Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց իսրայէլեան բանակի ծրագիրը` Կազան մասնատելու շրջաններու, որոնք պիտի զետեղուին իշխանութեանը տակ պաղեստինեան աշիրեթներու, որոնք պիտի ստանձնեն մարդասիրական օժանդակութիւնները ցրուելու պատասխանատուութիւնը:
Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան` Շապաքին ծանօթ աշիրեթները Կազայի մէջ քաղաքային կեանքը պիտի կառավարեն ժամանակաւորապէս:
Պաղեստինեան աշիրեթները, սակայն, երէկ մերժեցին Կազան մասնատելու Իսրայէլի ծրագիրը եւ զայն մերժելի եւ կասկածելի նկատեցին:
Մինչ այդ, Իսրայէլի ներքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներ Իթամար պեն Ղաֆիր եւ Եցլիել Սմոթրիչ յայտարարեցին, որ կը զօրակցին «Կազայէն պաղեստինցիներու կամաւոր տեղահանման»:
Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ պէտք է «քաջալերել Կազայի բնակիչներու գաղթը, որովհետեւ այդ է ճիշդ, արդար, բարոյական եւ մարդասիրական լուծումը»` աւելցնելով, որ ատիկա Կազայի մօտ գտնուող բնակեցման վայրերու բնակիչներուն տունդարձը պիտի արտօնէ:
Սմոթրիչ իր կարգին յայտնեց. «Կազայի մէջ ճիշդ լուծումը դէպի գաղթականները ընդունելու համաձայն եղող երկիրներ կամաւոր գաղթի քաջալերումն է»:
«Էքսիոս» հաղորդեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը միջնորդներու ճամբով առաջարկած է գործարք մը, որ բաղկացած է երեք փուլերէ, որոնց ընթացքին կռիւը մէկ ամիսով կը դադրի:
«Էքսիոս» նշեց, որ Իսրայէլ մերժած է Համասի` գերիներու փոխանակման նոր գործարքը:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Համասն ու անոր զինուորական թեւին` Քասսամի փաղանգներու կազմալուծումը հանգրուանային կերպով տեղի պիտի ունենայ: Բանակը նշեց, որ այս ամիս Կազայի մէջ իր ուժերը պիտի կրճատէ եւ պիտի անցնի «մաքրագործման» գործողութիւններու նոր փուլի, որ ամիսներ պիտի տեւէ:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ ուժերու այդ կրճատումը պահեստի զինուորներուն պիտի արտօնէ վերադառնալ քաղաքային կեանք, ինչ որ պիտի նպաստէ պատերազմէն վնասուած իսրայէլեան տնտեսութեան դարմանման, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի հետ աւելի ընդլայնուած ճակատումի մը պարագային ուժեր պիտի ապահովէ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Կազայէն 5 զօրամասեր հեռացնելու: Նշենք, որ արդէն գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ բանակի հրասայլերը հեռացած են Կազայի շարք մը շրջաններէն:
«Գոյութիւն ունի փոխանցում դէպի աւելի կեդրոնացած փուլ մը, որ վեց ամիս պիտի տեւէ», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Կարգ մը զինուորներ պիտի հեռանան Կազայէն եւ պատրաստ պիտի ըլլան հիւսիսի մէջ մագլցումի բեմագրութեան, որովհետեւ այդտեղի կացութիւնը չի կրնար շարունակուիլ: Յառաջիկայ վեց ամիսը զգայուն ժամանակաշրջան է»:
Աղբիւրը յայտնած է, որ իսրայէլեան բանակի քայլը միջազգային գետնի վրայ կը նկատուի Համասի դէմ պատերազմին մէջ նուազ խիստ երրորդ փուլ անցնելու ամերիկեան ճնշումներու արդիւնք:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ուայնեթ» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլ որոշած է կանգնիլ Լա Հէյի մէջ Միջազգային արդարադատութեան դատարանին առջեւ` պահանջելու համար Հարաւային Ափրիկէի կողմէ իր դէմ ներկայացուած դատերու մերժումը:
Հարաւային Ափրիկէն Թել Աւիւը կ՛ամբաստանէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու մէջ: Կայքը նշեց, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցահի Հանեկպի: