Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եահիա Սընուար` Համասի Քաղաքական Գրասենեակի Ղեկավար

Օգոստոս 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նոր նախագահ Եահիա Սընուար պէտք է Կազայի մէջ Իսրայէլի հետ զինադադարի վերաբերեալ որոշում տայ:

«Սընուարը էր եւ կը շարունակէ մնալ (Կազայի մէջ) զինադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ որոշումին գլխաւոր տէրը», ըսաւ Պլինքըն:

Նշենք, որ Համաս երեքշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ Եահիա Սընուար ընտրուած է շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ` փոխարինելով Իսմայիլ Հանիէն:

Շարժումը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ շարժումի կառոյցներու ղեկավարներուն հետ խոր ու ընդլայնուած խորհրդակցութիւններէ եւ քննարկումներէ ետք Համաս որոշած է Սընուարը ընտրել իր քաղաքական գրասենեակի ղեկավար:

1962-ի ծնունդ Եահիա Սընուար Կազայի մէջ Համասի ղեկավարն է եւ կը նկատուի 7 հոկտեմբերի յարձակումը ծրագրողներէն մէկը: Ան նախապէս Իսրայէլի կողմէ ձերբակալուած էր եւ չորս ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած, սակայն 2011-ին գերիներու փոխանակման գործարքի մը ծիրին մէջ ազատ արձակուած էր եւ վերադարձած Համասի զինեալ թեւ Քասսամի փաղանգներու հրամանատարութեան մէջ իր աշխատանքին: Ան 2017-ին, ապա 2021-ին ընտրուած է Կազայի մէջ Համասի ղեկավար:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան յայտնեց, որ Սընուար «միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ շարժումը ներկայ փուլի բնոյթին կը գիտակցի»:

«Բանակցութիւնները կը ղեկավարուէին ղեկավարութեան մէջ, եւ Սընուարը միշտ ներկայ էր: Սընուարը երբեք բանակցութիւններէն հեռու չէ եղած», նշեց Համտան:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Եահիա Սընուարի Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ ընտրուիլը «անակնկալ է եւ Իսրայէլին յղուած պատգամ, թէ ան ողջ է եւ Կազայի մէջ Համասի ղեկավարութիւնը ուժեղ է, կանգուն է եւ պիտի մնայ»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց կոչ ուղղեց Սընուարը «արագօրէն մաքրագործելու»:

«Եահիա Սընուարը Իսմայիլ Հանիէին իբրեւ յաջորդ Համասի գլուխ ընտրելը յաւելեալ պատճառ մըն է զինք արագօրէն մաքրագործելու եւ այս ստոր կազմակերպութիւնը քարտէսէն ջնջելու», յայտարարեց Քաց:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իրանեան բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտելռհիմ Մուսաւի յայտնած է. «Սընուարը Հանիէի յաջորդ ընտրելը կը յստակացնէ այն ուղին, որուն ճամբով Համասը կ՛ուզէ ճակատամարտը շարունակել»:

«Եահիա Սընուարի Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ ընտրուիլը կը նշանակէ, թէ սիոնական գոյացութիւնը պէտք չէ իր ապագային նկատմամբ յոյս ունենայ», նշած է ան:

Հըզպալլան Սընուարի ընտրութեան առիթով շնորհաւորելով Համասը յայտնեց. «Թշնամիին ղեկավարներու սպանութեան ճամբով իրագործել ձգտած նպատակները ձախողեցան»:

Նախորդը

Փութին Խամենիէն Խնդրած Է Իսրայէլին «Զուսպ» Պատասխան Տալ

Յաջորդը

Պլինքըն. «Իսրայէլին Եւ Իրանին Ուղղակի Կերպով Յայտնեցինք, Թէ Ոչ Ոք Պէտք Է Շրջանի Տագնապին Մէջ Մագլցում Կատարէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?