Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ Թարիք Ժտիտէի Իմամ Ալի մզկիթին մէջ:
Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Ամին Քըրտի:
Հազարաւոր բազմութեան ներկայութեան կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց, որ Պաղեստինն ու Լիբանանը այսօր հրաժեշտ կու տան բոլոր ճակատներուն վրայ ներկայ եղած եւ պայքարած ղեկավարի մը:
Հանիէ նշեց, որ Արուրի մեծ ջանքեր ի գործ դրած է Այսրյորդանանի մէջ դիմադրութիւնը վերակազմակերպելու եւ անոր ռազմավարութիւնը մշակելու, հակառակ տիրող բազում դժուարութիւններուն:
Հանիէ հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ ձախողած է իր նախապայմանները պարտադրելու բանակցութիւններուն ընթացքին եւ ան պիտի ձախողի Համասը իր որդեգրած ռազմավարութենէն զերծ կացուցել:
Արուրիի դիակը ամփոփուեցաւ Շաթիլայի նահատակներու գերեզմանատան մէջ:
Միքաթի Կը Շարունակէ
Դիւանագիտական Իր Ջանքերը
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ շարունակեց Լիբանանը ընդարձակ պատերազմի մէջ չներքաշելու նպատակով իր կատարած դիւանագիտական ջանքերը:
Այս շրջագիծին մէջ ան առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային սահմանագիծին վրայ տիրող կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:
Քոլոնա Միքաթիին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անունով կը հաստատէ, որ Փարիզ կառչած կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան:
Քոլոնա ընդգծեց, որ ժամանակն է պատասխանատուութիւն ստանձնելու` աւելցնելով, որ մագլցողական քայլերով ոչ ոք պիտի կարենայ յաղթանակ արձանագրել:
Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց, որ պէտք է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերջ տայ միշտ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կատարելու, բռնարարքներ գործելու եւ տիրող կացութիւնը բարդացնելու անոր քայլերուն:
Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց Կազայի մէջ պատերազմին վերջ մը դնել եւ զինադուլ հաստատել` աւելցնելով, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ բռնարարքները շարունակելը շրջանը պիտի առաջնորդէ դէպի վտանգաւոր բախումներ, որոնց հետեւանքներուն մասին ոչ ոք կրնայ տեղեակ ըլլալ:
Բողոքի Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւններ`
Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Դէմ
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ եւ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Հատի Հաշեմ եւ Փարիզի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ուաէլ Հաշեմ բողոքի դիւանագիտական հաղորդակցութիւններ կատարեցին` հիմնուելով արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի յանձնարարականին վրայ:
Հատի Հաշեմ եւ Ուաէլ Հաշեմ բողոքեցին Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն բնակուած շրջանի մը դէմ բռնարարք մը գործելու առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ին, Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսայի ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան գործադրէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Անոնք ընդգծեցին Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` վերստին պահանջելով նշեալ պետութիւններէն արգիլել Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իսրայէլեան մագլցումները:
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները
Բուռն Թափով Կը Շարունակուին
Միւս կողմէ, Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Նաքուրա, Այթա Շաապ, Պընթ Ժպէյլ, Մարուն Ռաս, Մթըլլէ, Հուլա, Սլուքի հովիտ եւ Քֆարքիլա շրջանները:
Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիէ եւ Զըպտին դիրքերը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութիւնը հոյլ մը հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Տովիւ բնակեցման վայրի զօրանոցը, ուր վիրաւորուեցան մեծ թիւով զինուորներ:
Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի չորս հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` իրականացնելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութիւնը համապատասխան զէնքերով հարուածեց իսրայէլեան Ժալ Օլամ, Պըրքեթ Ռիշա եւ Պրանեթ դիրքերն ու անոնց մօտակայքը գտնուող զինուորներու համախմբում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուցած է իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը` Շթուլա դիրքին վրայ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Ժըրտահ եւ Մանարա դիրքերը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի դիպուկահարներու խումբ մը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին թիրախ դարձուց իսրայէլեան Մըսքաֆաամ դիրքին մէջ գտնուող գաղտնի լսումի բոլոր սարքերը` քանդելով բոլորը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ապպաս Հիւսէյն Տահեր, Հասան Ալի Տըքիք, Մոհամետ Աքրամ Համատ, Հիւսէյն Հատի Եազպեք, Հատի Ալի Ռիտա, Իպրահիմ Ֆահըս եւ Հիւսէյն Ալի Մոհամետ Ղազալէ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: