Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Օդակայանին Մէջ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Կալանաւորներու Փոխանակում

Օգոստոս 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայի միջազգային օդակայանին մէջ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ կալանաւորներու մեծածաւալ փոխանակում տեղի ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին:

Աղբիւրին համաձայն, ընդհանուր առմամբ 26 մարդ փոխանակուած է: Ասիկա իր տեսակին մէջ Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր մեծագոյն փոխանակումն է:

Ըստ թրքական կողմին, Ռուսիա պիտի վերադառնայ 2019 թուականին Պերլինի մէջ նախկին չեչեն մարտական հրամանատար Զելիմխան Խանկոշվիլիի սպանութեան համար գերմանական դատարանի կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Վատիմ Քրասիքովը:

Սպիտակ տունը հաստատեց, որ քանի մը երկիրներու հետ 1 օգոստոսին փոխանակուած գերիներու շարքին են «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի լրագրող Էւան Կերշքովը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Ալսու Քուրմաշեւան, նախկին նաւազ Փոլ Ուիլընը եւ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Վլատիմիր Քարա-Մուրզան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ գործարքը, որ ապահովեց անոնց ազատութիւնը, դիւանագիտական սխրանք էր: Ընդհանուր առմամբ, ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, բանակցած են Ռուսիայէն 16 հոգիի ազատ արձակման շուրջ, ներառեալ Գերմանիոյ 5 եւ Ռուսիոյ 7 քաղաքացիներու, որոնք իրենց երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ եղած են:

«Այս կիներուն եւ տղամարդոց մէկ մասը տարիներ շարունակ անարդարօրէն բանտարկուած է: Անոնք բոլորն ալ կրած են աներեւակայելի տառապանքներ եւ անորոշութիւն: Այսօր անոնց տառապանքը աւարտած է», ըսած է Պայտըն` շեշտելով, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ ամբողջ աշխարհի վրայ անօրինական կերպով կալանաւորուած կամ պատանդ պահուած իւրաքանչիւր ամերիկացի վերամիաւորուի իր ընտանիքին հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շնորհակալութիւն յայտնած է այս գործարքին օգնած կողմերուն, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ, Լեհաստանին, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, որ «տարածք տրամադրած է այդ անձերու Միացեալ Նահանգներ եւ Գերմանիա անվտանգ վերադարձին համար»:

Անգարա. «Պիտի Շարունակենք Նպաստել Միջազգային
Մակարդակի Վրայ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի մէջ 7 երկիրներու միջեւ, թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի հետ համակարգումով տեղի ունեցած գերիներու փոխանակման գործարքին մասին յայտնեց. «Փոխանակման այս գործարքը վերջին տարիներուն ընթացքին ամէնէն համապարփակն է եւ անիկա ներառեց 26 անձեր, որոնք բանտարկուած էին եօթը երկիրներու մէջ, որոնք են` Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Լեհաստանը, Սլովենիան, Նորվեկիան, Ռուսիան եւ Պիելոռուսիան»:

«Փոխանակման գործողութեան ծիրին մէջ, անձերը 7 օդանաւերով փոխադրուեցան Թուրքիա, երկուքը` Միացեալ Նահանգներ եւ մէկական օդանաւեր Գերմանիա, Լեհաստան, Սլովենիա, Նորվեկիա եւ Ռուսիա»:

«10 անձեր, ներառեալ երկու մանուկներ փոխադրուեցան Ռուսիա, 13 անձեր` Գերմանիա, իսկ 3 անձեր` Միացեալ Նահանգներ», նշեց նախարարութիւնը:

«Բանակցութեան հոլովոյթի սկիզբէն մինչեւ վերջին պահը, երբ տեղի ունեցաւ փոխանակումը, բոլոր ապահովական քայլերը, գումակային ծրագրաւորումն ու փոխանակման գործողութեան կարիքները գործադրուեցան թրքական հետախուզութեան կողմէ», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Թուրքիան պիտի շարունակէ բոլոր ներդրումները տրամադրել` երաշխաւորելու միջազգային բեմին վրայ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»:

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ

Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու միջեւ բանտարկեալներու զանգուածային փոխանակումը:

«Եւրոպական Միութիւնը հոգիի մեծ թեթեւութեամբ ընդունեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ կողմէ շարք մը քաղաքական բանտարկեալներու, ներառեալ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու ազատ արձակումը, որ կատարուած է Թուրքիոյ օժանդակութեամբ», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` շարունակելով. «Ազատ արձակուած գործիչները, իրաւապաշտպաններն ու լրագրողները քաղաքական դրդապատճառներով անարդարացի կերպով հետապնդուած ու բանտարկուած էին ռուսական եւ պիելոռուսական վարչակարգերուն կողմէ ու պահուած անտանելի պայմաններու մէջ»:

Պորել նաեւ շեշտած է, որ քաղաքական բանտարկեալները եւ անարդարացիօրէն ռուսական եւ պիելոռուսական բանտերու մէջ պահուող միւս բոլոր անձերը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակուին:

Բանտարկեալներու փոխանակումը ողջունած է նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն:

Ան իր «Էքս»-ի էջին վրայ գրած է. «Ես կ՛ողջունեմ Եւրոպական Միութենէն եւ Միացեալ Նահանգներէն անմեղ քաղաքացիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ գերութեան մէջ գտնուող ուղղամիտ ռուս ժողովրդավարները: Քրեմլինը զանոնք փոխանակած է դատապարտուած յանցագործներու եւ մարդասպաններու հետ: Ասիկա կտրուկ տարբերութիւնը կ՛ընդգծէ: Ասիկա մեծ ուրախութեան պահ է բոլոր անոնց համար, որոնք պայքարած են իրենց ազատութեան համար»:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Արգելակած Է ՕԹԱՆ-Իսրայէլ Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Պայտըն. «Հանիէի Սպանութիւնը Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Գոյացման Չի Նպաստեր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?