Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Արգելակած Է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ Համագործակցութիւնը

Օգոստոս 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան արգելակած է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ համագործակցութիւնը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած են դաշինքի աղբիւրները` նշելով, որ Անգարան այդ քայլին դիմած է նախորդ տարուան հոկտեմբերին Կազայի մէջ սկիզբ առած պատերազմէն ետք:

«Թրքական կողմը պնդած է, որ Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը պէտք է սառեցուած մնայ, այնքան ատեն որ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին», կը հաղորդէ լրատու գործակալութիւնը:

Իսրայէլ ՕԹԱՆ-ի գործընկեր պետութեան կարգավիճակ ունի եւ տասնամեակներու ընթացքին սերտ զինուորական կապեր ձեւաւորած է դաշինքի շարք մը պետութիւններու` նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու հետ:

Թել Աւիւի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Թրքական Դրօշի
Կիսակայմ Ծածանում. Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ փոխդեսպանը` զինք «յանդիմանելու» համար` դեսպանատան վրայ թրքական դրօշը Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման առիթով իբրեւ սուգի նշան կիսակայմ ծածանելու համար:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հրամայեցի Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչել, Թել Աւիւի մէջ թրքական դեսպանատան թրքական դրօշը Իսմայիլ Հանիէի համար կիսակայմ ծածանումէն ետք զինք բուռն կերպով յանդիմանելու համար»:

«Իսրայէլ պիտի չընդունի սուգի մասնակցութեան արտայայտութիւններ Իսմայիլ Հանիէի նման մարդասպանի մը նկատմամբ, որ ղեկավարն էր ահաբեկչական Համաս կազմակերպութեան, որ 7 հոկտեմբերին բռնաբարութեան եւ սպանութեան արարքներ գործեց, մարդ մը, որ իր բարեկամներուն ու ընկերներուն հետ շնորհակալութեան նամազ կատարեց եւ յաջողութիւն մաղթեց մարդասպաններուն` պատկերասփիւռէն իր տեսած ահաւոր պատկերներէն ետք», աւելցուց Քաց:

Նախորդը

Ըստ «Ժարիտա»-ի. Խամենէի Անտեսած Է Պայտընի Զգուշացումն Ու Առաջարկը

Յաջորդը

Անգարայի Օդակայանին Մէջ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Կալանաւորներու Փոխանակում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?