Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Մաքրոն Կանցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղած է` «մագլցողական որեւէ քայլէ խուսափելու, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ»` աւելցնելով, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ այս պատգամը փոխանցել շրջանին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչակից կողմերուն:
Մաքրոն վերստին կոչ ուղղած է` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ «մնայուն զինադադար հաստատելու համար աշխատանք տանելու` շրջանային եւ միջազգային բոլոր գործընկերներուն օգնութեամբ»:
Զրոյցը տեղի ունեցած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Համասի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Սալեհ Արուրիի ահաբեկումէն ետք:
Իսրայէլի պատերազմական նախարարաց խորհուրդի անդամ Պենի Կանց իր կարգին յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ քննարկեցի Կազայի մէջ պատերազմի ապագայ փուլերն ու Լիբանանի մէջ միջազգային դիւանագիտական ջանք թափելու անհրաժեշտութիւնը»:
Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը, մէջբերելով իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդէն բարձրաստիճան աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Իսրայէլ Քոնկոյի եւ այլ երկիրներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ, որպէսզի Կազայէն «գաղթականներ ընդունին»: Աղբիւրը չէ նշած մնացեալ երկիրներուն անունները:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր հակադարձեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քննադատութեանը իր այն յայտարարութեան, որուն մէջ կոչ ուղղած էր պատերազմի աւարտէն ետք իսրայէլացի բնակեցուածները վերադարձնելու Կազա եւ պաղեստինցիներուն գաղթը քաջալերելու:
«Մեծապէս կը գնահատեմ Միացեալ Նահանգները, սակայն ամենայն յարգանօք, Իսրայէլը ամերիկեան դրօշին վրայ մէկ այլ աստղ մը չէ», ըսաւ պեն Ղաֆիր:
«Հարիւր հազարաւոր անձերու Կազայէն գաղթը Կազայի մերձակայքի բնակիչներուն պիտի արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ: Միացեալ Նահանգները մեր լաւ բարեկամն են, սակայն ամէն բանէ առաջ պիտի ընենք այն, ինչ որ Իսրայէլի համար լաւագոյնն է», յայտնեց ան:
Սմոթրիչ իր կարգին յայտնեց. «Կազայի մէջ ներկայ կացութեան շարունակման համաձայն պիտի չըլլանք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն իսրայէլացի երկու նախարարներ Պցլեյէլ Սմոթրիչի եւ պեն Ղաֆիրի յայտարարութիւնները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն պաղեստինցիները Կազայէն դուրս բնակեցնելու»` աւելցնելով. «Կազայի` իբրեւ պաղեստինեան հող պահպանումը կը բխի Իսրայէլի, շրջանի եւ աշխարհի շահերէն»: