Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Ո՛վ Որ Մտածէ Մեզի Դէմ Պատերազմ Յայտարարելու Մասին, Պիտի Զղջայ»

Յունուար 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց` Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ցաւակցութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց Սուլէյմանիի եւ Մուհանտեսի նահատակութիւնը: Ան նաեւ Քարմանի մէջ երէկ ինկած իրանցի հարիւրաւոր նահատակներուն ցաւակցութիւն յայտնեց:

Սէյիտ Նասրալլա Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս` քրիստոնեաները:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղիի մահուան առիթով, Դամասկոսի մէջ Ռատի Մուսաուիի, ինչպէս նաեւ նախանցեալ օր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Սալեհ Արուրիի նահատակութեան առիթով:

Ան նկատել տուաւ, որ Քասեմ Սուլէյմանի այն նահատակն է, որուն դամբարանը տակաւին կը հալածեն` աւելցնելով, որ Սուլէյմանի այսօր իր յիշատակով ներկայ է Դիմադրութեան բոլոր ճակատներուն վրայ:

«Սուլէյմանիի առաքելութիւնը Դիմադրութեան բոլոր շարժումներու կազմաւորումն էր, սարքաւորումը եւ ինքնաբաւութեան հասցնելը: Ան նուիրուած աշխատանք կը տանէր, այն աստիճան, որ Դիմադրութեան շարժումները իրենց փորձառութեան եւ կազմաւորումին պատճառով արձանագրած են մեծ թիւով նուաճումներ, ինչպէս նաեւ կերտած են հերոսական յաղթանակներ: Սուլէյմանիի ջանքերով Իրաքի դիմադրութիւնը 2011-ին այս օրերուն էր, որ կրցաւ ամերիկեան բռնագրաւումը դուրս շպրտել Իրաքէն, սակայն այդ աշխատանքը սկսաւ 2003-ին եւ տեւեց մինչեւ 2011:

Ան կը հսկէր, որ Դիմադրութեան շարժումներուն միջեւ յարաբերութիւնը ուղղակի ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքը համադրել եւ գործունէութեան մէջ փորձառութիւն ծաւալել, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան ռազմավարութեան ուղիին համաձայն գործել, առանց շեղումներու», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա դրուատեց Կարմիր ծովուն մէջ Դիմադրութեան շարժումներուն գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ սիոնական գոյացութեան հարուածներ հասան, «եւ այդ հարուածները ազդեցիկ են, քաջ ու վեհ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան արձանագրած արդիւնքներուն` հաստատելով, որ անիկա վերստին արծարծեց Պաղեստինեան հարցը, որ մոռացութեան ենթարկուած էր, եւ պարտադրեց զայն ու աշխարհին մէջ ստեղծեց անոր լուծման տարբերակներու քննարկումի ալիք մը:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը պատճառ դարձաւ, որ Իսրայէլի պատկերը քանդուի` համաշխարհային առումով:

«Ամերիկեան վիճակագրութեան մը համաձայն, ամերիկացի երիտասարդներուն 50 առ հարիւրը կը պահանջէ Իսրայէլի պետութեան լուծարումը` Կազայի պատերազմին լոյսին տակ, պահանջելով պաղեստինցի ժողովուրդին վերադարձնել իր հողերը: «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը ամբողջ աշխարհին դիմաց կը բացայայտէ, թէ Իսրայէլ ոչ մէկ միջազգային որոշում կը յարգէ», ըսաւ ան` աւելցնելով նաեւ, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլացիները իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են իսրայէլեան բանակին, ապահովական կառոյցին եւ երկրին քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը փաստեց, որ Իսրայէլի ապագան իսրայէլացիներուն կողմէ երկիրը լքելն է եւ որ Պաղեստինը` ծովէն մինչեւ գետ, պաղեստինցիներուն է միայն:

«Կազայի պատերազմին արդիւնքներէն է նաեւ այն, որ Իսրայէլի բոլոր նպատակները ձախողած են, եւ ան յաղթանակի նշոյլը անգամ չի կրնար պատկերացնել` Կազայի մէջ: «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը փաստեց նաեւ, որ միջազգային ընտանիքն ու միջազգային կազմակերպութիւնները ոչ մէկ ժողովուրդ կրնան պաշտպանել, հետեւաբար իրաւունքը ուժն է, եւ հզօր ու պատերազմի դաշտին վրայ իրենց զօրութիւնը պարտադրող ժողովուրդներն են, որոնք յարգանք կը պարտադրեն: Յոյսով ենք, որ Իսրայէլի վերացումը պիտի վկայենք, իսկ արաբական թագաւորութիւնները թո՛ղ իրենք զիրենք պահպանեն», ընդգծեց ան:

Լիբանանեան առումով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իսրայէլեան բանակը զինուորական իր ամբողջ կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկած էր եւ կրնար անակնկալ կերպով յարձակիլ Լիբանանի վրայ ու պատերազմ յայտարարել:

«Իսրայէլացիները նկատել տուին, որ Կազայի մէջ պատահածը կրնայ սարսափեցնել լիբանանցիները: Անոնք իսկապէս կը մտածէին Հըզպալլան ջնջել` օգտագործելով առիթը, սակայն անոնց ծրագիրը խանգարողը եղաւ այն, որ մենք 8 հոկտեմբերին արդէն իսկ դիմադրութեան սկսանք` հետեւաբար անակնկալի մատնելու տուեալը ջրեցինք, իսկ երկրորդ` Իսրայէլ վկայեց, որ հզօր եւ յանդուգն Դիմադրութեան դիմաց կը գտնուի: Դիմադրութիւն մը, որ անվախ է եւ իր հայրենիքը պաշտպանելու ի խնդիր հաշիւներ չունի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով նախանցեալ օր Հարաւային արուարձաններուն մէջ Սալեհ Արուրին ու անոր ընկերակիցները թիրախ դարձնելու իսրայէլեան բռնարարքին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անշուշտ այդ արարքը վտանգաւոր է, իսկ այդ գործողութենէն ետք իսրայէլացի պատասխանատուներ փութացին ճշդելու, թէ իրենք Լիբանանի կամ Հըզպալլայի դէմ չէ որ կը յարձակին, այլ` կը հալածեն «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի կազմակերպիչները: Սակայն մենք Իսրայէլին կ՛ըսենք. «Սալեհ Արուրիի սպանութեան գործողութիւնը անպատասխան եւ անպատիժ պիտի չմնայ: Ձեր եւ մեր միջեւ կան մարտի դաշտը, օրերն ու գիշերները: Հարաւային սահմանագիծին վրայ մենք ցարդ կը ճակատինք հաշիւներով ու բախման կանոնները յարգելով եւ այդ պատճառով հսկայ զոհողութիւններ կը մատուցենք: Սակայն եթէ թշնամին մտածէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու մասին, ապա մեր ճակատումը պիտի ըլլայ առանց կանոններու եւ զսպուածութեան: Ո՛վ որ մտածէ մեզի դէմ պատերազմ յայտարարելու մասին, պիտի զղջայ, եւ այդ պատերազմը շատ ծախսալից պիտի ըլլայ: Իսկ եթէ մինչեւ օրս մենք նկատի կ՛ունենանք լիբանանեան ազգային շահերը, երբ երկրին դէմ պատերազմ շղթայազերծուի, ապա Լիբանանի ազգային շահերը պիտի ըլլան ուղղուիլ դէպի պատերազմ եւ մինչեւ վերջին շունչ կռուիլ` առանց կանոններու»:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուելիք այլ ճառ մը նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղիի մահուան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաալպեքի Խաուլէ մզկիթին մէջ:

Նախորդը

Միքաթի Ապիատի Հետ Քննարկեց Քաղցկեղի Դեղորայք Ապահովելու Միջոցները

Յաջորդը

Ապտոլլահեան Կը Հերքէ, Թէ Մեծամօրի Հիւլէական Կայանը Կ՛աղտոտէ Արաքս Գետը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?