Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը նախկին արտաքին գործոց նախարար (2013-2021), 2015 թուականին մեծ տէրութիւններուն հետ հիւլէական համաձայնագիրի գլխաւոր բանակցող Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը նշանակած է ռազմավարական հարցերով փոխնախագահ:
«Ձեզի յանձնարարուած է վերահսկել ազգային եւ միջազգային մեծ զարգացումները, ինչպէս նաեւ` թէ որքանո՛վ կը յաջողինք հասնիլ սահմանադրութեան նպատակներուն», ըստ պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, նշանակման նամակին մէջ նշած է Փեզեշքիան: