Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր կուսակցութեան հրամանատարներէն Ֆուատ Շուքրի յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ. «Իսրայէլեան ոտնձգութիւններու մեր պատասխանը պիտի տրուի, որովհետեւ իսկական ճակատումի մէջ ենք»:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր շրջանին մէջ, իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին մաս կը կազմէ», ըսաւ ան` նշելով, որ Մաժտալ Շամսի դէպքին շուրջ իսրայէլեան պնդումները ապակողմնորոշում են` աւելցնելով. «Նախապէս, մեր հետաքննութիւնները կատարելէ ետք, հերքեցինք Մաժտալ Շամսի ռմբակոծման մեր պատասխանատուութիւնը, եւ եթէ իրապէս դէպքին ետին կանգնած ըլլայինք, կը յայտարարէինք»:
Ան ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը այդ դէպքով ամբաստանելուն նպատակը համայնքային սադրանքն էր, սակայն շնորհիւ տիւրզի համայնքի ղեկավարութեան զգօնութեան, կարելի եղաւ ձախողութեան մատնել այդ փորձը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տիւրզիներու քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւններուն` իրենց կեցուածքին համար:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, ահաբեկում չէ միայն, այլ յարձակում, որովհետեւ ռմբակոծուեցաւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանը, եւ քաղաքային շէնքեր թիրախաւորուեցան, եւ ոչ թէ` զինուորական ռազմակայաններ», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան ըսաւ, որ իրենք կ՛ընդունին Կազային եւ Պաղեստինեան դատին թիկունք կանգնելու համար վճարուող գինը:
«Բազմաթիւ երկիրներ Հըզպալլայէն խնդրեցին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան հարուածին չհակադարձել», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Անոնք կը պատկերացնեն, թէ առաջնորդ Իսմայիլ Հանիէն Թեհրանի մէջ կրնան սպաննել, իսկ Իրանը լո՞ւռ պիտի մնայ», հարց տուաւ ան` մատնանշելով, որ երբ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակում կատարուեցաւ, իրանեան իշխանութիւնները զայն Իրանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատեցին, իսկ Հանիէի ահաբեկումը նկատեցին իրենց ազգային անվտանգութեան, գերիշխանութեան հեղինակութեան, պատիւին, եւ հիւրասիրութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւն, որովհետեւ Հանիէն անոնց հիւրն էր:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ իսրայէլացի ղեկավարները կը խնդան, թէ Դիմադրութեան ղեկավարներ սպաննած են: «Հիմա քիչ մը խնդացէ՛ք, որովհետեւ շատ պիտի լաք: Շատ պիտի լաք, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ ի՛նչ կարմիր գիծեր անցաք», ըսաւ Նասրալլա` աւելցնելով. «Թշնամին պէտք է արժանապատիւներուն զայրոյթին ու վրէժին սպասէ»:
«Հըզպալլայի երթը կը շարունակէ իր ենթարկուած իւրաքանչիւր ահաբեկումէն ետք վերելքի մէջ մնալ, որովհետեւ հսկայական գաղափարախօսութեան ու ժառանգութեան կը պատկանի», ըսաւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը:
Ան ըսաւ, որ անձնատուութիւնը բացառուած է, եւ միակ լուծումը Կազայի դէմ պատերազմի դադրեցումն է, եւ յայտարարեց, որ Ֆուատ Շուքրի յուղարկաւորութեան համար հարաւային Լիբանանի մէջ դադրեցուած գործողութիւնները այսօրուընէ ի վեր պիտի շարունակուին, սակայն ատիկա Շուքրի ահաբեկման պատասխանը չէ, որ անջատ հարց է եւ որուն օրը հաստատօրէն պիտի գայ: «Թշնամին եւ անոր ետին կանգնողը պէտք է սպասէ մեր պատասխանին, որ պիտի գայ», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա` նշելով, որ անիկա իսկական ու լաւապէս սերտուած պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ` ձեւական:
«Մեր առջեւ մեծ ու բաց ճակատամարտ կայ, որ անցաւ Կազայի թիկունք կանգնելու ճակատներու հարցը», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` նշելով, որ ճակատամարտը նոր փուլ մուտք գործեց:


