Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օ՛Պրայըն. «Մենք Պայմաններ Կը Ստեղծենք, Որպէսզի Հայաստանը Աւելի Հեռանայ Ռուսիայէն»

Օգոստոս 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը դիտարկեն Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն դէպի համաշխարհային շուկաներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքներով նոր ցամաքային ճամբայ ստեղծելու կարելիութիւնը` շրջանցելով Ռուսիան եւ Չինաստանը: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի շրջանային համագործակցութեան եւ անվտանգութեան ենթայանձնախումբին մէջ «Եւրոպայի ապագային» վերաբերեալ լսումներու ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն:

«Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները աներեւեկայելիօրէն հարուստ են, եւ այժմ համաշխարհային շուկաներ մուտք գործելու անոնց միակ տարբերակը Ռուսիոյ կամ Չինաստանի միջոցով է: Եթէ մենք կարենանք բանալ ճամբայ, որ կ՛անցնի Հայաստանէն կամ Ազրպէյճանէն, ապա անոնք ելք պիտի ունենան դէպի համաշխարհային շուկաներ եւ շատ աւելի նուազ կախեալ պիտի ըլլան Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն», ըսած է Օ՛Պրայըն:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման հարցին ան ըսած է. «Երկու կողմերն ալ համաձայնութեան եկած են սահմանազատման հոլովոյթին շուրջ: Անոնք համաձայնած են, թէ ո՛ւր պէտք է ըլլան սահմանները: Կան որոշ հատուածներ, որոնք երկու կողմերն ալ տակաւին կը վերահսկեն: Սակայն հաւանական է, որ անոնք պիտի նահանջեն համաձայնեցուած սահմաններու պատճառով, եւ այս առումով առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն բարձր լեռնային շրջանները: Սակայն կրկին կը շեշտեմ, որ ասիկա հոլովոյթ է, որուն վրայ կ՛աշխատին երկու կողմերը:

«Մենք շատ յստակ ըսած ենք, որ եթէ սահմանի առնչուած փոփոխութիւններ կան, ապա համաձայնեցուած սահմանը պէտք է կիրարկուի, եթէ երկու կողմերը համաձայնութեան չեն եկած: Բանակցութիւնններ կ՛ընթանան խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ»:

«Կ՛ուզենք Հայաստանի համար կարելի դարձնել դիմելը խիզախ քայլերու, որոնց ուղղութեամբ կ՛առաջնորդէ Փաշինեանը», ըսած է ան:

«Հայաստանը նիւթ է, որուն վրայ զգալի ժամանակ կը ծախսենք: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի եւ (Եւրոպական յանձնաժողովի) նախագահ Ֆոն Տեր Լեյենի հետ հանդիպած ենք վարչապետ Փաշինեանի հետ` հիմնադրելով հարթակ` օգնելու, որ Հայաստանը կարենայ սահմանափակել իր կախեալութիւնը Ռուսիայէն: Հայաստանը գրեթէ ամբողջութեամբ տնտեսապէս եւ ուժանիւթային առումով կախեալ է Ռուսիայէն: Անոնց համար կարելիութիւն ստեղծենք խիզախ քայլ կատարելու` Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, որն է` Ռուսիայէն անջատումը», յայտնած է Օ՛Պրայըն:

«Ղարաբաղի կորուստէն ետք Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ աւելի հեռանալ Ռուսիայէն: Մենք պայմաններ կը ստեղծենք, որ ատիկա կեանքի կոչուի: Կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ այս շաբթուան վերջը, երբ քանի մը հազար ռուսական Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան զօրքեր պիտի լքեն Հայաստանը: Ատիկա կարեւոր է քանի մը կէտով, նախ` անոնք միջազգային օդակայանի սահմանապահներ են, այդտեղ նաեւ պատերազմէն ի վեր մաքսանենգութիւն տեղի կ՛ունենայ: Մենք պիտի տեսնենք, թէ արդեօք Ռուսիան կը յարգէ՞ Հայաստանի գերիշխան ցանկութիւնը, որ լքէ այդ տարածքը», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը:

 

Նախորդը

«Չինաստանը Պատրաստ Է Աւելի Խորացնելու Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ, Ներառեալ Անվտանգութեան Ոլորտը» Կ՛ըսէ Չինաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը

Յաջորդը

Ռուս Սահմանապահները Դուրս Եկան «Զուարթնոց» Օդակայանէն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Անկախութիւն` Լիբանանեան Արտադրութեամբ  Որոշումներով Միայն (Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Անկախութիւն` Լիբանանեան Արտադրութեամբ Որոշումներով Միայն (Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)

Նոյեմբեր 21, 2025
Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ

Նոյեմբեր 21, 2025
Կրոնօ. «Պաքուի Մէջ Հանդիպումներու Ժամանակ  Լսած Եմ Յայտարարութիւններ, Որոնք Կը Տարբերին  Հանրային Տիրոյթի Մէջ Անոնց Խօսքերէն»
Հայկական

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?