Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Մէջ «Հրթիռներու Ճամբով Հաղորդակցութիւնները» Դադրեցնելու

August 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլօ յայտարարեց, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած տարբեր յարձակումները «վտանգաւոր մագլցում» կը ներկայացնեն եւ կոչ ուղղեց «հրթիռներու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ մահաբեր յարձակումներու ճամբով հաղորդակցութիւնները դադրեցնելու»:

Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Միջին Արեւելքի կացութեան, ներառեալ Պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ քննարկումի ընթացքին ներկայացուցած զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին, ինչպէս նաեւ բռնագրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղին մէջ 12 մանուկներու մահուան ու տասնեակներով ուրիշներու վիրաւորման պատճառ դարձած դէպքին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը շեշտեց. «Շտապ կարիք կայ դիւանագիտական ջանքերու` փոխելու համար ընթացքը եւ ձգտելու դէպի խաղաղութիւն ու շրջանային կայունութիւն ընթացքի»:

Ան վերահաստատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` ի շահ շրջանային խաղաղութեան եւ բոլորին համար երկարատեւ կայունութեան շրջանային լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ ժրաջան կերպով աշխատելու կոչը:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է միասնաբար աշխատի կանխարգիլելու որեւէ քայլ, որ տագնապը արագօրէն աւելի մեծ ու լայնածաւալ կը դարձնէ», ըսաւ Տիքարլօ:

Ան նշեց, որ կարիքը կայ դիւանագիտական արագ ու ազդու աշխատանքի` նուազեցնելու համար շրջանային լարուածութիւնը, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այս առումով վճռորոշ դերակատարութիւն ունի:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը հարուած է շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ պահուող պատանդներու վերաբերեալ միջնորդութեան»:

«Այս սադրիչ յարձակումը գործադրուեցաւ, մինչ Համասի ղեկավարը պաշտօնական հրաւէրով կը գտնուէր Իրան` մասնակցելու համար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան:

«Այդ քաղաքական ահաբեկչութեան ետին կանգնողները պէտք էր գիտակցէին ամբողջ շրջանին վրայ այդ արարքին հաւանական վտանգին տարողութիւնը: Նախ եւ առաջ վտանգաւոր հարուած հասցուեցաւ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն, որոնց ուղղակի մասնակից էր Իսմայիլ Հանիէն», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի տեղակալ Ռապըրթ Ուոտ իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք Հըզպալլայէն եւ Համասէն պաշտպանելու»:

«Հըզպալլան շրջանին մէջ միակ խմբաւորումը չէ, որ կը վայելէ Իրանի աջակցութիւնը, որովհետեւ հուսիները միջազգային օրէնքը կը խախտեն նաւերու վրայ յարձակումներ շղթայազերծելով», ըսաւ ան` Իրանին կոչ ուղղելով «յարգելու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները»:

Նախորդը

Օսթին. «Ուաշինկթըն Չի Նախատեսեր, Որ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Աւելնան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.