Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Իսրայէլեան Մագլցումին Նպատակը Նախագահ Պայտընի Նախաձեռնութիւնը Խոչընդոտելն Է»

Օգոստոս 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփըն Պարթ Իտէ հեռաձայնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին եւ անոր հետ քննարկեց շրջանը լայնածաւալ պատերազմէ զերծ պահելու վերջին ջանքերը:

Պու Հապիպ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան մագլցումի նպատակը խոչընդոտելն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոզեֆ Պայտընի Կազայի մէջ զինադադարի նախաձեռնութիւնը, որ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց իր թիւ 2735 որոշումով»:

Ան դատապարտեց Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումի ընթացքին դիտաւորեալ կերպով քաղաքայինները թիրախաւորելը, ինչ որ միջազգային օրէնքներու սկզբունքին «բացայայտ ու դատապարտելի» խախտում է:

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը բոլոր առնչակից կողմերուն հետ կը ջանայ նուազեցնել լարուածութիւնը եւ հարցերու վերահսկողութենէ դուրս գալը արգիլել:

Ան նախանձախնդրութիւն յայտնեց պաղեստինեան շահին եւ Կազայի մէջ  զինադադարի մը գոյացման, որ շրջանին մէջ պատերազմի ծագումը կը կանխարգիլէ:

«Նորվեկիան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանին, չ՛ուզեր, որ անիկա մագլցումի նոր ալիքի եւ շրջանին մէջ պատերազմի զոհ ըլլայ», յայտնեց Իտէ:

Նշենք, որ նորվեկիական դիւանագիտութեան պետը երէկ արձագանգեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան իշխանութեան հետ գործող նորվեկիացի դիւանագէտներու դիւանագիտական կարգավիճակի ջնջման` նշելով. «Ասիկա ծայրայեղական արարք մըն է, որ պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու մեր կարողութեան վրայ կ՛ազդէ»:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ Իսրայէլի որոշումը «հետեւանքներ» պիտի ունենայ Նեթանիահուի կառավարութեան հետ Նորվեկիոյ յարաբերութեան վրայ: «Մենք կը սերտենք այն քայլերը, որ Նորվեկիան պիտի որդեգրէ հակադարձելու Նեթանիահուի կառավարութեան ստեղծած կացութեան», նշեց ան:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, որ հրամայած է ջնջել Պաղեստինեան իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու պարտականութիւն ունեցող նորվեկիացի դիւանագէտներու դիւանագիտական կարգավիճակը` նորվեկիական կառավարութեան կողմէ Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր «Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական» քայլերուն պատճառով:

«Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական վարմունքը իր գինը ունի», աւելցուց ան:

Նախորդը

«Լիբանան Ելեկտրականութեան Ոլորտին Մէջ Հսկայական Շրջադարձի Շեմին Է` Սպասելով Իրաքեան Վառելանիւթը Բեռցնելու Օրուան Պաշտօնական Ծանուցման» Կ՛ըսէ Ֆայեատ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Կրնան Մասնակցիլ Ընտրութիւններուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?