Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփիրքին. «Ռուսիան Հայաստանը Չի Մեղադրեր Ուղղուածութիւնը Փոխելու Մէջ` Հասկնալով, Որ Հայաստանը Անկախ Պետութիւն Է»

Դեկտեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կը տեսնէ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը վերաձեւակերպուի` հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հաւաստումներուն, որ Երեւանը իր արտաքին քաղաքական ուղղուածութիւնը չի փոխեր:

Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքերը Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան աշխուժացման մասին:

Քոփիրքին կը նշէ, որ ռուսական կողմը այդ վերաձեւակերպումը կը տեսնէ այլ կեդրոններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման մէջ, ինչ որ, ի հարկէ, վատ չէ:

«Ռուսիոյ, սակայն, կը մտահոգէ այն, որ հաւաքական Արեւմուտքը եւ Միացեալ Նահանգները Ռուսիան հռչակած են իրենց ռազմավարական մրցակից եւ նոյնիսկ թշնամի, ինչի մասին կը խօսին որոշ պաշտօնատարներ:

«Եւ այստեղ բազմաթիւ պաշտօնատարներ բացայայտօրէն յառաջ կը մղեն իրենց գիծը` խթանելով համագործակցութիւնը Ռուսիոյ դէմ պայքարի ոգիով: Եթէ այդ տեսանկիւնէն կը դիտուին Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները, ապա Ռուսիան կրկնակի զգուշաւոր կը վերաբերի ատոր», նշեց դեսպանը:

Ըստ անոր, Ռուսիան կը տեսնէ, որ Արեւմուտքի նպատակը Ռուսիոյ դէմ պայքարիլն է բոլոր ճակատներով` ըլլայ այդ Հարաւային Կովկասը, թէ այլ շրջաններ:

«Ռուսիան Հայաստանը չի մեղադրեր արտաքին քաղաքական ուղղուածութեան փոփոխութեան մը մէջ` հասկնալով, որ Հայաստանը անկախ պետութիւն է եւ իրաւունք ունի որոշելու իր քաղաքականութիւնը», նշեց Քոփիրքին:

Դեսպանը շեշտեց, որ մտահոգութիւնը բնական է` հաշուի առնելով Արեւմուտքի կողմէ Ռուսիոյ պարտադրուած ճակատումը: Դիւանագէտը ընդգծեց, որ այսուհանդերձ Ռուսիան կը շարունակէ Հայաստանը նկատել ռազմավարական դաշնակից:

Մեկնաբանելով «Սփութնիք Արմենիա» ձայնասփիւռի կայանին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը` դեսպանը յայտարարեց. «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը կը բնութագրուի ուժեղ զգացական ենթահողով, սակայն կարեւոր է թացը չորէն զանազանել եւ չյանձնուիլ այդ զգացումներուն»:

Ան ընդգծեց, որ կրնան ըլլալ զգացական պոռթկումներ, առանձին անհատներու յայտարարութիւններ, կրնան ըլլալ անձնական գնահատականներ, որոնք չեն նպաստեր երկկողմանի յարաբերութիւններու առողջացման: Դիւանագէտը, սակայն, կը կարծէ, որ պէտք չէ անոնց չափազանց մեծ նշանակութիւն տալ: Անհրաժեշտ է յստակ առանձնացնել մարդոց անձնական կարծիքը, որ կրնայ ըլլալ յուզական եւ, հաւանաբար` անհաւասարակշիռ:

«Դուք ոչ մէկ օրինակ կը գտնէք, որ Ռուսիոյ նախագահը, անոր մամլոյ քարտուղարը թէկուզ մէկ ոչ պատշաճ, ոչ կառուցողական որակում կատարած ըլլան Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ: Ես կը կարծեմ, որ մենք այնուամենայնիւ պէտք է առաջնորդուինք ատով», նշած է ռուս դիւանագէտը:

Քոփիրքինի կարծիքով` իրականութեան մէջ դիւրին կացութիւն չէ, զգացումները շիկացած են: Ասիկա իր բացատրութիւնը ունի. երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պարզապէս միջպետական յարաբերութիւններ չեն: Կան որոշակի ակնկալութիւններ, կան կարծրատիպեր, համագործակցութեան, եղբայրական կապերու աւանդութիւններ: Այս բոլոր գործօնները չեն կրնար չազդել զգացական ենթահողի վրայ:

«Կան որոշակի մտահոգութիւններ, թիւրիմացութիւններ: Ատիկա, բնականաբար, վատ է, սակայն ատիկա այն բանի հետեւանքն է, որ մարդկային բաղադրիչը յարաբերութիւններուն մէջ շատ ուժեղ արտայայտուած է: Մարդկային գործօնը առաւելութիւն է, սակայն երբեմն նման կացութիւններուն մէջ կրնայ այսպիսի զգացական պոռթկումներ յառաջացնել», կը կարծէ դեսպանը:

Անոր համաձայն, այս շատ հակասական կացութեան մէջ շատ կարեւոր է թացը չորէն զանազանել: Պէտք չէ անտեսել նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ դուրսէն լրացուցիչ բարդութիւններ մտցնելու փորձերը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան Պաքուի յարձակման պարագային պիտի օգնէ՞ Հայաստանին, Ռուսիոյ դեսպանը ըսաւ. «Ես հիմք չունիմ ըսելու, որ Ռուսիան կասկածի տակ պիտի դնէ Հայաստանի հետ իր դաշնակցային համաձայնութիւնները, սակայն իբրեւ դեսպան չեմ կրնար քննարկել նման զարգացումները»:

«Ռուսիան չէ հրաժարած եւ պիտի չհրաժարի Հայաստանի նկատմամբ ստանձնած դաշնակցային պարտաւորութիւններէն: Ես ոչ մէկ հիմք ունիմ պնդելու, որ Ռուսիան պիտի չկատարէ Հայաստանի հանդէպ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները: Կը կարծեմ` հիմա չափազանց կարեւոր է, եւ ատիկա կը բխի բոլորի շահերէն, որպէսզի կացութիւնը զարգանայ խաղաղ հունով, եւ հիմքեր ստեղծուին երկարատեւ խաղաղութեան համար», ըսաւ ան:

«Ի հարկէ, Ռուսիան միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի կողմէ մեծ ցանկութիւն չի տեսներ աշխատելու ռուսական բանակցային հարթակի վրայ», յայտնեց դիւանագէտը` շեշտելով, որ այնուամենայնիւ, Մոսկուան չի հեռանար շրջանէն, եւ անոր համար շրջանային խաղաղութիւնը չափազանց կարեւոր է:

Քոփիրքին նաեւ անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ինչո՛ւ որոշ ռուս պաշտօնատար անձեր եռակողմ յայտարարութիւնը չկատարելու մէջ կը մեղադրեն Հայաստանը եւ ոչ Ազրպէյճանը: Ան նշեց, որ ռուս պաշտօնատարներու ոչ բոլոր յայտարարութիւնները կը բխին Հայաստանի հասցէին կշտամբանքներու տրամաբանութենէն: Կան նաեւ դրական գնահատականներ, որոնք, ցաւօք, բաւարար չափով չեն լուսաբանուիր, ինչպէս եւ չի լուսաբանուիր Հայաստանի նկատմամբ ռուսական դիրքորոշման էութիւնն:

«Շարուակելով կշտամբանքներու նիւթը` նշեմ, որ կ՛արժէ հաշուի առնել նաեւ Հայաստանի մէջ անհատներու կողմէ Ռուսիոյ հասցէին հնչող լուրջ քննադատութիւններն ու մեղադրանքները: Փորձ կը կատարուի Ռուսիոյ վրայ բարդել ողբերգութիւններու եւ անյաջողութիւններու համար պատասխանատուութիւնը: Ի հարկէ, Մոսկուան ինք իր վրայէն չի վերցներ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն համար պատասխանատուութիւնը», նշեց Քոփիրքին:

Անոր համաձայն, Ռուսիան պատասխանատու դերակատար է եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ կ՛ընէ հիմնական խնդիրները լուծելու, մագլցում չարտօնելու համար:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Քենետի Կը Խոստանայ Աջակցիլ Արցախահայութեան Անվտանգ Վերադարձին Եւ Անոնց Ինքնորոշման Իրաւունքին

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Ապագայ Լրագրողներ Եւ Երիտասարդական Հարթակի Առաջին Քայլեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?