Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաթել. «Կը Շարունակենք Խորապէս Ներգրաւուած Ըլլալ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Վերադարձի Հարցին Մէջ»

August 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն կը շարունակէ խորապէս ներգրաւուած ըլլալ Պաքուի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի հարցին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի հարցումին ի պատասխան յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ հոլովոյթին առնչուած նորութիւն չունի:

Նշելով, որ ռուսական բանտէն 1 օգոստոսին ազատ արձակուած է ռուս ընդդիմադիր գործիչ Վլատիմիր Քարա-Մուրզան, լրագրողը շեշտած է, որ արդէն չորս տարի է` Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ հայ պատերազմական գերիներ կը պահուին, իսկ անցեալ տարուան աշնան Ազրպէյճանի կողմէ հերթական չհրահրուած յարձակումէն ետք Պաքուի բանտերուն մէջ նաեւ Արցախի հայ քաղաքական գործիչներ կան:

Լրագրողը, վկայակոչելով նաեւ «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի տուեալները, նշեց, որ Արցախի տարածքը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք աշխարհի վրայ ամէնէն անազատն է: Զուգահեռներ կատարելով Արցախի եւ Հիւսիսային Քորէայի, Վենեզուելայի, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի միջեւ` լրագրողը նկատած է, որ Արցախի մէջ այսօր կացութիւնը աւելի վատ է, քան վերոնշեալ երկիրներուն մէջ:

Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը հետեւի՞ Արցախի մէջ ազատութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան փլուզման, եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կրնա՞յ օգնել Պաքուի մէջ կալանաւորուած հայերու ազատ արձակման:

«Ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի լայն կացութեան, ապա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ խորապէս ներգրաւուած ըլլալ: Ձեր նշած հոլովոյթին առնչուած նորութիւններ չունիմ: Սակայն երբ խօսքը կը վերաբերի կալանաւորներուն, մենք յստակ եւ հետեւողականօրէն կը պնդենք, որ որեւէ երկիր պէտք է բոլոր կալանաւորներուն նկատմամբ արժանապատիւ վերաբերմունք ցուցաբերէ` միջազգային օրէնքի արժեչափերուն համապատասխան, եւ պէտք է յարգէ անոնց իրաւունքները», պատասխանած է Փաթել:

Նախորդը

Պաքուն Փարիզէն Վերստին Կը Պահանջէ Ներում Հայցել «Ֆրանս 2»-ի Մեկնաբանի Խօսքերուն Համար

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 165-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.