Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Ապագայ Լրագրողներ Եւ Երիտասարդական Հարթակի Առաջին Քայլեր

Դեկտեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ խմբագրականներուն մէջ նշուած պատճառներով որոշ ընդհատումէ ետք վերսկսաւ եւ իր լրումին հասաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ խումբի վարժողական ծրագիրը:

Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն, որ ծրագիրին կանոնաւոր հետեւողները իրենց գրութիւններով շուտով պիտի ներկայացնեն իրենց երախայրիքը «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Այս ծրագրի պատասխանատուները կը հաստատեն, որ ծրագիրին տեսական-գործնական բաժինները ամբողջացնելը, հետեւիլը, աշխուժ մասնակցիլն ու տեղեկութիւններով զինուիլը ուրիշ բան է, այդ բոլորի ներշնչումով եւ նկատառումով յօդուած գրելը, հարցազրոյց վարելը, թղթակցութիւն պատրաստելը կամ իր չափին մէջ ուսումնասիրութիւն պատրաստելը` ուրիշ: Եւ ահա այս երկրորդ բաժինն է, որ յաւելեալ աշխատանքի կը կարօտի մասնակիցներուն կողմէ:

Նկատեցինք, որ պէտք է ամբողջացնենք այդ բացթողումը, եւ այդ առումով յառաջիկայ ծրագիրը տեսական-գործնականին առընթեր փորձ պիտի կատարէ աւելցնելու աշխատանոցայինը: Խմբային աշխատանքէն դէպի անհատականը այստեղ կը բացատրուի համատեղ քննարկումներէ ետք թուղթին յանձնելով մտածում, տեսակէտ, յօդուած: Կամ` դաշտային աշխատանքներով պատրաստել տեղեկագրում (ռեփորթաժ), վարել հարցազրոյց, մասնակցիլ հարցախոյզերու պատրաստութեան:

Յայտնենք, որ քաջալերուած ենք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի ցուցաբերած աջակցութենէն: Մեր նախնական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին խօսած ենք համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններուն եւ հիմնարկութեան նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներուն ապագայ լրագրողներէն ներկայացուցիչներ մասնակից դարձնելու առաջարկներուն մասին:

Ապագայ լրագրողներէն երեք խումբերու շրջանաւարտներու հետ խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին հնչեցին մեր դասական կաղապարներէն դուրս գործադաշտ ձեւաւորելու մասին տեսակէտներ: Խնդիրը միայն հարթակային ձեւաչափերուն չէր առնչուեր, այլ նաեւ` բովանդակութեան: Վերահաստատեցինք, որ երիտասարդները իրե՛նք պէտք է ճշդեն իրենց օրակարգը, նիւթերը, այդ նիւթերը արծարծելու եղանակներն ու միջոցները: Խմբագրութեան դերը այս պարագային պիտի ըլլայ աջակցիլը եւ նորարարութիւնը հանգիստ ընդունիլը: Յաջողութեան բերկրանքը կը զգանք այն պահուն, երբ երիտասարդութիւնը ի՛նք մշակէ ու ճշդէ եղանակը:

Վարժողական ծրագիրը ամբողջացուցածներուն միջեւ կապն ու հետեւողականութիւնը պահելու համար առաջին փորձերը կը կատարուին զանոնք համախմբելու երիտասարդական հարթակի շուրջ: Նպատակը իրենց ճշդած օրակարգերու քննարկումն է եւ մանաւանդ անկէ բխած հրապարակագրութիւնը: Կանխահաս է այս նախաձեռնութեան մասին գնահատական տալը:

Այս ծրագիրներուն առընթեր, ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ տարբեր վարժարաններու աշակերտական խումբեր կ՛այցելեն «Ազդակ»` մօտէն ծանօթանալու համար աշխատակազմին եւ թերթի «խոհանոց»-ին: Վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներուն միջեւ կայացած համագործակցութեամբ աշակերտներ, իրազեկուելէ ետք, իրենց մտածումները յօդուածի տեսքով կը հրատարակեն սկսելու համար իրենց վարժարանի կայքերուն թէ ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ: Վարժարաններու հետ համագործակցութիւնը զարգանալու տեղ ունի. մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները կու գան հայկական վարժարաններէն:

Չունինք յաւակնութիւնը արձանագրելու, որ երիտասարդութիւնը առանցքային է թերթի էջերուն մէջ: Սակայն նաեւ պէտք է չէ շրջանցել իրողութիւնները: Նորութիւններ փոխանցող, յատուկ, ոչ դասական  նիւթերու մասին էջեր խմբագրող «Ազդակ»-ի մնայուն աշխատակիցները, կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրներու մշակման եւ կ՛աջակցին անոնց գործնական աշխատանքներու իրականացման:

Այս մարզին մէջ մարդուժի պատրաստութիւնն է անշուշտ գլխաւոր թիրախը: Այդ մարդուժը ունի երկու հիմնական խնդիր: Արեւմտահայերէնի տիրապետումը եւ լրագրութեան ու յօդուածագրութեան ընդհանուր կանոններու իմացումը:

«Ազդակ» տրամադրուած է այս առաջադրանքի սահմաններուն մէջ աջակցելու` հարթակ, գործնական միջոցներ տրամադրելու առումով: Մասնակիցները քաջալերելով` ընտրելու իրենց նախասիրած նիւթերն ու այդ նիւթերու արծարծման եւ հրապարակայնացման միջոցները:

 

 

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիան Հայաստանը Չի Մեղադրեր Ուղղուածութիւնը Փոխելու Մէջ` Հասկնալով, Որ Հայաստանը Անկախ Պետութիւն Է»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 138-ի Լուծում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?