Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նասրալլա. «Իսրայէլին Մեր Հակադարձութեան Ներկայ Սպասումը Պատիժին Մէկ Մասն Է»

August 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ֆուատ Շուքրի սպանութեան եօթնօրէքին առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ կրնայ խօսք արտասանած ատենս Հարաւային արուարձաններուն վերեւ «Ձայնի պատ»-ը խզել` գրգռութեան եւ ոգեկոչման ձեռնարկին ներկաները վախցնելու համար: Եթէ ասիկա տեղի ունենայ, պատշաճ կարգախօսներով կը պատասխանենք»:

Նշենք, որ անոր խօսքի ճշդուած ժամէն վայրկեաններ առաջ իսրայէլեան օդուժը 2 անգամ Պէյրութի եւ Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններուն վերեւ խզած էր «Ձայնի պատ»-ը:

«Իսրայէլեան գոյացութեան մէջ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումի մերժման շուրջ գրեթէ մեծ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի, անկախ այդ պետութեան բնոյթէն, ինչ որ կարեւոր զարգացում է բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին իրենց գրաւը կը դնեն Պաղեստինեան դատի բանակցային հոլովոյթին վրայ», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան այս առումով վկայակոչեց Քնեսեթին կողմէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը մերժող որոշումի որդեգրումը` նշելով, որ Ամերիկան տակաւին կը պնդէ «երկու պետութիւններ» լուծումին վրայ: «Պաղեստինի պետութեան մասին ամերիկեան խօսքերը կեղծաւորութիւն եւ սուտ են», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Նեթանիահու կը պնդէ Կազայի մէջ զինադադարը մերժելուն վրայ, որովհետեւ Կազայի մէջ ունի ծրագիր մը` անոր բնակիչները արմատախիլ ընել եւ շրջանին վրայ ապահովական վերահսկողութիւն հաստատել», աւելցուց սէյիտ Նասրալլա:

«Իսրայէլացին կը մերժէ պաղեստինեան պետութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա միայն Կազայի մէջ ըլլայ», ըսաւ ան:

«Եթէ Նեթանիահուի կառավարութիւնը Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ յաղթէ, ատիկա կը նշանակէ, թէ Աքսայի մզկիթը, Յարութեան տաճարը եւ Պաղեստինեան դատը մեծ վտանգի տակ պիտի ըլլան», զգուշացուց սէյիտ Նասրալլա:

«Լիբանանցի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղեմ` գիտակցելու գոյութիւն ունեցող վտանգներուն տարողութիւնը, եւ ոչ ոք պէտք է վախնայ Դիմադրութեան յաղթանակէն», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով, որ պէտք է Իսրայէլի յաղթանակէն վախնալ:

«Ան, որ Լիբանանի մէջ մեզի չի զօրակցիր, իրմէ կը խնդրենք, որ մեզ մեր կռնակէն չդաշունահարէ եւ հոգեբանական պատերազմին մեղսակից չըլլայ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Իսմայիլ Հանիէի եւ Ֆուատ Շուքրի սպանութենէն ետք, Իրանը պիտի հակադարձէ եւ Հըզպալլան ալ պիտի հակադարձէ` աւելցնելով, որ Իսրայէլի այդ հակադարձութիւնը շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր սպասելը պատիժին մէկ մասն է: «Պիտի հակադարձենք, սակայն ուշադրութեամբ ու հանդարտութեամբ, եւ Իսրայէլին սպասելը պատիժին մէկ մասն է», նշեց ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլեան հիւսիսի մէջ գտնուող իսրայէլեան գործարանները, որոնց գինը աւելի քան 130 միլիառ տոլար է, կէս ժամուան մէջ կ՛ոչնչացուին»:

«Կրնանք առանձին հակադարձել եւ կրնանք Դիմադրութեան առանցքին հաւաքական պատասխանին ծիրին մէջ հակադարձել», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլացին ինք է, որ Լիբանանի եւ Իրանի հետ մագլցումը ընտրեց»:

«Մեր պատասխանը պիտի գայ եւ ուժեղ ու ազդու պիտի ըլլայ», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախորդը

Միքաթի. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք` Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներն Ու Անոր Ուղղուած Սպառնալիքները Դադրեցնելու»

Յաջորդը

Հայաստան Չի Մասնակցիր Նովոսիպիրսքի Մէջ ՀԱՊԿ-ի «Քոպալթ-2024» Ռազմափորձերուն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.