Հարաւային արուարձաններու Մշարրաֆիէ շրջանին մէջ պաղեստինցի ղեկավար Սալեհ Արուրիի սպանութիւնը արժանացաւ դատապարտումի հսկայ ալիքի մը, որուն շրջագիծին մէջ Հըզպալլա նախանցեալ օր ուշ գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արուրիի սպանութիւնը պատերազմի առանցքին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր զարգացում մըն է եւ անոր պատասխանն ու պատիժը անպայմանօրէն պիտի տրուի:
Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յանձնարարեց ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Հատի Հաշեմին եւ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ուաէլ Հաշեմին խիստ բողոքներ ներկայացնել ՄԱԿ-ին` Իսրայէլի կողմէ Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուած յարձակումի վերաբերեալ, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ նիւթական վնասներ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն վերաբերեալ, որոնց նպատակն է Լիբանանն ու ամբողջ շրջանը ներքաշել պատերազմի մէջ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի փոխնախագահ Քանտիս Արտել Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կ՛ապրի հարաւային սահմանագիծին վրայ ապահովական մագլցումներ արձանագրելու հաւանականութեամբ` Արուրիի սպանութենէն ետք:
Արտել նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը մտահոգ է, որ այդ մագլցումները կրնան քանդիչ ըլլալ սահմանային Կապոյտ գիծի մօտակայքը ապրող քաղաքայիններուն համար:
Ան կոչ ուղղեց երկու կողմերուն կասեցնելու ռմբակոծումները եւ զինադուլ յայտարարելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ազդու հեղինակութիւններուն, որպէսզի համոզեն երկու տարբեր կողմերը` ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Նշենք, որ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հուլա, Մարքապա, Հաունինի հովիտ, Լապպունէ, Նաքուրա եւ Այթա Շաապ շրջանները:
Իսրայէլեան տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի Հըզպալլայի կողմէ հզօր հակահարուածի մը, որուն մէջ կը նախատեսէ նաեւ հեռահար հրթիռներու օգտագործումը:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Մարժ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին անօդաչու թռչող սարքով թիրախ դարձուց Ռամիմ բնակեցման վայրը, ուր վիրաւորուեցան իսրայէլացի զինուորներ:
Դիմադրութիւնը համապատասխան զէնքերով հարուածեց իսրայէլեան Զարհիթ զօրանոցը եւ անոր մօտակայքը գտնուող զինուորներու համախմբում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ապպաս Հասան Ժամմուլ եւ Մոհամետ Հատի Մալեք Օպէյտ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: