Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ունակն Ու Անվերահսկելին

Օգոստոս 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Համասի նորընտիր նախագահ Եահիա Սինուարը ունակ է զինադուլի հասնելու, ուշագրաւ ուղերձներ կը պարփակէ: Յայտարարութեան ընդհանուր պարունակը կարեւոր է: Անիկա քանի մը կարեւոր բաղադրիչ ունի:

Ըստ Պլինքընի, Համասի քաղաքական թեւի նոր առաջնորդը ունակ է ապահովելու հրադադարի համաձայնութիւնը` դադրեցնելով պատերազմը Կազայի մէջ եւ ազատելով պատանդները: Սինուարը, ըստ Պլինքընի, եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հիմնական որոշողը հրադադարի կնքման:

Քաղաքական ընթերցումը քանի մը կէտ կ՛ընդգծէ:

Առաջինը այն, որ Սինուարը օժտուած է ղեկավարի յատկանիշներով եւ ըստ էութեան ազդեցիկ դէմքն է Համասի: Հրադադարի հաստատումը սակայն այս յայտարարութեամբ կը պայմանաւորուի պատանդներու ազատ արձակումով: Կ՛ընկալուի այնպէս, որ եթէ Սինուարը եթէ համաձայն ըլլայ պատանդներու ազատ արձակման, ապա հրադադարի հաստատումը կ՛իրականանայ: Պատասխանատուութիւնը Կազայի մէջ հրադադարի նոր ղեկավարի ուսերուն է, որ պէտք է միակողմանի համաձայնի պատանդներու ազատ արձակման: Այստեղ չի նշուիր, թէ ինչի՛ դիմաց Համասի ղեկավարը պէտք է համաձայն գտնուի պատանդները ազատ արձակելու: Բնականաբար խնամքով կը շրջանցուի Թել Աւիւի մերժողականութիւնն ու հիմնական պատասխանատուութիւնը հրադադարի չհաստատման:

Երկրորդը այն է, որ ամերիկացի թիւ 1 դիւանագէտը կ՛ուզէ պարզ դարձնել Համասի նորընտիր ղեկավարին ոչ միայն ներկայ բացարձակ լիազօրութիւններն ու որոշումի կայացման  տէրը ըլլալու հանգամանքը, այլ նաեւ նուրբ ձեւով դէպի նախկին դրութիւն ակնարկ կը կատարէ: Երբ կը յայտարարէ, որ Սինուարը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հրադադարի կնքման հիմնական որոշողը, ապա ատիկա կը նշանակէ, որ Հանիէի ողջութեան շրջանին եւս հիմնական որոշումը  կը գտնուէր Սինուարի մօտ: Այսպիսով այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Հանիէն բանակցողն էր, իսկ Սինուարը որոշողը:

Այս փուլը ամերիկեան մօտեցումով կը տեղափոխուի զուտ ռազմական դաշտ: Յարձակումի ետին կանգնած Սինուարը, հիմա ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պատասխանատուութիւնը կը կրէ այս ձեւով:

Մինչ Ռամալլայէն կը հնչեն Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու պատրաստակամութեան դիրքորոշումներ, որոշ պայմաններու յիշեցումով` Կազայի տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում, Երուսաղէմի կարգավիճակ եւ այլն: Նախադրեալներ «Երկու պետութիւն» բանաձեւին ընդառաջ:

Կազայի մէջ հրադադարի անհրաժեշտութեան յուշումներուն կամ Պաղեստին-Իսրայէլ համաձայնութեան մասին ակնարկներու բարձրաձայնումներուն զուգահեռ կը շրջանառուի տեղեկատուութիւն միջնորդութիւններու, որպէսզի Իրանն ու Իսրայէլը խուսափին մեծ ճակատումներէ եւ տարածաշրջանային բռնկումներէ: Չափաւոր պատասխաններու յորդորներ կը փոխանցուին: Այստեղ եւս պատասխանատուութեան լուռ տեղադրում կայ Իրանին եւ Հըզպալլային մնալու չափի մէջ, այլապէս գործողութիւնները կրնան վերահսկողութենէ դուրս գալ:

Թրքական մամուլը հրապարակումներ կը կատարէր Թուրքիոյ վրայով Իրան մեկնած ամերիկացի պաշտօնատարներու ունեցած բանակցութիւններուն մասին: Ըստ այդ հրապարակումներուն, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները յայտնած են, որ Նեթանիահուն անվերահսկելի դարձած է, հետեւաբար Իրանը պէտք չէ ներքաշուի Իսրայէլի ծուղակը եւ պատերազմի մէջ մտնէ:

Եթէ վերի յայտարարութիւնն ու այս հրապարակումը համատեղենք, կը ստանանք այն, որ Համասի նախագահը ունակ է հրադադար հաստատելու, մինչ Իսրայէլի վարչապետը վերահսկողութենէ դուրս է: Քաղաքական ընթերցումը այն է, որ Իսրայէլը յորդորներուն կրնայ չընդառաջել եւ դիմել մեծ արկածախնդրութիւններու: Իսկ Համասի ղեկավարը, որ որոշումին տէրն է եւ իրմէ կախեալ է հրադադարի հաստատումը եւ թէ ան պէտք է երթայ այդ ընտրանքին:

Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ պատասխանելու ժամկէտներ չկան, հակառակ Ուաշինկթընի սահմանած օրերուն եւ ժամերուն այս իմաստով: Այս կ՛ենթադրէ, որ կը գտնուինք Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման ճնշումներուն եւ հակադարձութիւններու կամ անոնց կանխարգիլման նպատակով իսրայէլեան նոր գործողութիւններու միջեւ:

Կազայի հրադադարը կրնայ բեկում ապահովել  տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Իսկ այդ մէկը կախեալ չէ միայն ունակէն եւ անվերահսկելիէն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին Պաքուի Յայտարարութեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Օգոստոս 2024)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?