Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբինեան Եւ Քըլըչ Համաձայնած Են Երկաթուղիի Սահմանային Անցակէտը Գործարկելու Համար Թեքնիք Կարիքները Գնահատել

Յուլիս 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ երէկ համաձայնած են շրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան գործարկելու Ախուրիկ-Աքիաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել մուտքի արտօնագիրներու ընթացակարգերը դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիրներ ունեցողներու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` Մարգարա-Ալիջան անցման կէտին վրայ երէկ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը վերստին ընդգծած են կարգաւորման հոլովոյթը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու համաձայնութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար, ինչպէս նաեւ վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հանդիպումին մասնակիցները վերահաստատած են նախկին հանդիպումներու ընթացքին իրենց գոյացուցած համաձայնութիւնները:

Անոնք համաձայնած են շրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան գործարկելու Ախուրիկ-Աքիաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել մուտքի արտօնագիրներու ընթացակարգերը դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիրներ ունեցողներու համար:

«Վերջապէս, անոնք շեշտեցին իրենց համաձայնութիւնը առանց որեւէ նախապայմանի բնականոնացման հոլովոյթը իրենց համապատասխան երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու ուղղութեամբ շարունակելու», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Քըլըչ անդրադառնալով հանդիպումին գրեց. «Մենք բանակցութիւններու 5-րդ փուլը կատարեցինք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ` առաւօտեան հայկական, կէսօրին թրքական կողմին վրայ: Մենք կառուցողական փոխըմբռնումով քննարկած ենք կարգաւորման հոլովոյթի բոլոր երեւոյթները եւ հետագայ յառաջընթացի կարելիութիւնները»:

Նախորդը

Խամենէի. «Իրան «Զանգեզուրի Երթուղի»-ն Կը Նկատէ Ի Վնաս Հայաստանի Եւ Կը Շարունակէ Տէր Կանգնիլ Այս Դիրքորոշումին»

Յաջորդը

Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Անօդաչու Սարքով Իսրայէլեան Յարձակում Մը Թիրախ Դարձուց Հըզպալլայի Զինուորական Պատասխանատուի Մը Բնակարանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?