Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Ուքրանիա Պատերազմ Բերաւ Եւ Պէտք Է Իր Ըրածը Զգայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

August 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ուքրանական ուժերը կը շարունակեն Ռուսիոյ սահմանամերձ Քուրսք շրջան ներխուժել, Ուքրանիոյ վարչապետ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիա «պատերազմ բերաւ» եւ պէտք է իր կատարածին հետեւանքները զգայ:

«Ռուսիան պատերազմը մեր հողերուն բերաւ եւ պէտք է իր ըրածը զգայ», ըսաւ ան` առանց ուղղակի կերպով անդրադառնալու Քուրսքի մէջ` արձանագրուող զարգացումներուն:

«Ուքրանացիները գիտեն ինչպէս իրենց նպատակները իրագործել: Մենք պատերազմին մէջ մեր նպատակներու իրագործումը չընտրեցինք», ըսաւ ան:

«Կ՛ուզենք մեր նպատակները կարելի եղածին չափ շուտ իրագործել խաղաղութեան ժամանակին, արդար խաղաղութեան ճամբով, եւ անոնք պիտի իրագործուին», աւելցուց Ուքրանիոյ նախագահը:

Զելենսքի Քուրսքի մէջ գործողութեան մասին բաւարարուեցաւ նշելով, որ բանակի հրամանատարէն ստացած է զեկուցումներ, թէ զինուորական գործողութիւնը «ազդու է», եւ «ներկայիս երկիրը անոր կարիքը ունի»:

Ուքրանիոյ նախագահի մէկ խորհրդականը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Քիեւ այժմ կը վերահսկէ Ռուսիոյ սահմաններէն ներս 5 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող կազի չափման կայարանին: Ան նշած է, որ Քիեւ տակաւին իր անդրսահմանեան յարձակումին համար Ուաշինկթընի կողմէ քննադատութեան չէ ենթարկուած:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին օրաթերթին յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն կապի մէջ է Քիեւի հետ` իմանալու համար ռուսական հողերուն մէջ ներթափանցման մանրամասնութիւններն ու նպատակները:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուս զինուորական պլոկըրներուն տուեալներով` Քուրսքի շրջանին մէջ մարտերը այժմ կ՛ընթանան Քուրչաթովէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Քուրչաթովի մէջ կը գտնուի Քուրսքի հիւլէական կայանը, եւ անիկա շուրջ 17 հազար բնակչութիւն ունեցող Լկով քաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռու է: Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ արդէն ամրութիւններ կը կառուցուին:

Ռուսական թելեկրամեան ալիքներուն վրայ նաեւ տեղեկութիւն կը տարածուի, որ «Վակներ»-ի ստորաբաժանումները Ափրիկէէն կը տեղափոխուին Քուրսքի շրջան, որովհետեւ ռուսական բանակը տակաւին չի կրնար Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը դուրս բերել գրաւուած բնակավայրերէն:

Ուքրանական աղբիւրները կը յայտնեն, որ աւելի քան 50 ռուս զինուորներ, ներառեալ ժամկէտային, գերի ինկած են:

«Տը Ինսայտըր»-ը, յղում կատարելով տարբեր աղբիւրներու, ներառեալ տեղւոյն բնակիչները, կը նշէ, որ ուքրանացի զինուորները կրցած են Քուրսքի շրջանին մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ առնել 11 բնակավայր` 350 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Համեմատութեան համար կը նշուի, որ գրաւուած տարածքը մօտաւորապէս այնքան է, որքան Խարքովի տարածքը:

Ուքրանիոյ բանակի սպայակոյտը հաստատեց Լիփեցքիի մէջ զինուորական օդակայանի վրայ յարձակման կազմակերպումը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ օդ-ցամաք հրթիռներով խոցուած են պահեստներ, վառելանիւթի պահեստներ եւ այլ կառոյցներ: Օդակայանին մէջ հրդեհ ծագած է:

Ռուսական լրատուամիջոցներն ու իշխանութիւնները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ Քուրսքի մարզ ուքրանական զօրքերու ներխուժման զուգահեռ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն տարհանել մարզի բնակչութիւնը:

Զինուորական գործողութիւններու դադարներու ժամանակ իշխանութիւնները կը հեռացնեն Քուրսքի մարզի Սուջա քաղաքի բնակչութիւնը:

Ըստ «Ֆորպզ»-ի, Քուրսք ներխուժման կը մասնակցի ուքրանական բանակի ամէնէն ուժեղ զօրամասերէն մէկը` 80-րդ գրոհային զօրամասը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտեն Նորվեկիոյ Դէմ Իսրայէլի Քայլը

Յաջորդը

Քաթարը, Եգիպտոսն Ու Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին Եւ Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` 15 Օգոստոսին Բանակցութիւնները Շարունակելու Տոհայի Կամ Գահիրէի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.