Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Թեհրանի Մէջ Սպաննեց Հանիէն, Իրան Կը Սպառնայ

Օգոստոս 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն եւ անոր թիկնապահներէն մէկը մահացան, երբ Թեհրանի մէջ անոնց նստավայրը հրթիռային յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Հանիէ մէկ օր առաջ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած էր Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան:

Համաս յարձակումը որակեց «դաւաճանական» եւ յայտարարեց, որ ատոր պատճառը «սիոնական նենգ յարձակումն է»: Պաղեստինեան շարժումը յայտարարեց, որ Հանիէի պաշտօնական յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ, իսկ թաղումը ուրբաթ օր` Տոհայի մէջ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի արեան վրէժը լուծելը մեր պարտաւորութիւնն է, որովհետեւ ահաբեկումը մեր հողերուն վրայ տեղի ունեցաւ»:

«Սիոնական ոճրագործ ու ահաբեկչական գոյացութիւնը այս յարձակումով ինքն իր վրայ բերաւ խստագոյն պատիժը», յայտարարեց Խամենէի:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց. «Իրան պիտի պաշտպանէ իր հողերուն անվտանգութիւնն ու իր պատիւը եւ ահաբեկիչ ներխուժողները պիտի մղէ իրենց երկչոտ արարքին համար զղջալու»:

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման հակադարձութիւնը աւելի խիստ յատուկ գործողութիւններու ճամբով պիտի ըլլայ` ահաբեկումի ոգիին մէջ զղջում յառաջացնելու համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Սիոնական բռնագրաւողներու ճիրաններէն փրկելու համար պայքարող ժիհատականի արիւնը երբեք ի զուր պիտի չըլլայ»:

Իսրայէլի կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Իրան պիտի կրէ իր արարքներէն յառաջացող որեւէ մագլցումի հետեւանքները, եւ մեր կարելին պիտի ընենք մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ անվտանգութեան վերականգնման համար»:

«Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը պիտի չմեկնաբանենք» ըսաւ ան:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «Իսմայիլ Հանիէ սպաննուեցաւ Իրանէն դուրս եղող երկրէ մը եւ ոչ թէ իրանեան օդային տարածքէն արձակուած հրթիռով»:

Իրանեան աղբիւր մը իր կարգին «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հանիէ Թեհրանի մէջ սպաննուած է «երկրէ երկիր եւ ոչ թէ Իրանի ներսէն արձակուած հրթիռով»:

Միջազգային Արձագանգներ

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման, մեկնաբանելով Հանիէի սպանութիւնը, յայտնեց. «Ահաբեկումներն ու մագլցումը կը յառաջացնեն հարցում մը` բանակցութիւնները ինչպէ՞ս կը վարուին, երբ բանակցող կողմերէն մէկը կը սպաննուի»:

«Շրջանային ու միջազգային խաղաղութիւնը կարիք ունին լուրջ գործընկերներու եւ մագլցումի ու ժողովուրդներու կեանքերու թերագնահատման դէմ միջազգային կեցուածքի», ըսաւ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդ շէյխ Ապտելռահման:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Հանիէի ահաբեկման նպատակը պաղեստինցի ժողովուրդի կամքը կոտրելն է, սակայն սիոնական բարբարոսութիւնը իր նպատակները պիտի չիրագործէ»:

Էրտողան նշեց, որ ահաբեկման նպատակը «Պաղեստինեան դատը, Կազայի «փառապանծ դիմադրութիւնն ու մեր պաղեստինցի եղբայրներուն արդար պայքարը ականահարելն է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Թեհրանի մէջ պատահածը ցածոգի ահաբեկման գործողութիւն է, որուն նպատակը Կազայի մէջ պատերազմի ծիրը շրջանային մակարդակի բարձրացնելն է»:

«Ահաբեկման գործողութիւնը ցոյց կու տայ, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը խաղաղութեան իրագործման նպատակ չունի», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Իսմայիլ Հանիէի սպանութեան հարցը բան մըն էր, որմէ նախապէս տեղեակ չէինք եւ որուն չմասնակցեցանք»: Ան ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է ազատ արձակել գերիները եւ Կազայի մէջ զինադադար հաստատել` աւելցնելով, որ լարուածութիւնները հանդարտեցնելու լաւագոյն ուղին կրակոցը դադրեցնելն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Հանիէի սպանութիւնը բացարձակապէս անընդունելի քաղաքական ահաբեկում է»` աւելցնելով. «Գործողութիւնը լարուածութեան մէջ յաւելեալ մագլցումի պիտի յանգեցնէ»:

«Հանիէի ահաբեկման պատասխանատուները գիտէին շրջանին վրայ այդ արարքին վտանգաւոր հետեւանքները», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` Հանիէի սպանութենէն ետք ինքնազսպումի եւ ետ կանգնելու որդեգրելէ քայլեր, որոնք կրնան Միջին Արեւելքի մէջ լայնածաւալ զինեալ տագնապի ծագման առաջնորդել», ըսաւ նախարարութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կ՛ընդդիմանանք եւ բուռն կերպով կը դատապարտենք Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման գործողութիւնը, որ կրնայ շրջանին մէջ յաւելեալ անկայունութեան յանգեցնել»:

«Պէտք է ամէնէն մօտ ժամանակին դադրեցնել կրակոցը` յաւելեալ մագլցումէն ու ճակատումէն խուսափելու համար», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Չինաստանը միշտ շրջանային տարակարծութիւններու բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան միջոցով լուծումը կ՛որդեգրէ»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Կը դատապարտենք անցնող երկու օրերու ընթացքին իսրայէլեան մագլցումի վտանգաւոր քաղաքականութիւնը: Կը կարծենք, որ այս վտանգաւոր մագլցումը կ՛ահազանգէ յառաջացնելու վտանգը շրջանին մէջ ճակատումին, որ ապահովական ծանր հետեւանքներու կը յանգեցնէ»:

«Շրջանային այս մագլցումը, Կազայի մէջ զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրելու հետ միասին կացութեան բարդութիւնը կ՛աւելցնէ», ըսաւ նախարարութիւնը:

«Կը զգուշացնենք ահաբեկման քաղաքականութեան, այլ պետութիւններու գերիշխանութիւնը ոտնահարելուն եւ շրջանին մէջ տագնապը բորբոքեցնելու հետեւանքներէն», յայտնեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Շրջանային մագլցումը հանդարտեցման իսրայէլեան քաղաքական կամքի բացակայութիւնը ցոյց կու տայ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սիոնական գոյացութիւնը նոր ոճիր մը գործեց Թեհրանի մէջ գործելով ահաբեկչական յարձակումը, որ յանգեցուց Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահի նահատակման»:

«Սուրիան կը դատապարտէ սիոնական այս նենգ յարձակումը եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերիշխանութեան այս ոտնահարումը», ըսաւ Դամասկոս:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Խստագոյն ձեւով կը դատապարտենք Հանիէի ահաբեկումը»: «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, մագլցողական ոճիր է, որ շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութեան եւ քաոսի պիտի առաջնորդէ», յայտնեց նախարարութիւնը:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Հանիէի ահաբեկումը եւ նշեց. «Հանիէի ահաբեկումը թշնամական արարք է, միջազգային օրէնքներու բացայայտ խախտում եւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնալիք»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը ցաւալի է եւ զայն պէտք է դատապարտել. անիկա միայն յաւելեալ անկայունութեան պիտի առաջնորդէ»:

«Հանիէի ահաբեկումը միայն յաւելեալ տագնապի պիտի յանգեցնէ, եւ խաղաղութեան դատին վտանգաւոր յետընթաց է», ըսաւ նախարարութիւնը:

Մալեզիոյ վարչապետ Անուար Իպրահիմ յայտարարեց. «Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը ամէնէն ստոր սպանութեան ոճիրն է, որուն նպատակը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու բանակցութիւնները քանդելն է»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը իր բոլոր ձեւերով ու երեւոյթներով, ներառեալ արդարադատութենէն դուրս ու սահմաններէն անդին սպանութեան գործողութիւնները` անկախ անոնց դրդապատճառներէն»:

«Մեծապէս ցնցուած ենք այս անպատասխանատու արարքի թայմինկէն, որ կը զուգադիպի Իրանի նախագահի երդման արարողութեան», նշեց փաքիստանեան նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Մեծ մտահոգութեամբ կը դիտենք շրջանին մէջ իսրայէլեան հետզհետէ աճող արկածախնդրութիւնը»:

«Իսրայէլի վերջին արարքները իրապէս վերիվայրումի մէջ եղող շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցում է եւ կ՛ականահարէ խաղաղութեան համար թափուող ջանքերը», ըսաւ նախարարութիւնը:

Հըզպալլան յայտնեց. «Հանիէն դիմադրութեան մեծ ղեկավարներէն է, որոնք քաջութեամբ կանգնեցան ամերիկեան եւ սիոնական բռնագրաւումի տիրակալութեան ծրագիրին դէմ»:

«Հանիէի նահատակութիւնը Դիմադրութեան բոլոր բեմերուն վրայ դիմադրողները աւելի վճռական ու յամառ պիտի դարձնէ` շարունակելու ժիհատի ուղին», նշեց կուսակցութիւնը:

Եմէնի մէջ հուսիները յայտնեցին, որ Հանիէի սպանութիւնը ահաբեկչական ոճիր է եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում: «Իսրայէլի հետ դիմակայութեան շրջադարձային փուլի մէջ ղեկավար Հանիէի ահաբեկումը մեծ կորուստ է իսլամ ժողովուրդին համար»:

Թալեպան շարժումը նշեց. «Հանիէի նահատակութիւնը իսլամ ժողովուրդին համար մեծ կորուստ է»` աւելցնելով. «Սիոնական վարչակարգի ոճիրներու շարունակութիւնը շրջանը աւելի անկայուն պիտի դարձնէ»:

 

Նախորդը

Փարիզի Ողիմպիականի Խաղեր. Պասիլ Եւ Սակայփով Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Ամանի. «Իրան Չէր Ձգտեր Պատերազմի Ընդլայնման, Սակայն Պիտի Չընդունի, Որ Շրջանը Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի «Որս»-ը Ըլլայ»

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?