Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Տարեփակի Խոհեր (Դ. Եւ Վերջ) Թէժ Կէտեր. Անցած Փորձառութիւն Եւ Դիմագրաւելի Հարցեր

Դեկտեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարին կը փակենք անորոշութիւններու մէջ թէ՛ հայաստանեան-արցախեան եւ թէ՛ միջինարեւելեան-լիբանանեան ուղղութիւններով: Յատկապէս հանրային աշխատանքի պարագային անհրաժեշտ է անդրանցնիլ մշուշը եւ փորձել տեսնել հեռանկարը` խարխափումներէ դուրս գալու համար: Անորոշութիւնը ամէնէն առաջ խոչընդոտ է ծրագրումին: Իսկ առանց ծրագրումի, առանց առաջադրանքի  իրականացման փուլեր նախատեսելու եւ միջոցներ ապահովելու, դժուար է արդիւնաւորելը: Ինքնահոս աշխատակարգը պէտք է բացառել, նոյնիսկ եթէ անորոշութեան մէջ կը գտնուինք:

Երկու ուղղութիւններով ալ յետպատերազմական եւ պատերազմական ժամանակաշրջաններ են: Տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի երկուքին պարագային ալ: Ազրպէյճան կը շարունակէ նենգափոխել հակամարտութեան էութիւնը, պահանջ-պահանջի դիմաց կեղծ  օրակարգեր յառաջ կը քշէ, նոր պայմաններ կը պարտադրէ եւ կը շարունակէ թելադրել խաղի իր կանոնները: Ազրպէյճանական լրատուական արտադրութիւնները տարբեր լրատուամիջոցներու կայքերու վրայ դեգերելէ ետք յաճախ կը սպրդին հայկական լրատուադաշտ` տեղեկատուական պատերազմին ընթացքին թափանցման գործողութիւններ իրականացնելով:

Զտումի լրատուական մաղերը նեղցնելու խնդիր ունինք այս առումով: Եզրաբանութենէն մինչեւ ընդհանուր բառապաշար գերսթափ վիճակ պէտք է խմբագիրներուն համար` հեզասահ ձեւով թափանցուած այս կամ այն քաղաքական ընկալումը չօգտագործելու եւ այդպիսով թշնամիին մօտեցումները ժամանակի ընթացքին չնուիրականացնելու համար:

Այս խնդիրը նաեւ միջինարեւելեան լրատուական տարածքներու վրայ գոյութիւն ունի: Միջազգային լրատուադաշտի կամ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչները որոշ յղացքներ որդեգրած են եւ ընտրովի բառամթերքներ միջազգայնացնելով կամ յատուկ ըսելաձեւերով ազդեցիկօրէն կը նպաստեն կարծրատիպերու ստեղծման: Սեւ ու սպիտակի յղացքային բաժանարարութիւնը գերակայ է եւ սուր խնդիր կայ հաւասարակշիռ մօտեցում ունենալու լրատուական հեղեղին տակ:

Միջինարեւելեան իրադարձութիւններու լուսաբանման ընթացքին ոչ միայն արաբական կամ լիբանանեան դիրքորոշումներու կամ մօտեցումներու հետ հաշուի նստիլը պարտադիր է, այլ նաեւ հայկակա՛ն: Տակաւի՛ն. խնդիրը միայն չի վերաբերիր Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թել Աւիւի որդեգրած պաշտօնական ժխտողականութեան: Խօսքը աւելի արդիական եւ ճակատագրական դերակատարութեան մասին է. Իսրայէլի տարողունակ ներգրաւումն է արցախեան պատերազմին` զինուժով, ռազմարհեստագիտութեան տրամադրումով եւ զինուորական յենակէտերու տեղադրումով: Իսրայէլ- Ազրպէյճան ռազմավարական համագործակցութիւնը նոր խորքային տարածքներ կը նուաճէ եւ կ՛ընդհանրանայ տարբեր ոլորտներով: Չի բացառուիր, որ այս բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Երուսաղէմի հայկական թաղամասերու վրայ կատարուող ոտնձգութիւններուն կամ հայկական հողամասի վերադարձի դէմ իրաւապահ մարմիններու բանեցուցած ճնշումներուն վրայ:

Իսրայէլաազրպէյճանական համագործակցութիւնը շարունակուելու միտումներ կը պարզէ: Երկու ուղղութիւններու վերաբերեալ թողարկուած լրատուութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն հետեւելու ընթացքին այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ եւ մանաւանդ չիյնալ թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային լրատուադաշտի լարած ծուղակներուն մէջ:

«Անջատողականներ», «ազատագրումներ», «ահաբեկիչներ», «տարածքային ամբողջականութիւն», «համարկում», «միջանցք», «խաղաղասիրութիւն», «ապաշրջափակում»,  այլազան «խաչմերուկ»-ներ եւ նման յղացքներ  նորովի իմաստներ ունին յատկապէս արցախեան նոր իրավիճակին եւ պաղեստինեան ճակատներու վրայ արձանագրուող թէժ իրադարձութիւններուն յարաբերակցութեամբ:

Պարտաւոր ենք ամրացնել մեր լրատուական մաղերու թելերը եւ ըստ այնմ մաքրազտել տեղեկատուական արտադրութիւնները:

Ամենայն հաւանականութեամբ երկու ուղղութիւններով ալ ծանր պայմաններու մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ տակաւին: Զուգահեռ փորձել իրականացնելով թերթի տպագրութեան, կայքի եւ ելեկտրոնային տարածքներու թողարկումներուն, առցանց, առկայ լսարաններու եւ շնորհահանդէսներու, մատենաշարի հրատարակութեան եւ գրադարանի ցանկագրման, արխիւներու թուայնացման եւ տարածման, մարդուժի պատրաստութեան եւ երիտասարդութեան ներգրաւման, արաբերէն կայքի թարմացման եւ լրահոսի յաւելեալ արագացման ու տակաւին նոր բաժանորդներու հաւաքագրման, «Ազդակ»-ի նուիրատուներու ցանցի ընդլայնման, համայնքի հաւաքական կեանքի արձագանգումին եւ ընթերցողներու բանակի շարքերու համալրման բազմազան աշխատանքները:

Որքան ալ դժուար թուին պայմանները, պարտաւոր ենք նշաձօղի աստիճանաչափը բարձրացնելու եւ անոր ձգտելու:

«Ազդակ»-ի ընտանիքը համոզուած է, որ կը յաղթահարէ տեսանելի դժուարութիւնները, որովհետեւ կը զգայ ամբողջական նեցուկը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, անվերապահ աջակցութիւնը թերթի գոյատեւման ու զարգացման սատար կանգնողներուն եւ թերթին հանդէպ տածած հաւատարմութիւնը ընթերցող բանակին:

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 139

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?