Երէկ Իրանի Քարման նահանգին մէջ «Քուտս Ջոկատ»-ի նախկին ղեկավար Քասեմ Սուլէյմանիի շիրիմ տանող ճամբուն վրայ երկու ականներու պայթումներ առնուազն 103 զոհեր եւ 170 վիրաւորներ պատճառեցին:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրորդ պայթումին թիրախը եղած են ապահովական ուժերը, որոնք Սուլէյմանիի եւ Իրաքի մէջ աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի նահատակութեան քառամեակի նշման արարողութիւնը կը կազմակերպէին:
Քարմանի նահանգապետը յայտնեց, որ երկու պայթումները իրարմէ 10 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցած են:
Քարմանի նահանգապետի օգնականը յայտնեց, որ երկու պայթումները «ահաբեկչական յարձակումի հետեւանքով են»:
Իրանի ներքին գործոց նախարար Ահմետ Ուահիտի յայտարարեց. «Քարմանի երկու պայթումները նոր սադրանք մըն են, որուն մեր ուժերը զգետնիչ եւ շուտափոյթ կերպով պիտի հակադարձեն»:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր կարգին յայտնեց. «Քարմանի մէջ ահաբեկչական յարձակումին ետին կանգնողներէն վրէժը անխուսափելի եւ հաստատ է»: