Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին գումարուած ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան` երեքշաբթի գիշեր Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին յատկացուած արտակարգ նիստի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ազգային պարտաւորութիւնը մեզ մղեց գումարելու կառավարութեան արտակարգ նիստ մը` դիմակայելու իսրայէլեան յարձակումը եւ դատապարտելու ահաբեկումն ու մանուկներու սպանութիւնը, եւ հետեւելու ապահովական զարգացումներուն, որոնք երէկ գիշեր պատահեցան եւ կացութիւնը բախումի վիճակէն դէպի մեծ մտավախութիւններ տանող վտանգաւոր կացութիւն փոխադրեցին»:
«Կը ցանկայի, որ նիստը պոյքոթի ենթարկող նախարարները մասնակցէին այսօրուան նիստին, որովհետեւ պոյքոթի ենթարկելու գործելաոճը ներկայ վտանգաւոր պահուն անօգուտ է», նշեց Միքաթի` աւելցնելով. «Այստեղ Պէյրութը կը ռմբակոծուի եւ անոր մէջ մարդկային արդարութիւնը կ՛ահաբեկուի, իսկ հարաւային Լիբանանը կը շարունակէ, ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ, ռմբակոծումի, հրկիզման, սպանութեան, տեղահանման ու գիւղերու քանդման ենթակայ ըլլալ, եւ կարծէք այն ոճիրը, որ տեղի կ՛ունենայ, պարզապէս արկած է»:
«Բուռն կերպով կը դատապարտենք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած այս յարձակումը, եւ ձայն կը բարձրացնենք զգուշացնելով հարցերու դէպի յոռեգոյնը ուղղուելէն, եթէ թշնամին շարունակէ մնալ իր անխոհեմութեան ու խելագար ոճրագործութեան վրայ», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն:
«Յոյս կը յայտնենք, որ սպանութիւնը դադրի, հարց տալով այս զարգացումին պատճառին շուրջ եւ մտավախութիւն ունենալով կացութեան վատթարացման նկատմամբ, եթէ առնչակից երկիրներն ու ամբողջ միջազգային ընտանիքը չշտապեն զսպելու այս վտանգաւոր սանձարձակութիւնը», յայտնեց ան:
Միքաթի «բուռն կերպով» դատապարտեց Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը, աշխարհին կոչ ուղղեց Իսրայէլին պարտադրելու զինադադար հաստատել, յարգելու միջազգային որոշումներն ու օրէնքները, գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը, «եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր հարազատներուն, եւ մեր մերժումը` Լիբանանի մէջ որեւէ շրջանի վրայ որեւէ յարձակումի»:
Վարչապետի պաշտօնակատարը լիբանանցիներուն միասնականութեան կոչ ուղղեց եւ 1701 որոշումի «անյապաղ» ամբողջական ու լիարժէք գործադրումը պահանջեց:
«Հարաւային արուարձաններուն վրայ ռմբակոծումը բարիքին, հանդարտեցման ջանքերուն եւ փոխհասկացողութիւններուն դէմ ռմբակոծում է, եւ մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ մեր երկրին փրկութեան եւ մեր հասարակութիւնը որեւէ վտանգէ պաշտպանելու վրայ», յայտարարեց Միքաթի:
«Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, այլ` իր զաւակներուն արժանապատուութիւնը եւ ցամաքին, ծովին ու օդին վրայ իր գերիշխանութիւնը պահպանելը, առանց իր իրաւունքներու որեւէ անտեսման», շեշտեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
Տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց, որ նիստերը բաց պիտի մնան:
«Պատերազմ չենք ուզեր, եւ կառավարական ջանքերը կը կեդրոնանան դիւանագիտութեան վրայ, եւ Լիբանանի մէջ մեծ ներքին տեղահանութիւն ըլլալու պարագային կառավարական ծրագիրը պատրաստ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարելիութիւնները բաց են, եւ Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնելը աւանդական հարց դարձաւ, եւ դիւանագիտական լուրջ ջանք պիտի թափենք հարցերու վատթարացումը արգիլելու համար: Ուստի Լիբանան Հարաւային արուարձանները թիրախաորած վերջին յարձակումէն ետք ՄԱԿ-ին բողոք պիտի ներկայացնէ»:
Վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղութեան գործողութիւններու հարցով տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուայի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժինին Հենես-Պլասխարթն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար Առոլտօ Լազարոն:
Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հէրվէ Մակրոյի, ապա Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի հետ:
Ֆրանսայի դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վերջին զարգացումները քննարկեցինք եւ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք ներկայ կացութեան նկատմամբ, որ դէպի մագլցում կ՛ուղղուի, եւ պէտք է տեղի ունեցածին հետեւանքները դարմանել եւ սպասել յառաջիկայ ժամերու զարգացումներուն»:
«Դժբախտաբար կը գտնուինք կացութեան մը մէջ, որմէ միշտ զգուշացուցինք: Առնչակից կողմերուն շարունակ կոչ ուղղեցինք` մագլցում չկատարելու, որովհետեւ կը գիտակցէինք, որ լարուածութեան գոյութեան պարագային ամէն ինչ կրնայ տեղի ունենալ: Դժբախտաբար մենք մեր նախատեսած կացութեան մէջ ենք, այդ պատճառով վերջին ամիսներուն մագլցումէն խուսափելու փորձով մը մեծ ջանք թափեցինք: Պիտի շարունակենք մեր ջանքերը, եւ պատճառ չկայ, որ հանդարտեցման մեր ջանքերը չշարունակենք»: