Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Քիեւէն բացատրութիւններ խնդրել Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յարձակումին վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի:
«Վերջին բանը, որ կ՛ուզէի աւելցնել, այն է, որ մենք մտադիր ենք կապ հաստատել մեր ուքրանացի գործընկերներուն հետ` աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է», ըսաւ Քըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս տեղեակ չեն եղած Քուրսքի մարզին մէջ Ուքրանիոյ բանակի յարձակումէն:
«Միացեալ Նահանգներ կապի մէջ են Ուքրանիոյ հետ` հասկնալու համար այդ գործողութեան առումով Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ծրագիրները», յայտնեցին նախարարութենէն:
Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքական հարցերով ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ` մեկնաբանելով Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, յայտարարեց, որ Ուքրանիան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի եւ կրնայ ռուսական տարածքը հարուածել:
«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիովին աջակցիլ Ուքրանիոյ օրինական իրաւունքին` պաշտպանուելու ռուսական յարձակումէն, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղուած անոր ջանքերուն», աւելցուցած է Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը:
Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու սահմանային շրջաններուն մէջ յառաջխաղացքը դադրեցուած է:
Ուքրանացի զինուորները Ռուսիոյ Քուրսք մարզին Սուտժանսքի եւ Քորենեւսի շրջաններուն մէջ երեք օրէ ի վեր փորձեն սահմանը ճեղքել: Յարձակումը ետ կը մղուի ռուս զինուորներու եւ սահմանապահներու կողմէ:
Ըստ ռուսական կողմին, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կորսնցուցած են մինչեւ 260 զինուոր եւ 50 զրահապատ մեքենայ, ներառեալ 7 հրասայլ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կառավարութեան անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Քուրսքի մարզին մէջ ստեղծուած կացութեան` ընդգծելով, որ Քիեւի վարչակարգը զինեալ սադրանքի ձեռնարկած է` յարձակելով քաղաքային կառոյցներու վրայ:
Պատերազմի ուսումնասիրութեան ամերիկեան հիմնարկի վերջին զեկուցումին համաձայն, ուքրանական զօրքերը հաւանական է, որ տասը քիլոմեթր խորացած ըլլան Քուրսքի շրջանի տարածքին մէջ:
Ռուսական պաշտպանութեան նախարարութեան մօտիկ եղող «Ռիպար» թելեկրամեան ալիքին համաձայն, ուքրանացի զինուորները գրաւած են Սուջայի արեւմտեան հատուածը:
Կը նշուի, որ ռուսական կողմէն այս տարածքը կը պաշտպանեն հիմնականին մէջ «տեղւոյն զինեալները»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 6 օգոստոսին հաղորդեց, որ ուքրանական բանակը աւելի քան 300 զինուորներով, 11 հրասայլերով եւ 20 զրահապատ մեքենաներով յարձակած է սահմանամերձ ռուսական դիրքերու վրայ: