Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

«Սփիւռքի տարի Բ. - Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարուան ընթացքին Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Քանատայի ու Լիբանանի թեմեր այցելելէ ետք, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Հոգեւորականաց Համագումար Չորեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2023-ին Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ...

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը  Կը Քննէ Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման  Պահանջով Հայաստանի Հայցը

ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանը Եկող Շաբաթ Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Գործով Վճիռը

ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը 17 նոյեմբերին պիտի հրապարակէ ժամանակաւոր միջոցներու վերաբերեալ միջնորդութեան մասին իր որոշումը Հայաստանի (28 սեպտեմբերին) ներկայացուցած հայցով: Այս կը վերաբերի ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի (Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի) կիրարկման: Կառոյցի մամլոյ ծառայութիւնը կը յիշեցնէ, որ 16 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանը հայց ներկայացուցած էր` դատ բանալով Ազրպէյճանի դէմ` ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի ենթադրեալ...

Միրզոյեան Շրջանային Հարցերը Քննարկած Է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Եւ Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Միրզոյեան Շրջանային Հարցերը Քննարկած Է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Եւ Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ զրուցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին` Քաթրին Քոլոնայի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ: «Իքս»-ի իր էջին մէջ Միրզոյեանը, որ կը մասնակցէր Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովին, լուսանկար հրապարակած է` գրելով, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնուած օրակարգը, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցերը իրենց շարունակական քաղաքական երկխօսութեան մաս կը կազմեն:

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Ապահովական Մագլցումներ Կ՛արձանագրուին

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Ապահովական Մագլցումներ Կ՛արձանագրուին

Շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ապահովական մագլցումներ արձանագրուեցան: Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ ռմբակոծումները աւելի բուռն թափով ընթացան` ընդարձակելով նաեւ հրետակոծուած գիւղաքաղաքներու տարածքն ու զինուորական դիրքերը: Երէկ երեկոյեան ժամը 5:20-ին, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց հետեւեալը. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի բուռն հարուած մը հասցնելու Հըզպալլային` հակադարձելով անոր շղթայազերծած այսօրուան յարձակումներուն»: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Հըզպալլայի կողմէ  հակազրահապատ հրթիռներով քաղաքայիններու...

Միքաթի. «Հարաւային Լիբանանի Վկայած Դէպքերը Հետեւանք Են Լիբանանեան Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Սանձարձակութեան»

Միքաթի. «Հարաւային Լիբանանի Վկայած Դէպքերը Հետեւանք Են Լիբանանեան Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Սանձարձակութեան»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի արտահերթ վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ռիատի մէջ: Այս առիթով Միքաթի արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ գործած պատերազմական ոճիրներուն դիմաց դատապարտումները անիմաստ են` աւելցնելով, որ Իսրայէլը իր գործած սպանդներէն ետ չի պահեր նաեւ միջազգային օրէնքը: Միքաթի կոչ ուղղեց արաբական միասնականութեան եւ համագործակցութեան` փրկելու համար Կազան եւ պաղեստինեան հողերը:...

Նեթանիահու Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համաձայնութեան Գոյացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Նեթանիահու Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համաձայնութեան Գոյացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաւանական նկատեց պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: Պատասխանելով Կազայի մէջ Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Նեթանիահու նշեց. «Ատիկա հաւանական է, սակայն որքան այդ մասին քիչ խօսիմ, այդքան անոր իրականացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը...

Պիւլպիւլօղլու Եւ Կալուզին Մոսկուայի Մէջ  Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Կալուզին. «Մոսկուան Պատրաստ Է Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում Կազմակերպելու»

Մոսկուան կը հաստատէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը, սակայն տակաւին յստակ թուական չկայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Մենք բազմիցս հաստատած ենք մեր պատրաստակամութիւնը` հետագայ երկխօսութեան համար մոսկովեան հարթակ ապահովելու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հարցերու...

Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային.  «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի  Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի  Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»

Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»

Շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման պարագային Հայաստանը իր տարածքին մէջ իր պետական հաստատութիւններուն միջոցով պէտք է իրականացնէ սահմանային, մաքսային հսկողութիւն, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան` արձագանգելով Մոսկուային: Անի Բադալեան նշած է, որ ատիկա ակնյայտ կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջերս հրապարակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի հիմնական սկզբունքներէն: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ, որեւէ փաստաթուղթով չէ համաձայնած իր գերիշխանութեան որեւէ սահմանափակման, եւ...

Թշնամիին Զինուորական Դիրքերուն Հասած Լուրջ Հարուածներէն Ետք` Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Թափը Կը Սաստկանայ

Թշնամիին Զինուորական Դիրքերուն Հասած Լուրջ Հարուածներէն Ետք` Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Թափը Կը Սաստկանայ

«Նահատակի Օր»-ուան Առիթով Սէյիտ Նասրալլա Այսօր Կ՛արտասանէ Այլ Ճառ Մը Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ իսրայէլեան զինուորական դիրքերուն եւ հաղորդակցութեան սարքերուն դէմ հասցուած վնասներէն ետք, իսրայէլեան բանակը սաստկացուց հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումները: Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն վատագոյնը երէկ կէսօրէ ետք Մէյսէլ Ժապալ հիւանդանոցին ռմբակոծումն էր, որ պատճառած էր շտապ օգնութեան բաժանմունքի քանդումը: Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հաստատեց, որ...

Նեթանիահու Ապառազմականացուած, Ահաբեկչական Տարրերէ Մաքրուած Եւ Վերակառուցուած Կազա Մը Կ՛ուզէ

Նեթանիահու Ապառազմականացուած, Ահաբեկչական Տարրերէ Մաքրուած Եւ Վերակառուցուած Կազա Մը Կ՛ուզէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «լաւ եւ արտակարգ» կերպով կ՛իրականացնէ Կազայի դէմ իր յարձակումը, որ «պիտի շարունակուի մինչեւ Համասէն ձերբազատումը, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ մեզ»: «Նպատակներ ճշդեցի, սակայն ոչ ժամանակացոյց, որովհետեւ հարցը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել», ըսաւ ան: «Քայլ առ քայլ յառաջ կ՛ընթանանք նուազեցնելով մեր կորուստները, մինչ կը փորձենք...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Միացեալ  Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահին

Ներկայացուցիչներու Տան Նիստի Բացում` Յատուկ Աղօթքով Հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ, եւ հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսընի հետ, ապա` Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Էտըմ Շիֆի հետ: Երկու հանդիպումներէն ետք վեհափառ հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, վեհափառը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր աղօթքին մէջ վեհափառ...

Ակնարկ.  Զանգեզուրի Միջանցքը Ծուարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք Տարազին Տակ

Ակնարկ. Զանգեզուրի Միջանցքը Ծուարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք Տարազին Տակ

Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին նախապայմանը ուղղուած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ազրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզպէքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ,...

Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն

27 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբեր 2023-ին կայացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան 74-րդ Շրջանային ժողովը, որ հանգամանօրէն քննարկեց համահայկական ճգնաժամային պայմանները, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները, Միջին Արեւելքի թէժ իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ու ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ազգային ու համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող հարցերը: Շրջանային ժողովը ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէ, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յակոբ Բագրատունի, Ալպեր...

15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Արցախի Ապագային Նուիրուած Լսումներ

15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Արցախի Ապագային Նուիրուած Լսումներ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յայտարարած է, որ եւրոպական գործերու ենթայանձնախումբը կը հրաւիրէ լսումներու` «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» խորագիրով: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ լսումները տեղի պիտի ունենան 15 նոյեմբերին: Նիստին պիտի մասնակցին եւ խօսք առնեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձեր, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու գծով տեղակալ Ճէյմս Օ՛Պրայըն եւ Եւրոպական եւ Եւրասիական գրասենեակի...

Դիմադրութիւնը Կը Շարունակէ Թիրախ Դարձնել Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Դիմադրութիւնը Կը Շարունակէ Թիրախ Դարձնել Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Կալանթ Դարձեալ Կը Սպառնայ Հըզպալլային Ու Լիբանանին  Բուռն ռմբակոծումներով լեցուն գիշերէ մը ետք, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ առաւօտեան վկայեց զգուշաւոր լռութիւն մը, որ մերթ ընդ մերթ խզուեցաւ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերու թռիչքներով` Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Մարիի հովիտին, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, Ժապալ Շէյխի, Արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արամթայի բարձունքներուն եւ Սուժուտի վերեւ: Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Պէյրութի վերեւ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար...

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց. «Թել Աւիւի ոճիրներու շարունակման ժամանակը արագօրէն կը սպառի»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միակ օգուտը այն է, որ իսրայէլեան գոյացութեան հիմը աւելի թուլացուց եւ Կազայի մէջ կիներու եւ մանուկներու ջարդին ճամբով յստակօրէն ցոյց տուաւ սիոնական վարչակարգին բիրտ ու թշնամական ոճրային դէմքը», ըսաւ Ապտոլլահեան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Պարպարա...

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը Ծանր Է. ՀԱՊԿ-ն Պատրաստ Է Լարուածութիւնը Թուլացնելու»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը Ծանր Է. ՀԱՊԿ-ն Պատրաստ Է Լարուածութիւնը Թուլացնելու» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը ծանր է: ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու նիստի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը: «Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող ծանր կացութեան` կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ ՀԱՊԿ-ի որոշման նախագիծը, որ ուղղուած էր շրջանին մէջ կացութեան լարուածութիւնը թուլացնելուն, եւ որ ցաւօք չընդունուեցաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին, կը մնայ ուժի մէջ, եթէ համախոհութիւն...

Փաթրուշեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Կարգաւորումը Կարելի Է Միայն Այն Պարագային,  Երբ Արտաշրջանային Ուժերը Դադրին Միջամտել Տագնապին»

Փաթրուշեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կարգաւորումը Կարելի Է Միայն Այն Պարագային, Երբ Արտաշրջանային Ուժերը Դադրին Միջամտել Տագնապին»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորումը կարելի է միայն այն պարագային, երբ արտաշրջանային ուժերը դադրին միջամտել տագնապին, իսկ Արեւմուտքի քայլերը առայժմ միայն կը սրեն կացութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ գործընկերներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: «Մենք շահագրգռուած ենք հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կացութեան կայունացումով, կայունութեան զարգացման համար պայմաններ ստեղծելու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Կատարէ Ներկայացուցիչներու Տան Նիստի Բացման Աղօթքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Կատարէ Ներկայացուցիչներու Տան Նիստի Բացման Աղօթքը

«Սփիւռքի տարի Բ.- ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, երկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը հովուապետական պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Լիբանանի դեսպան Ուաէլ Հաշեմի, առաջնորդական փոխանորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանի եւ ազգայիններու կողմէ: Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յատկապէս պիտի այցելէ...

Դիմադրութիւնը Կը Շարունակէ Թիրախահար  Եւ Հակահրասայլային Հրթիռներով Ռմբակոծել  Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Դիմադրութիւնը Կը Շարունակէ Թիրախահար Եւ Հակահրասայլային Հրթիռներով Ռմբակոծել Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Իսրայէլ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս նաեւ լուսաւորող, տարանջատուող ու ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձնել հարաւային Լիբանանի անտառները: Դիմադրութիւնը իր կարգին շարունակեց թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծել իսրայէլեան զինուորական դիրքերը` նիւթական եւ մարդկային վնասներ պատճառելով թշնամիին: Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը հիւսիսային Իսրայէլի մէջ պաշտպանողական գործողութիւններ կը կատարէ` աւելցնելով, որ...

Page 202 of 796 1 … 201 202 203 … 796

Արխիւներ