Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Մեր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռանալու վերաբերեալ Զգուշացնելով Կը Փորձենք Միջին Արեւելքի Մէջ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուիլ»

August 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը կիրակի օր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն հեռանալու վերաբերեալ զգուշացնելով կը փորձեն Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ զարգացումի պատրաստուիլ»:

«Միացեալ Նահանգներ օդանաւակիր մը Միջին Արեւելք կ՛ուղարկէ` բացառապէս պաշտպանական նպատակներով», յայտարարեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Նպատակը, ընդհանուր առմամբ, շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելն է»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Իսրայէլի անվտանգութեան Ուաշինկթընի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը պաշտպանելու համար ամերիկեան զսպիչ ուժերու ամրապնդումները:

Օսթին շեշտած է, որ պէտք է լարուածութիւնը հանդարտեցնել, եւ ուժեղ աջակցութիւն յայտնած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման:

«Յաւելեալ մագլցումը անխուսափելի չէ: Բոլորը հանդարտեցումէն պիտի օգտուին` նաեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման միջոցով»:

Փենթակոնի ղեկավարը նախապէս հրամայած էր ծովուժին պատկանող նաւեր ու խորտընկէցներ ուղարկել Միջին Արեւելք:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ կիրակի օր յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը պատրաստ է ցամաքէն եւ օդէն որեւէ յարձակումի հակադարձելու»:

«Եթէ Հըզպալլան ու Իրանը որոշեն յարձակում գործել, շատ սուղ գին պիտի վճարեն», նշեց Կալանթ:

«Մեր ուժերը պատրաստ են արագօրէն գործի լծուելու, եթէ Իսրայէլ որեւէ յարձակումի ենթարկուի», աւելցուց ան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտարարեց. «Պիտի հակադարձենք մեր դէմ ուղղուած որեւէ թշնամական արարքի, ուրկէ ալ ըլլայ անիկա»:

Իսրայէլի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Միրի Ռեկեւ յայտարարեց. «Եթէ յարձակումի ենթարկուինք, կրնանք իսրայէլեան օդուժը, Յունաստանի մէջ Աթէնքէն ու Կիպրոսի մէջ Լարնաքայէն մարտանաւեր օգտագործել»:

Յիշեցնենք, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախապէս զգուշացուցած էր Կիպրոսը Լիբանանի վրայ որեւէ յարձակումի ընթացքին Իսրայէլին օգնելու որեւէ դեր ստանձնելէ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Որեւէ կասկած չունինք, որ սիոնական գոյացութեան դէմ ուղղուած Իրանի խելացի եւ ուժեղ հակադարձութիւնը պիտի պաղեցնէ ժողովուրդին, Դիմադրութեան ուժերուն եւ աշխարհի վրայ ազատութեան ձգտողներուն սրտերը»:

«Հակադարձութիւնը այդ գոյացութիւնն ու անոր աջակցող Ամերիկան պիտի մղէ զղջալու իրենց գործած արարքին համար եւ անոնց ստիպէ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց հաշիւները, որպէսզի Իրանի անվտանգութեան եւ շրջանի խաղաղութեան վնաս հասցնող սխալ մը չգործեն», ըսաւ Քալիպաֆ:

«Զսպիչ հակադարձութիւն մը եւ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի արեան համար վրէժ լուծել կը պահանջենք», յայտնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը` աւելցնելով. «Թեհրան իր հողերուն վրայ որեւէ յարձակում անպատասխան չէ ձգած եւ ապագային ալ պիտի չձգէ»:

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Օրուան Առիթով Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

Քլաար. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ակնկալէ, Որ Ղարաբաղի Հայերը Պաքուի Հետ Ուղիղ Կը Բանակցին Հայրենի Շրջան Անվտանգ Ու Արժանապատիւ Վերադարձին Շուրջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.