Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Հանիէի Սպանութիւնը Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Գոյացման Չի Նպաստեր»

Օգոստոս 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ուղղակի կապ հաստատած է:

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան` ան ըսաւ. «Խոր մտահոգութիւն կը զգամ կացութեան նկատմամբ»:

«Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացման չի նպաստեր»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Պայտըն Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Իսրայէլը հրթիռներէ եւ անօդաչու թռչող սարքերէ պաշտպանելու համար ամերիկեան զինուորական պաշտպանական նոր տեղակայումներու գործողութիւնները:

Պայտըն զրոյցի ընթացքին քննարկած է լարուածութեան մեղմացման եւ Լիբանանի հետ սահմանային շրջանին մէջ լարուածութեան ընդլայնումէն խուսափելու համար ընթացող ջանքերու կարեւորութիւնը:

Սպիտակ տան ղեկավարը վերահաստատած է Իրանէն եւ անոր գործընկերներէն` Համասի, Հըզպալլայի եւ հուսիներու նման ահաբեկչական խմբաւորումներէն բխող բոլոր սպառնալիքներէն Իսրայէլը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Կոչին միացած է նաեւ փոխնախագահ Հարիսը»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր բրիտանացի պաշտօնակից Ճոն Հիլին յայտնեց. «Կարեւոր է միջազգային դաշինք կազմել Իսրայէլը Իրանէն ու անոր դաշնակիցներէն պաշտպանելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Տակաւին մեր իսրայէլացի գործընկերներուն հետ հետախուզական տեղեկութիւնները կը քննենք, եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի սպառնալիքները լուրջի կ՛առնենք»:

 

Նախորդը

Անգարայի Օդակայանին Մէջ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Կալանաւորներու Փոխանակում

Յաջորդը

Զարիֆ Իրանի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?