլովոյթին` հիմնուած գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ», գրած է ան:


