Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Փոթորիկներ, Լիբանանեան Նաւն Ու Պէյրութի Չխաղաղող Նաւահանգիստը

Օգոստոս 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 4-րդ տարելիցը տխուր յիշատակներ արթնցուց ոչ միայն մարդկային իմաստով, այլ նաեւ քաղաքացիական ու պետական: Պայթումի պատճառահետեւանքային երեսներու առարկայական քննութեան բացակայութիւնը, պատասխանատուներու նկատմամբ առ այսօր շարունակուող ամենաթողութիւնը եւ մանաւանդ կանխարգելիչ միջոցառումներու որդեգրման նպատակով որեւէ քայլ չառնելու երեւոյթը մեղմ ըսելաձեւով հեռանկարը մթագնած կը պահեն:

Այս գործողութիւնները անհրաժեշտ էին նոր մեկնարկ ապահովելու համար: Ծով ունեցող երկրի գլխաւոր նաւահանգիստին աւերուած մնալը բարացուցական է: Չորս տարիէ ի վեր չեն բանիր գլխաւոր նաւահանգիստին հիմնական կառուցուածքն ու ենթակառուցուածքները: Կը գործեն այլընտրանքներ մասնակիօրէն, մինչ աւերուած կը շարունակէ մնալ երկրի մը խորհրդանիշ նկատուող գլխաւոր եկամտաբեր հաստատութիւնը:

Նաւահանգիստի վերակառուցման մեկնարկի անտեսանելիութիւնը անշուշտ ունի քաղաքական բացատրութիւններ, որոնք ներլիբանանեան սահմաններու մէջ չեն: Լիբանանի վերականգնումի ազդանշանը դեռ չ՛երեւիր: Այլապէս, օտար ընկերութիւններ շատ արագ պատուէր կը ստանան ներկայացնելու վերանորոգման  իրենց ծրագիրները, շրջանառութեան մէջ կը դրուին սեփականաշնորհման նախագիծեր, թէկուզ ձեւական աճուրդներ եւ նուազուրդներ կը կազմակերպուին գործը ստանձնելու, եւ շինարարութիւնը թափ կը հաւաքէ արագօրէն: Երբ պահը հասուննայ կամ կանաչ լոյսերը վառին:

Ծովային սահմանազատման համաձայնութեամբ կը թուէր, որ այդ պահը սկսած է մօտենալ: Հիմա ցամաքային սահմանազատումի մասին կ՛արծարծուի: Նոյն պատուիրակը մագոգային այցելութիւններով կ՛առաջադրէ 1701-ը, կը խօսի ուժերու հայելային յետքաշման, միջանկեալ գօտիի ստեղծման մասին:

Խնդիրները փոխկապակցուած են սակայն: Եթէ «երկու պետութիւն»-ը միջազգային օրակարգի վերածելու քաղաքականութիւն կը նշմարուի, ապա ծովային սահմանազատումէն ետք ցամաքային սահմանազատումի գործընթացի անցումը անհրաժեշտ կը նկատուի: Մինչեւ հոն հասնիլը սակայն ցնցումներ տեղի կ՛ունենան:

Տարածաշրջանին մէջ ռազմական հրաբուխներու փոխկապակցուածութիւնը աւելի պարզ կը դառնայ այս ձեւով: Տեղական հրդեհներ` Կազայէն հարաւային Լիբանան, Կարմիր ծովէն Իրաք բազմակէտային թիրախային սահմանափակ պատերազմական գործողութիւններու համապատկեր մըն էր, որ կը շարունակուէր մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ եղած հրթիռակոծումը եւ ընդամէնը ժամեր անց Թեհրանի գործողութիւնը:

Հակադարձելու սպառնալիքները առաստաղի նոր աստիճանաչափ գրանցեցին: Ցաւոտ եւ ուժգին պատասխաններու խոստումները հասկցուցին, որ այլ տարածքներու վրայ կիրարկուած գործողութիւնները կրնան տեղափոխուիլ կողմերու տարածքներ` ռազմախաղի կանոնները հիմնովին փոխելու հեռանկարով:

Սպառնալիքներուն յաջորդեցին Լիբանանի օդակայան հասնող եւ այնտեղէն մեկնող բազմաթիւ թռիչքներու առկախումը, չեղարկումը եւ օտարերկրեայ դեսպանութիւններու հաղորդագրութիւնները իրենց քաղաքացիներուն թելադրելու, որ անյապաղ լքեն լիբանանեան տարածքները: Անոնց հետեւեցան կարգ մը դեսպանատուներու անձնակազմերու տարհանման գործողութիւնները:

Յառաջիկայ ժամերն ու օրերը կանխատեսելի չեն: Մեծ հարցականը կը մնայ նոյնը` հակահարուածները որքան ալ տարողունակ եւ ուժգին ըլլան, ռազմական բախումնային այս «բանակցութիւնները» կը վերածե՞ն ծաւալային պատերազմի, թէ՞ կողմերը կը վերադառնան թիրախայինին եւ սահմանափակին:

Յիշելը օգտակար է թերեւս, որ այս վերջին մագլցումին նախորդած էին Կազայի մէջ զինադուլի հաստատման համար ճնշումներ, որպէսզի կողմերը յայտնեն իրենց համաձայնութիւնը: Յատկապէս իսրայէլեան կողմը: Կոլանի հրթիռակոծումին առիթով Թել Աւիւը մեղադրանքներ հնչեցուց եւ փոխեց ընթացքին ուղղութիւնը:

Որեւէ զինադուլի հաստատման կը յաջորդեն երկխօսութիւն, բանակցութիւններ, որոնք դրականի պարագային կը յանգին համաձայնութիւններու: Նոյնպէս կը նախորդեն ցնցումներ, բախումներ,թէժացումներ, գուցէ նաեւ ռազմական ընդհարումներու կանոններու ժամանակաւոր փոփոխութիւններ:

Փոթորիկներէ անցնող լիբանանեան նաւը դեռ չի տեսներ Պէյրութի խաղաղ նաւահանգիստը: Տեսանելիութիւնը պայմանաւորուած է նաւահանգիստի վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկով: Անիկա իր հերթին` աշխարհաքաղաքական, տարածաշրջանային բարդ հանգամանքներով:

 

Նախորդը

Նշմար. Միայն Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Օգոստոս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?