Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի զինեալ ուժերուն` տասնապետական (սերժանթ) դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներու կազմակերպման: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան դիմատետրեան էջը:
«Վերջերս Հայաստան էր Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան գլխաւոր աւագ տասնապետ Ռապըրթ Ապըրնեթին` աջակցելու Հայաստանի զինեալ ուժերու տասնապետական դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

