Պաքու արձագանգած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հարցազրոյցին մէջ հնչած որոշ յայտարարութիւններուն` մասնաւորաբար Արցախի հայերու վերադարձին առնչուող, եւ զանոնք որակած «կողմնակալ, հարուած այն կառոյցին հեղինակութեան, որուն Քլաար կը ներկայացնէ»:
Քլաար «Ժամ-նիուզ» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի հարցը ամբողջովին տարբեր է Արցախի հայութեան տունդարձէն, եւ անոնք մէկ հարթութեան վրայ չեն կրնար դրուիլ:
«Նախ եւ առաջ Ազրպէյճանը պարտաւոր է դիւրացնել ղարաբաղցի հայերու` իրենց պապենական օճախներ վերադարձը: Երկրորդը` Ազրպէյճանի այլ շրջաններուն մէջ, ներառեալ Պաքուի մէջ ապրած հայերու, կամ Հայաստանի մէջ ապրած ազրպէյճանցիներու հարցն է: Բնականաբար, անոնք պէտք է նաեւ կարենան այցելել այն վայրերը, ուր իրենք կամ իրենց ընտանիքները ապրած են, կամ նոյնիսկ վերադառնալ այդ վայրերը, եթէ այդպէս կ՛ուզեն: Ատիկա նոյնպէս պէտք է ըլլայ բնականոնացման արդիւնք, սակայն ատիկա բոլորովին այլ հարց է` Ղարաբաղի հայութեան հարցէն զատ», ըսած էր Քլաար:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վասիֆ Ալիեւ պատասխանելով Քլաարին ըսած է. «Հայաստանի պարտաւորութիւնն է ստեղծել համապատասխան պայմաններ Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցիներու հայրենի հողեր անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին համար, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է պահանջէ այդ պարտաւորութեան կատարումը»:
«Ազրպէյճանական կողմը կը յարգէ Ազրպէյճան վերադառնալու մտադրութիւնը միայն այն հայազգի անձերուն, որոնք կը յարգեն իրենց երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:
Ազրպէյճանի նախագահը վստահեցուցած էր, որ Արցախ վերադառնալ ուզողները ատոր իրաւունքը ունին, անոնց սեփականութիւնը պատշաճ կերպով պաշտպանուած է, սակայն վերադառնալու համար հայերը պէտք է դիմեն Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար կամ ալ աշխատանքի կեցութեան իրաւունք ստանան:


