Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլաար. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ակնկալէ, Որ Ղարաբաղի Հայերը Պաքուի Հետ Ուղիղ Կը Բանակցին Հայրենի Շրջան Անվտանգ Ու Արժանապատիւ Վերադարձին Շուրջ»

Օգոստոս 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յոյսով եմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքական կամքին եւ շարունակական ջանքերուն շնորհիւ թշնամութեան եւ բռնութեան էջը այժմ վերջնականապէս կրնայ շրջուիլ` ի շահ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ Ղարաբաղի հայերը: Այս մասին «ժամ-նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:

«Եւրոպական Միութիւնը շատ յստակ է այս հարցին մէջ, եւ ատիկա նաեւ իմ ակնկալիքս է, որ Ղարաբաղի հայերը կը մասնակցին կարգաւորման հոլովոյթին, եւ որ Պաքուի եւ անոնց միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ կ՛ըլլան իրենց հայրենի շրջան անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձին շուրջ: Ազրպէյճանը այս հարցին մէջ իսկապէս պարտաւորութիւն ունի, ինչ որ, ինծի կը թուի, չի հերքեր: Նման պարագայի շրջագիծերն ու պայմանները պէտք է գտնել եւ անոնց շուրջ համաձայնիլ ներառական եւ փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան միջոցով: Բնականոնացումը ինծի համար կը նշանակէ բաց վէրքեր չունենալ, եւ, հետեւաբար այս հարցը պէտք է ըլլայ աւելի լայն խաղաղութեան հոլովոյթի մաս», ըսած է Քլաար:

Ան ընդգծած է, որ այս ծիրին մէջ երբեմն կ՛արծարծուին այլ հարցեր, ինչպէս, օրինակ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի հարցը: «Ինծի համար ասոնք բոլորովին տարբեր հարցեր են, որոնք կարելի չէ իրարու խառնել», նշած է ան:

«Նախ եւ առաջ Ազրպէյճանը պարտաւոր է դիւրացնել ղարաբաղցի հայերու` իրենց պապենական օճախներ վերադարձը: Երկրորդ` Ազրպէյճանի այլ շրջաններուն մէջ, ներառեալ Պաքուի մէջ ապրած հայերու, կամ Հայաստանի մէջ ապրած ազրպէյճանցիներու հարցն է: Բնականաբար, անոնք պէտք է նաեւ կարենան այցելել այն վայրերը, ուր իրենք կամ իրենց ընտանիքները ապրած են, կամ նոյնիսկ վերադառնալ այդ վայրերը, եթէ այդպէս կ՛ուզեն: Ատիկա նոյնպէս պէտք է ըլլայ բնականոնացման արդիւնք, սակայն ատիկա բոլորովին այլ հարց է` Ղարաբաղի հայութեան հարցէն զատ», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն Քլաար յայտնած է. «Որքան գիտեմ, խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի մեծ մասին շուրջ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է: Ինծի կը թուի, թէ միակ բանը, որ կը պակսի, քաղաքական կամքն է, որ անհրաժեշտ է վերջնագիծին հասնելու համար:

«Մենք համոզուած ենք, որ մնացած հարցերուն եւ ձեւակերպումներուն վերաբերեալ վերջնական համաձայնութիւնը հասանելի է: Խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ատոր հետագայ կեանքի կոչումը հիմնովին պիտի փոխեն շրջանին մէջ կացութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ ղեկավարները նոյնպէս կը կիսեն այս տեսակէտը եւ պիտի ձեռնարկեն բոլոր ջանքերուն, որոնք անհրաժեշտ են այդ հարցին մէջ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար»:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Բրիտանիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի չհանդիպելու փաստը ցոյց տուաւ, որ հոլովոյթը որքան փխրուն է:

 

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Մեր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռանալու վերաբերեալ Զգուշացնելով Կը Փորձենք Միջին Արեւելքի Մէջ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուիլ»

Յաջորդը

Նշմար. Միայն Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?