Աշխարհի վրայ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու ղեկավար Ժան Փիեռ Լաքրուա յայտնեց, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ խաղաղապահ առաքելութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը այսօր «աւելի քան երբեք կարեւոր է, եւ ան հաղորդակցութեան միակ միջոցն է երկու կողմերուն` իսրայէլեան կողմին ու լիբանանեանին (ներառեալ Հըզպալլան) միջեւ` իր բոլոր տարրերով:
Լաքրուա ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը «հիմնական է, որովհետեւ մեզի կ՛արտօնէ կարգ մը հարցեր յստակացնել եւ սխալ հասկացողութենէն խուսափիլ: Սխալ հասկացողութիւնն ու սանձազերծ մագլցումը փափաքելի չեն»:
Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իր պարեկութիւնը կանոնաւոր կերպով կը կատարէ «լիբանանեան բանակին հետ համակարգաբար»:
Լաքրուա նշեց, որ խաղաղապահ ուժերը ներկայիս պիտի մնան շրջանին մէջ, եւ անոնց ներկայութիւնը վերատեսութեան պիտի չենթարկուի, բացի եթէ իրենց առաքելութիւնը կատարելը անկարելի դառնայ կամ անոնց անվտանգութիւնը «շատ վտանգաւոր սպառնալիքներու» ենթարկուի` աւելցնելով, որ անոնց կարգ մը անդամները վիրաւորուած են եւ կարգ մը ճամբարները վնասուած:
Անոր համաձայն, Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը հիմնական է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
«Թերեւս վերջին օրերուն պատահածէն ետ Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու առիթները, առնուազն մօտիկ ապագային համար, նուազեցան, սակայն գոյութիւն ունի այն յոյսը, որ Կազայի մէջ կռիւներու դադրեցումը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ նոյն բանին յանգեցնէ», ըսաւ Լաքրուա:
Ան աւելցուց, որ զինադադարի հաստատումէն ետք, երկու կողմերը պէտք է ձեռնարկեն «իմաստալից բանակցային հոլովոյթի»` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, որ վերջ տուաւ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ 2006 թուականի պատերազմին, եւ որուն համաձայն` լիբանանեան բանակն ու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միակ զինեալ ուժերը պիտի ըլլան:
Լաքրուա շեշտեց, որ ինք լաւատես է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յաւելեալ մէկ տարիով պիտի վերանորոգէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, որ կ՛աւարտի օգոստոսի վերջ: