Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ: Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքներն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն լուծման գծով, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց որեւէ ծրագիրի պարագային օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան: