Գլխաւոր լուրեր

Քանի. «Եթէ Սիոնականները Կ՛ուզեն Կազայի Ճահիճէն Ելլելով Լիբանանեան Հորը Իյնալ, Ես Անոնց Կը Յորդորեմ Ատիկա Չընել»

Քանի. «Եթէ Սիոնականները Կ՛ուզեն Կազայի Ճահիճէն Ելլելով Լիբանանեան Հորը Իյնալ, Ես Անոնց Կը Յորդորեմ Ատիկա Չընել»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանի յայտնեց, որ իր երկիրը յանձնառու է իր ուժը օգտագործելու շրջանի անկայուն պայմաններուն մէջ Իսրայէլը զսպելու համար` բացայայտելով, որ իր երկիրը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Լիբանանի հետ պատերազմ ծագի: Պաքրի Քանի Թուրքիա իր այցելութեան ժամանակ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումի մագլցումին յայտարարեց. «Անոնք (իսրայէլացիները, «Ա.») պէտք չէ 2006...

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր Կազայի կեդրոնը գտնուող պաղեստինեան Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ իսրայէլացի 4 պատանդ ազատագրելու համար առնուազն 274 պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննեց: Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ջարդի զոհերուն թիւը 274 է, իսկ վիրաւորներունը` 698: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ողջունեց իսրայէլեան բանակին կողմէ 4 գերիներու ազատագրումը: Ան իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել...

Ակնարկ.  Սահմանադրութիւն Եւ ԵԱՀԿ

Ակնարկ. Սահմանադրութիւն Եւ ԵԱՀԿ

Ազրպէյճանի նախագահը իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւններ կատարած է` ուղերձ յղելով Երեւանին: Առաջինը այն է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անկարելի է: Ի դէպ, հայկական կողմը կը յայտնէր, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց չի քննարկուիր խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերու շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին: Անուղղակի պատասխանելով այս հրապարակումին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէր, որ ճիշդ չէ, որ...

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը  Երթ Կազմակերպեց Դէպի Սարեան Փողոց

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Երթ Կազմակերպեց Դէպի Սարեան Փողոց

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ղեկավար, վարչապետի թեկնածու Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երէկ երեկոյեան բազմամարդ երթ կազմակերպուեցաւ դէպի Երեւանի Սարեան փողոց` այնտեղ տեղի ունեցող «Գինիի օրեր»-ուն մասնակցելու: «Երթանք, գնահատենք մարդոց աշխատանքը: Այնտեղ շատ մարդիկ կան, որոնք կ՛աջակցին, մասնակից են: Մեր նախաձեռնութիւնն է սա», նախքան այնտեղ երթալը ըսաւ սրբազանը: Բագրատ սրբազանը մօտեցաւ տաղաւարներուն եւ զրուցեց ներկաներուն հետ: Ժողովուրդը աջակցութեան խօսքեր ուղղեց սրբազանին:...

Կութիերես Կը Զգուշացնէ Հըզպալլայի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Տագնապին Ընդլայնումէն»

Կութիերես Կը Զգուշացնէ Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Տագնապին Ընդլայնումէն»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց` դադրեցնելու Լիբանանի հարաւային սահմաններու երկայնքին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի փոխադարձ յարձակումները: Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այն մտավախութիւնը ունի, որ «այդ փոխադարձ կրակոցը յանգեցնէ լայնածաւալ տագնապի մը, որուն հետեւանքները շրջանին վրայ ծանր պիտի ըլլան»: Կութիերես ցաւ յայտնեց, որ «իրողապէս հարիւրաւոր կեանքեր կորսնցուցինք, տասնեակ հազարաւորներ տեղահանուեցան եւ Կապոյտ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Պայտընի Վարչակազմը Իսրայէլին Յայտնած Է  Իր Մտավախութիւնը, Թէ Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ  Պատերազմ Մը Անիրապաշտ Ընտրանք Է

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Իսրայէլին Յայտնած Է Իր Մտավախութիւնը, Թէ Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Պատերազմ Մը Անիրապաշտ Ընտրանք Է

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլին յայտնած է իր մտավախութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ սահմանափակ պատերազմ մը անիրապաշտ ընտրանք է»: «Պայտընի վարչակազմը զգուշացուց Իսրայէլը, թէ Լիբանան ցամաքային ներխուժում մը, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ ըլլայ, կրնայ Իրանը մղել միջամտելու», նշած է պաշտօնատարը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր, որ Լիբանանի մէջ...

ՄԱԿ-ը Իսրայէլեան Բանակը Ներառեց Տագնապի  Գօտիներու Մէջ Մանուկներու Դէմ Ոտնձգութիւններ  Գործողներու Ցուցակին Վրայ

ՄԱԿ-ը Իսրայէլեան Բանակը Ներառեց Տագնապի Գօտիներու Մէջ Մանուկներու Դէմ Ոտնձգութիւններ Գործողներու Ցուցակին Վրայ

ՄԱԿ-ը իսրայէլեան բանակը ներառեց տագնապի գօտիներու մէջ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններ գործողներու ցուցակին վրայ: Նշենք, որ նոյն ցուցակին վրայ են ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան եւ Պոքօ Հարամը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի պատուիրակութեան փոխանցած է նշեալ որոշումը: ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը յայտնեց. «Կութիերես մեզ կ՛ատէ, եւ պէտք է զինք «սեւ ցուցակ»-ին վրայ առնել»: Իսրայէլի...

Բագրատ Արք. Գալստանեան. «Տաւուշի Ողբերգութիւնը  Ամբողջ Հայաստանով Պիտի Շարունակուի, Եթէ Չկասեցնենք  Եւ Այս Մարդոց Չճանապարհենք»

Բագրատ Արք. Գալստանեան. «Տաւուշի Ողբերգութիւնը Ամբողջ Հայաստանով Պիտի Շարունակուի, Եթէ Չկասեցնենք Եւ Այս Մարդոց Չճանապարհենք»

«Տաւուշի մէջ տեղի կ՛ունենայ ոչ թէ սահմանազատում, այլ պարզապէս հողերու յանձնում: Եթէ այս մարդոց չկասեցնենք, չուղարկենք իրենց սիրած տեղերը, Տաւուշի ողբերգութիւնը ամբողջ Հայաստանով պիտի շարունակուի: 10 տարի շարունակ այդ խրամատները, այդ դիրքերը ես տեսած եմ, գիտակցած եմ անոնց կարեւորութեան, հիմա ի՞նչ կայ այնտեղ: Եթէ իսկապէս բարեմտութիւն կար, այդ տարածքէն (2022-ին բռնագրաւուած) թող դուրս գային ազրպէյճանցիները, ըսէին` լաւ, խաղաղութիւն կը կնքուի,...

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Ուաշինկթըն. «Կը Զգուշացնենք, Որ Լիբանանի Մէջ Մագլցում Մը Պիտի Վտանգէ Իսրայէլի Անվտանգութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ մագլցում մը պիտի վտանգէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը: Նախարարութիւնը նշեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի առաջնորդէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցման` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմաններուն վրայ տագնապի մագլցում չենք ուզեր` խուսափելու համար երկու կողմերէն յաւելեալ զոհերու արձանագրումէն»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ պէտք է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական...

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն.  «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը  Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի  Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն. «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Գալիլիոյ մէջ գիւղի մը (Հարֆիշ գիւղի, «Ա.») ռմբակոծումը պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հըզպալլայի ամէնէն վտանգաւոր յարձակումն է, եւ աւելի քան երկու զոհերու մասին տեղեկութիւններ կան, իսկ վիրաւորներուն թիւը յայտարարուածէն աւելի է»: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, հիւսիսի մէջ Հարֆիշի մօտ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքման վայրի մը վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին պատճառով առնուազն երկու զոհ արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ 24...

«Պայտընի Առաջարկի Ընդունումը Կրնայ  Պաղեստինցի Ժողովուրդի Ինքնորոշման  Իրաւունքի Իրականացման Յանգեցնել»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

«Պայտընի Առաջարկի Ընդունումը Կրնայ Պաղեստինցի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրականացման Յանգեցնել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ գոյութիւն ունի Կազայի վերաբերեալ առաջարկ մը, որ Համասին ուղարկուած է, «եւ պաշտօնական խողովակներու ճամբով այդ առաջարկի պատասխանին կը սպասենք»: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկը ընդունիլը կրնայ մնայուն խաղաղութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման յանգեցնել: «Վերջին օրերու ընթացքին Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ աշխատեցանք` հասնելու համար զինադադարի մը, որ մնայուն...

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող  Դպրոց Մը Ռմբակոծելով  Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող Դպրոց Մը Ռմբակոծելով Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

30 պաղեստինցիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ, մեծամասնութեամբ մանուկներ եւ կիներ, վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ռմբաձիգներ չորեքշաբթի գիշեր կեդրոնական Կազայի մէջ տեղահանուածներ պատսպարող դպրոց մը ռմբակոծեցին: Զոհերն ու վիրաւորները փոխադրուեցան Տէյր Պալահի մէջ Շուհատա Աքսա հիւանդանոց: Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղի ունեցածը ջարդ որակեց: Կազայի մէջ կառավարական տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Իսմայիլ Սաուապիթա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաւանական նկատեց, որ այս ջարդի զոհերուն...

Սոթքի Մէջ.  «Մեր Պայքարը Միայն Տաւուշի Համար Չէ,  Այլ Ամբողջ Հայաստանի Համար»  Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Սոթքի Մէջ. «Մեր Պայքարը Միայն Տաւուշի Համար Չէ, Այլ Ամբողջ Հայաստանի Համար» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Երէկ Սոթքի մէջ  տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը` Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ: «Վարդենիսը դարձած է ամբողջութեամբ սահման», հանրահաւաքի ժամանակ սահմանազատման նիւթով ըսաւ Բագրատ սրբազանը` հարց բարձրացնելով, թէ ինչո՞ւ սահմանազատումը չեն սկսիր այստեղէն: «Ո՞ւր էին սահմանները մինչեւ հիմա, առաջնագիծը ո՞ւր էր 4-6 տարի առաջ, հիմա ո՞ւր է. այս բոլոր արօտավայրերը, քիչ առաջ նախկին համայնքապետի հետ կը խօսէի, իր թուղթով վաւերացուած հողերը այլեւս թշնամիի ձեռքն են, մարդոց հողերը, մեր երկրի հողերը: Ես Տաւուշէն կու գամ, 10 տարի Տաւուշը եղած է Հայաստանի ամէնէն երկար սահմանագիծը, ամէնէն պաշտպանուածը,...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

Երէկ Աուքարի շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ կատարուեցաւ զինեալ յարձակում մը. մինչ տեղական լրատուամիջոցներ խօսեցան երեք զինեալներու մասին, որոնցմէ մէկը լիբանանեան բանակին կողմէ սպաննուած է, երկրորդը` վիրաւորուելով ձերբակալուած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած, իսկ երրորդը` խոյս տուած, լիբանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Աուքարի շրջանին մէջ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը սուրիական քաղաքացիութեան տէր անձի մը կողմէ կրակոցի ենթարկուեցաւ,...

Այցելելով Քիրիաթ Շմոնա`  Նեթանիահու. «Հիւսիսի Մէջ Ուժեղ  Գործողութեան Մը Պատրաստ Ենք»

Այցելելով Քիրիաթ Շմոնա` Նեթանիահու. «Հիւսիսի Մէջ Ուժեղ Գործողութեան Մը Պատրաստ Ենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայր այցելելով յայտարարեց, որ Իսրայէլ հիւսիսի մէջ «շատ ուժեղ գործողութեան մը» պատրաստ է: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է իսրայէլեան բանակի պահեստային զինուորներուն թիւը 350 հազարի բարձրացնել արտօնող որոշումին, որ ի զօրու պիտի ըլլայ մինչեւ 31 օգոստոս: Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, թիւի...

Հըզպալլան Անօդաչու Թռչող Սարքերով  Հարուածեց Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ Շրջանը

Հըզպալլան Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածեց Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ Շրջանը

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ շրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու պայթումին պատճառով արձանագրուած են առնուազն 2 զոհեր եւ 24 վիրաւորներ: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ ականուած անօդաչու թռչող սարքի մը ֆութպոլի դաշտին մէջ իյնալուն պատճառով արձանագրուած են 10 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Կայանը նշեց, որ իսրայէլեան բանակը 3 ուղղաթիռներ օգտագործած է վիրաւորները փոխադրելու...

Սալիվըն. «Իսրայէլ Նախապէս Ընդունեց Եւ Տակաւին Կ՛ընդունի Զինադադարի Առաջարկը. Կը Սպասենք Համասի Պաշտօնական Պատասխանին»

Սալիվըն. «Իսրայէլ Նախապէս Ընդունեց Եւ Տակաւին Կ՛ընդունի Զինադադարի Առաջարկը. Կը Սպասենք Համասի Պաշտօնական Պատասխանին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն լրագրողներու յայտնեց. «Իսրայէլ նախապէս ընդունեց զինադադարի առաջարկը եւ այսօր տակաւին զայն կ՛ընդունի»: «Ուաշինկթըն ուշադրութիւն չի դարձներ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ առաջարկին վերաբերեալ Համասի ենթադրեալ պատասխանին առնչուած «ըսի ըսաւ»-ներուն: Ուաշինկթըն միայն հետաքրքրուած է Համասի պաշտօնական պատասխանով, որ քաթարցի միջնորդներուն կը փոխանցուի», ըսաւ Սալիվըն: «Ուաշինկթըն միշտ կապի մէջ է քաթարցի միջնորդներուն հետ, եւ կը յուսանք,...

Ակնարկ.  Խաղաղութեան Ծրագիր Եւ Ուժանիւթային Միջանցք

Ակնարկ. Խաղաղութեան Ծրագիր Եւ Ուժանիւթային Միջանցք

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՛արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ  Ազրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ: Պարզ է, որ Ազրպէյճանի հիմնական դերը տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ուժանիւթակիր երկիր ուժանիւթի հայթայթումն է: Հիմա սակայն, իբրեւ հիմնական տարանցիկ երկիր միջնորդ արտահանողն է ռուսական ուժանիւթին: Առանց...

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը  Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանէն  Պատասխաններ Կը Պահանջէ

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանէն Պատասխաններ Կը Պահանջէ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երէկ ցուցարարները Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին մօտ էին: Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ իրենք եկած են այդտեղ` հարցումներու պատասխաններ ստանալու: «Մեզի ցոյց թող տան իրենց գնահատականները, թէ այս ընթացքին մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ծառայա՞ծ է մարդու իրաւունքներուն, թէ՞ այլ բանի: Այս ընթացքին ոստիկանութեան գործողութիւններուն, 30-40 հոգիով Աշոտ Սիմոնեանը խոշտանգելու,  վեհափառին մուտքը արգելակելու, արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ տղաները...

Պայտըն. «Հայ-Ազրպէյճանական Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը Վերջ  Պիտի Տայ Տասնամեակներ Տեւած Տագնապին»

Պայտըն. «Հայ-Ազրպէյճանական Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը Վերջ Պիտի Տայ Տասնամեակներ Տեւած Տագնապին»

Հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի դնէ տասնամեակներ տեւած տագնապին, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի փոխէ Ազրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նամակ-ուղերձին մէջ, որ կարդացուած է Պաքուի մէջ Կասպեան քարիւղի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ: Պայտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով: Անոր...

Page 165 of 796 1 … 164 165 166 … 796

Արխիւներ